Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Մարդը Առանձին Չէ

September 14, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Մարդիկ այլեւս առանձին չեն աշխարհի վրայ:

Որովհետեւ գրպանի հեռախօս մը ունին իրենց ձեռքը կամ իրենց գրպանին մէջ:

Շարունակ կը խաբուիմ, երբ կը նայիմ դիմացի պողոտայէն անցնող սա կամ նա մարդուն: Մէկ հոգի է. քովը մարդ չկայ. միս մինակ կը քալէ: Բայց կը լսեմ, որ կը խօսի: Առաջ կը զարմանայի, մարդը ինքն իրեն կը խօսի՞, կ՛երեւի, թէ խենդ է, կ՛ըսէի: Բայց հիմա չեմ զարմանար: Որովհետեւ գիտեմ, որ այլեւս աշխարհի վրայ ինքնիրեն խօսող առանձին մարդ չմնաց: Գրպանի հեռախօսը կայ: Եթէ գրպանի հեռախօս մը ունիս, առանձին չես, որովհետեւ կրնաս հարիւր հոգիի հետ իսկ շաղակրատել:

Բայց գրպանի հեռաձայնով ստեղծուած այս միասնութիւնն ալ մարդոց իրական միասնութեան նման` ունի երկու երեսակներ: Առաջին երեսակը փափաքելի միասնութիւնն է: Փնտռուած միասնութիւնը: Այն միասնութիւնը, որ մարդուս համար հաճելի է: Երկրորդ երեսակը անբաղձալին է, այսինքն` այն միասնութիւնը, կամ այն ընկերակցութիւնը, զոր այդ պահուն ունենալ պիտի չուզէիր: Եթէ փնտռողը դուն ես, ընդհանրապէս կը փնտռես այն անձը, որուն հետ խօսիլ պիտի ուզէիր սիրով: Բայց եթէ ուրիշն է, որ կը փնտռէ քեզ, թերեւս այդ փնտռողը անբաղձալի մէկն է քեզի համար: Ճիշդ ընկերային կեանքէ ներս պատահածին նման: Եթէ դուն ես, որ այցելութիւն կու տաս ուրիշին, ընդհանրապէս կ՛ընտրես այն անձը, որուն այցելել պիտի ուզէիր: Բայց եթէ ուրիշն է, որ կ՛այցելէ քեզի, թերեւս կը ստիպուիս ընդունիլ մէկը, որ քու փափաքածը չէ, որուն երթալը պիտի սպասես անհամբերութեամբ:

Մեր դիմացի պողոտայէն իջնող մարդը, որ ինքնիրեն խօսելու պէս բարձրաձայն կը զրուցէ անտեսանելի մէկու մը հետ, վերի բլուրներէն մինչեւ իր երթալիք տեղը, կրնայ տասը տարբեր մարդու հետ խօսիլ իրարու ետեւէ: Ճամբան թերեւս երկար է, բայց հոգ չէ, ահաւասիկ առանձին չէ այդ երկար ճամբուն վրայ: Ընկեր ունի հեռաձայնին միւս ծայրը: Կը քալէ նոյնիսկ առանց անդրադառնալու, որ կը քալէ, դիմացի մայթը կ՛անցնի` առանց անդրադառնալու, որ դիմաց կ՛անցնի, ինքնաշարժի մը առջեւէն կ՛անցնի` առանց անդրադառնալու, որ ինքնաշարժի մը առջեւէն կ՛անցնի: Խօսելու ընթացքին ձայնը կը բարձրացնէ` առանց անդրադառնալու, որ ձայնը կը բարձրացնէ: Այնքան զբաղած է իր բարեկամին հետ խօսելով, որ իր երթալիք տեղը կը հասնի` առանց անդրադառնալու, որ տեղ հասած է: Ինչպէս ալ այս երկար ճամբան վերջացաւ, ինք ալ չի հասկնար:

Անցեալ օր ինծի այցելութեան եկած էր բարեկամուհի մը, որ կը պատմէր, թէ երկու ամիսէ ի վեր հոս չէր, Ֆրանսա գացած էր եւ դեռ երկու օր առաջ էր, որ վերադարձած էր տուն: Երբ հոն էր, օր մը այստեղի իր մէկ բարեկամուհին զինք փնտռած էր գրպանի հեռաձայնէն եւ ըսած էր, որ իրեն այցելութեան գալ կ՛ուզէ, եթէ տրամադիր է: Ինք ալ ներողութիւն խնդրած էր` ըսելով, որ տունը չէր, այլ Ֆրանսա կը գտնուէր: «Քանի մը օր վերջ պիտի վերադառնամ, քեզ կը փնտռեմ», ըսած էր իր բարեկամուհիին: Բարեկամուհին անշուշտ անակնկալի եկած էր: Անոնք չէին կրցած քով քովի գալ տան մէջ, բայց պահ մը քով քովի եկած էին հեռաձայնի գծով:

Է՜հ, ամէն անգամ որ դիմացի պողոտային վրայ կը տեսնեմ մարդ մը կամ աղջիկ մը, որ ինքնիրեն խօսելով կ՛անցնի-կ՛երթայ, կը յիշեմ այն հեռաձայնի գործիքը, զոր ունէինք հօրենական մեր տան մէջ: Կ՛երեւի, թէ տասնհինգ տարեկան էի այդ շրջանին եւ երանութեամբ կը նայէի Գուրթուլուշի մեր տան սանդուխներէն մէկուն պատին վրայ դրուած գործիքին: Երկու կտորէ կը բաղկանար, մէկը` խօսափող եւ միւսը` լսափող: Ես եւ փոքրիկ եղբայրներս խօսելու իրաւունք չունէինք, արդէն հեռաձայնէն խօսիլ ալ չէինք գիտեր: Մայրս կամ հայրս կը խօսէին. իրենց շրթունքը խօսափողին մօտեցնելով եւ լսափողն ալ իրենց ականջին կռթնցնելով: Ասիկա այն շրջանն էր, երբ երէց եղբայրս Մանչեսթըր կ՛ուսանէր: Մայրիկս կամ հայրս, եթէ անոր հետ խօսիլ ուզէին, հեռաձայնի կեդրոնի օտար երկիրներու հետ խօսելու բաժնին արձանագրել կու տային մեր թիւն ու եղբօրս թիւը, անկէ վերջ կը սպասէին: Երբեմն երկու, երեք ժամ կը սպասէին, մինչեւ որ կապը հաստատուէր: Ինչ անհամբերութեամբ ու երանութեամբ կը խօսէին իրենց որդւոյն հետ` ընդհանրապէս միշտ արտակարգօրէն բարձր պոռալով, որովհետեւ իրենց ձայնը հազիւ թէ կը հասնէր մինչեւ Մանչեսթըր: Ես կը հիանայի այս պատկերին առջեւ, քիչ մըն ալ կը հպարտանայի, որովհետեւ գիտէի, որ այդ շրջանին տակաւին քիչ թիւով մարդիկ հեռաձայնի գործիք ունէին իրենց տուներուն մէջ:

Բայց հիմա փողոցէն անցնող ամէն մարդ հեռաձայն ունի: Ոմանց գրպանին մէջ երկու հատ կայ, որովհետեւ մէկ հատը քիչ կու գայ, որպէսզի իրենց բոլոր բարեկամներուն պատմեն իրենց ամբողջ պատմելիքը: Այսօր մարդիկ այլեւս առանձնութեան մէջ իսկ մինակ չեն, բազմութիւններով շրջապատուած են եւ ասիկա լաւ է, որովհետեւ կ՛երեւի, թէ խօսելու շատ բան կայ:

Անցեալ օր ծովեզերքի կողմէն դէպի վեր կը քալէին տասնչորս, տասնհինգ տարեկան տղեկներու խումբ մը, բոլորին ձեռքին մէջ հեռաձայն մը, բոլորն ալ կը խօսէին նոյն վայրկեանին: Այսպիսի ծիծաղելի կամ հոյակապ տեսարան քիչ կը տեսնուի: Յիշեցի, թէ ես, տասնհինգ տարեկան տղայ, ինչպէս կը հիանայի հեռաձայնով խօսող մեծերուս վրայ: Հիմա ութսունը անցած էի եւ այս անգամ ալ կը հիանայի տասնհինգ տարեկան տղոց վրայ, որոնք հեռաձայնով կը խօսէին:

Յայտնի է, որ ես երբեք պիտի չյոգնիմ հիանալէ: Բայց մէկ բան յստակ է: 65 տարի առաջ մարդիկ շատ հեռու էին իրարմէ: Հիմա առանձին մարդ չէ մնացած:

 

 

Նախորդը

«Արգէոսը` Հօրս Արարատը` Յիշողութեան Հանգոյցներով» (Հեղինակ` Զաւէն Խտըշեան)

Յաջորդը

Մեր Առօրեայէն. Կենսոլորտը Պղտորող Ծխախոտը Եւ Կլկլակը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.