Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռամիլ Սաֆարովի Ազրպէյճանի Յանձնումին Մասին Նամակներ` Հունգարացի Պաշտօտարներու

September 14, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

 

 

 

 

Ստորեւ կու տանք Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան անունով Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանի` Միացեալ Նահանգներու մէջ Հունգարիոյ դեսպան Կիորկի Ազափարիի եւ ՄԱԿ-ի մօտ Հունգարիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Գոսպա քորոսիի ուղղուած նամակի պատճէնը, որ կը վերաբերի Հունգարիոյ կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի Ազրպէյճանի արտայանձնումին:

Ձերդ գերազանցութիւն,

Հայ օգնութեան միութիւնը, Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող կնոջական միջազգային կազմակերպութիւն մը, որ 15 հազար անդամներ ունի 27 երկիրներու մէջ եւ մաս կը կազմէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդին, ցնցուած է պրն. Ռամիլ Սաֆարովի Ազրպէյճանի արտայանձնումով: Ազրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովը, որ 2004-ին Պուտափեշտի մէջ հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը սպաննած էր, Պաքուի մէջ արժանացաւ հերոսի ընդունելութեան եւ ազատ արձակուեցաւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ: Այս քայլերը բացայայտօրէն կ’ոտնակոխեն մարդկային իրաւանց ամէն տեսակի հասկացութիւն:

 

Այն փաստը, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները անպարտ արձակեցին անձ մը, որ կացինի 16 հարուածներով սպաննած էր իր քնացած զոհը` միայն վերջինիս ազգային պատկանելիութեան պատճառով` անակնկալ չէր մեզի համար: Ցնցիչը սակայն Հունգարիոյ մեղսակցութիւնն էր այս անարդարութեան: Այս արարքը ո՛չ միայն Գուրգէն Մարգարեանի եւ անոր ընտանիքի մարդկային իրաւունքներու բռնաբարում մը եղաւ, այլ անիկա պատճառ դարձաւ որ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը անգամ մը եւս վերապրի Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Շուշիի, Պաքուի, Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի ջարդերու սարսափները, երբ հայեր անխնայ ջարդի ենթարկուեցան թուրքերու եւ ազրպէյճանցիներու կողմէ: Աւելի՛ն. մարդկութայն դէմ ուղղուած այս ոճիրները գործադրողները, ոճիրներ, որոնք ընդունուած են իբրեւ Ցեղասպանութիւն, ցարդ պատասխանատուութեան չեն կանչուած եւ իրենց արդար պատիժը չեն ստացած:

 

Վստահ ենք, որ Հունգարիան եւ իր ժողովուրդը կը ցաւին Սաֆարովը Ազրպէյճանի արտայանձնելու իրենց որոշումին համար եւ ճիգ պիտի ընեն այդ սխալը սրբագրելու: Մեր ակնկալութիւնն է, որ Հուգարիան ու հունգարացի ժողովուրդը թիկունք կանգնին Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան, հաստատելով անոր խաղաղ ապրելու իրաւունքը, հեռու` Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն, որոնք, ըստ երեւոյթին, որեւէ պահու կրնան սանձազերծել իրենց «հերոսներ» ու «կացինի ոճրագործներ», հայկական այդ շրջանին դէմ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումը սկիզբ մըն է:

Անհամբեր կը սպասենք Հունգարիոյ այն քայլերուն, որոնք կը միտին ցաւալի այս կացութեան դարմանումին:

Յարգանօք`

ՎԻՔԻ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆ
Ատենապետ
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Նոել Քէշիշեան Եւ Ռիթա Պըսէյպես` Զոյգ Աղջկանց Ախոյեան

Յաջորդը

Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Եկեղեցին Կ՛ենթարկուի Բռնարարքի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.