Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհահանդէս Մովսէս Տէր Գալուստեանին Նուիրուած Հատորին. «Ապրող Հերոսներ»-Ու Շարքը Պէտք Է Շարունակուի, Որպէսզի Մեր Քաղաքական Միտքը Սերտէ Պատմութեան Դասերը» Ըսաւ Փրոֆ. Աշոտ Ներսիսեան

September 13, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինին ու գործակցաբար «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան երէկ` չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փրոֆ. Աշոտ Ներսիսեանի հեղինակած ազգային գործիչ Մովսէս Տէր Գալուստեանին նուիրուած հատորին շնորհահանդէսը:

Այնճարի, Պուրճ Համուտի թէ լիբանանեան հայաբնակ զանազան շրջաններէն ժամանած ազգայիններու, միութենական ներկայացուցիչներու, հոգեւոր հայրերու եւ կուսակցական ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինին անունով Եսայի Հաւաթեան: Ներկայացնելէ ետք յայտագիրին գլխաւոր կէտերը` Հաւաթեան նշեց, թէ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական մարմինին եւ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան միջեւ գործակցաբար իրականացած այս ձեռնարկով բացուած կը յայտարարուի Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի Կեդրոնական ձեռնարկներու շարքը: Այս առիթով ան կանխաւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն:

Եսայի Հաւաթեան

Ապա Հաւաթեան բեմ հրաւիրեց «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, որ իր խօսքը փոխանցէ այս առիթով:

Շահան Գանտահարեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան ընդգծեց, որ այս աշխատանքին մէջ ուշագրաւ են կարեւոր խորհուրդներ, որոնցմէ են նախ եւ առաջ Մուսա լերան հերոսամարտն ու իրավիճակը այդ օրերուն: Երկրորդ` մուսալեռցիներու Լիբանան տեղակայումը եւ անոր յաջորդած պատմական կարեւոր փուլերը: Գանտահարեան «եզակի երեւոյթ» որակեց մուսալեռցիներուն եւ անոնց ղեկավարներուն, յատկապէս` Մովսէս Տէր Գալուստեանի ցուցաբերած վճռակամութիւնը, որ յաջողած է յաղթահարել արգելքները, շրջանցել քաղաքական պատնէշները եւ պահպանել ազգային ինքնութիւնը:

Ապա Գանտահարեան բարձր գնահատեց «արժէքային այդ համակարգին յատկացուած հիմնական դեր ստանձնած Մովսէս Տէր Գալուստեան»-ի արժանիքները` իբրեւ ազգային, հասարակական գործիչ:

«Ահա թէ ինչու պատիւ է մեր խմբագրութեան, այս ձեռնարկին մասնակցութիւնը», շեշտեց Շահան Գանտահարեան` նշելով, որ այս հրատարակութեան պիտի հետեւին ուրիշներ ալ, այլապէս` «Հայ ժողովրդական պատմագրութիւնը բացթողում արձանագրած կ՛ըլլայ»:

Ան նաեւ մեծապէս դրուատեց հայրենի պատմագէտ, փրոֆ. Աշոտ Ներսիսեանի նախաձեռնութիւնը` շեշտելով, որ անոր այս հատորը լիարժէք պիտի ծառայէ մուսալեռցիներու եւ առհասարակ հայութեան ձգտումներուն:

Ապա Եսայի Հաւաթեան ընթերցեց հայրենի ակադեմիկոս, փրոֆ. Բաբգէն Յարութիւնեանի խօսքը, ուր ան «անակնկալ» կը նկատէ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիային կողմէ նման հատորի մը հրապարակումը: Լռելեան «մեղադրանքով» փրոֆ. Յարութիւնեան հարց կը դնէ, թէ ինչո՛ւ Մուսա լերան ու առհասարակ հայ ժողովուրդի այս ժամանակաշրջանի պատմագրութեան մէջ անյայտ մնացած  է ազգային հերոս Մովսէս Տէր Գալուստեանի անունը գէթ նախկին խորհրդային Հայաստանի հայութեան համար` այն յոյսով, որ այս հատորի երկրորդ տպագրութեան մէջ կը նշուի պատճառը: Այնուհետեւ Հաւաթեան բեմ հրաւիրեց հատորի հեղինակ փրոֆ. Աշոտ Ներսիսեանը` ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք անոր կենսագրականը: «Ապրող հերոսներ» հատորներու շարքի հեղինակ Աշոտ Ներսիսեան ծնած է

1962-ին, Հայաստանի Թալինի շրջանի Կաթնաղբիւր գիւղը: Անոր պապը Արեւմտահայաստանի Խնուս շրջանէն է եւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրելով հաստատուած է Երեւան: Փրոֆ. Ներսիսեանի պատմագիտական հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութեանց առանցքը կազմած են 19-րդ դարու վերջաւորութեան ու 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան հայ ժողովուրդի մղած ազգային-ազատագրական պայքարն ու անոր անմահ հերոսները, ինչպէս` Գէորգ Չաւուշ, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Կարօ Սասունի, զօր. Սեպուհ, հայր Աբրահամ եւ այլն:

Ապա խօսք առաւ «Ապրող հերոսներ» շարքի հեղինակ փրոֆ. Աշոտ Ներսիսեան, եւ խօսելով այս աշխատասիրութեան մտայղացման ու անոր գործադրութեան պայմաններուն մասին, նշեց, որ պատմաբանը երեք կարեւոր խնդիրներ ունի իր առջեւ` ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ: Ապա ան հանգամանօրէն պատասխանեց այդ «խնդիր»-ներուն` ներկայացնելով ազգային, զինուորական ղեկավար, հասարակական գործիչ Մովսէս Տէր Գալուստեանի կեանքին ու  գործունէութեան հիմնական հանգրուանները:

Փրոֆ. Ներսիսեան ինք եւս շեշտեց, որ Մովսէս Տէր Գալուստեանի անունը անյայտ էր գէթ խորհրդային Հայաստանի հայութեան համար եւ թէ ինք պատահմամբ անոր անունին հանդիպած էր հանգուցեալ դաշնակցական ղեկավար գործիչ Հրաչ Տասնապետեանի հեղինակած ՀՅԴ Պատմութեան ու ռազմավարութեան յատկացուած հատորին մէջ, ուր Մովսէս Տէր Գալուստեան ներկայացուած է իբրեւ «զինուորական վերահսկիչ»: Հոսկէ մեկնելով Մովսէս Տէր Գալուստեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին հատորի մը գաղափարը մտայղացած էր: Փրոֆ. Ներսիսեան նշեց յատկապէս Մովսէս Տէր Գալուստեանի գործունէութեան անդրադառնալու իր նպատակը` ընդգծելով, որ Մուսա լերան, ինչպէս նաեւ զայն կանխած Վանի հերոսամարտերը ցոյց տուին, որ հայ ժողովուրդը, հակառակ բոլոր օրհասական պայմաններուն, գիտէ ապաւինիլ իր սեփական ուժին…

Երկրորդ երեւոյթը, որ խթան հանդիսացած էր հայրենի պատմաբանին այս աշխատութեան նախաձեռնելուն` Մովսէս Տէր Գալուստեանի նկարագիրն էր իբրեւ զինուորական գործիչ: «Մենք պէտք ունինք նոր քաղաքական մտածողութեան», շեշտեց ան` նշելով, որ Մովսէս Տէր Գալուստեանի քաղաքական մտածողութիւնը ներշնչուած էր սեփական ուժերուն ապաւինելու հաւատքէն: «Անոր վերլուծելու կարողութիւնը իսկապէս բացառիկ է», ընդգծեց փրոֆ. Ներսիսեան: Երրորդ` Մովսէս Տէր Գալուստեան արդէն մշակութային գործիչ է: Անոր բանաստեղծութիւններուն մէջ կայ խորհրդապաշտութիւն, ինչպէս` Սիամանթոյի եւ Դանիէլ Վարուժանի բանաստեղծութեանց մէջ, ուր լռելեան հարցադրում մը կայ, թէ «արդեօք ճիշդ չէ՞ դառնալ դէպի հեթանոսական մեր աստուածները…»:

«Ցաւօք սրտի մեր ժողովուրդը տարւում է գեղարուեստականով, աւելի քան պատմագիտական նիւթերով», շեշտեց փրոֆ. Ներսիսեան` եզրակացնելով, որ «Ապրող հերոսներ» հատորներու շարքը պէտք է շարունակուի, որպէսզի մեր քաղաքական միտքը խորանայ ու սերտէ մեր պատմութեան դասերը…

Արփա Սնապեան-Անտոնեան
Զաքար Քէշիշեան

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Մովսէս Տէր Գալուստեանի որդին` տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան, որ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակին, փրոֆ. Յարութիւնեանին, «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան, Յարութիւն Պէրպէրեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին այս հատորի ու անոր շնորհահանդէսի իրականացման: Ան շեշտեց, որ այս ձեռնարկը «յատուկ ու կարեւոր նշանակութիւն ունի ինծի եւ ընտանիքիս համար»:

Այս առիթով գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր նախ եւ առաջ Արփա Սնապեան-Անտոնեան ասմունքեց Մովսէս Տէր Գալուստեանի «Տաճարէն դուրս» խորագրեալ ոտանաւորը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Զաքար Քէշիշեան` թաւշուիի վրայ նուագելով «Օտար ամայի ճամբէքով»-ը:

Աւարտին կայացաւ հատորին գինեձօնը, որմէ ետք հեղինակը մակագրեց գիրքը` փափաքողներուն:

 

Նախորդը

Օրուան Խօսք. Ով Քնած Է` Թող Արթննայ…

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Լիպիոյ Հիւպատոսարանն Ու Եգիպտոսի Դեսպանատունը Յարձակումի Ենթարկուեցան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.