Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Կը Ճանչնանք Թուրք-Ազերին, Կարեւորը` Դաշնակիցներուն Գո՛րծն Է

September 10, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թուրքին ու ազերիին ոճրագործ ուղեղն ու անոր բանելու ձեւը ծանօթ են հայերուս: Ապրած ենք սուլթանական հալածանքներն ու նախճիրները, իթթիհատական ցեղասպանութիւնն ու բռնագաղթը, Պաքուի անցեալ դարասկիզբի նախճիրներն ու դեռ երէկ պատմութեան մէջ կարմիր տառերով արձանագրուած Սումկայիթը, արցախեան աւաններու դէմ գործադրուած մահասփիւռ դաւերը…

2004-ին Հունգարիոյ մայրաքաղաքին մէջ դաշնակից-գործակիցի դիմակին տակ պահուըտած ազերի Սաֆարով մը հարազատ մէկ ներկայացուցիչն է ոճրային նոյն ուղեղին: Այդ ալ գիտցանք, եւ օրին աշխարհին յիշեցուցինք մեր ու ճակատագրակիցներու ապրած դառնութիւնները, թուրքին ու ազերիին դաժանութիւններուն տրուած զոհերը: Այդ բոլորը երեւակայածին դրուագներ չէին, այլ` սեւով ու կարմիրով արձանագրուած իրականութիւններ: Եւ ահա, անբացատրելի եւ անընդունելի պայմաններու մէջ Հունգարիա կ՛անտեսէ փաստացի իրականութիւնները, իբրթէ խաբուելով` Ազրպէյճանի կը յանձնէ ոճրագործ Սաֆարովը, որ հազիւ Պաքու հասած` անպարտ կ՛արձակուի ու դրօշներու ծածանումով կ՛արժանանայ հերոսի դիմաւորումի:

Գիտենք: Թուրքին ու ազերիին համար ոճրագործները ազգային հերոսներ են:  Հերոսի նոյն «պատիւ»-ին չարժանացա՞ւ Հրանդ Տինքի ոճրագործը` Սամասթ, հոգ չէ թէ անդին, հազարաւոր թուրքեր բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն Տինքի սպանութիւնը դատապարտելու համար…

Հերոսի պատուանդանին չբարձրացուեցա՞ն թալէաթները, անոնց համար յուշարձաններ չկանգնեցա՞ն իբրեւ պատմակերտ հերոսներու, թալէաթնե՜րը, որոնց անունին դիմաց արձանագրուած է Ցեղասպան ստորագրութիւնը…

Այս բոլորը գիտենք: Կը տագնապինք, կը յիշեցնենք ու արդարութիւն կը պահանջենք: Մեր պահանջը հնչած է Ցեղասպանութենէն առաջ ու ետք, Պաքուի ջարդերուն առիթով, Սումկայիթի «փոկրոմ»-ի օրերուն, պիտի շարունակէ հնչել մինչեւ մարդկայնութեան վերականգնումն ու արդարութեան տրամաբանութեան տիրապետումը:

Արդարութեան հաստատման համար անհրաժեշտ է, որ թուրքին ու ազերիին բարեկամներն ու դաշնակիցները, անոնց բարեմիտ դերակատարութիւն վստահողները բանան իրենց աչքերը, տեսնեն դառն իրականութիւնները, լսեն դատապարտումի աղաղակները եւ ըստ այնմ պատժամիջոցներ ճշդեն ոճրագործներուն ու անոնց պաշտպան կանգնող նոյ՛նքան ոճրագործ պետութիւններուն դէմ: Իսկ պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ պետական ոճիրները աւելի՛ տարողունակ են ու եռիցս դատապարտելի, քան անհատականները, որոնք, ահա՛ փաստ մը եւս, կը վայելեն իրենց պետութեանց պաշտպանութիւնն ու հովանին, կը նոյնանան անոնց հետ:

Եւ թող ո՛չ ոք համարձակի բարի տրամադրութիւններով լիցքաւորուելու խրատներ տալ մեզի` հայերուս, ի Հայաստան եւ այլուր: Թող ՕԹԱՆ-ի մանկլաւիկ պաշտօնատարներն ու անոնց տէրերը խոստովանին, թէ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը սիրաշահելու իրենց ճիգերը չեն անցնիր ինքնախաբէութենէ եւ ինքնադատապարտումէ անդին, կարելի չէ ոճրագործներ արտադրող ու պաշտպանող Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հագցնել շրջանային իրաւարարի, բարիք տարածողի պատմուճան, երբ անոնց էութիւնը շաղախուած ու կերտուած է ոճիրներով, դարբնուած է ոճիրներու վրայ:

Պատրանքներ չունինք: Թուրքիոյ դաշնակիցի խաղը խաղացողները, յատկապէս Արեւմուտքի մէջ, իրե՛նք ալ գիտեն, ծանօթ են դառն իրականութիւններուն: Գիտեն անցեալի ու այսօրուան պատմութիւնը: Սաֆարովի մը անպարտ արձակումը եւ հերոսացումը կրնայ լոյս ընծայել մինչեւ իսկ կոյր ձեւացողներուն:

Իսկ եթէ արդարութեան մեր պահանջը պիտի մնայ անտեսուած, ատիկա միայն մեր` Հայաստանի ու հայութեան ողբերգութիւնը չէ, այլ դժբախտութիւնն է ողջ մարդկութեան,

Որովհետեւ (պէ՞տք է յիշեցնել արդեօք, որ)`

Ցեղասպանութիւնը ողջ մարդկութիւնը հարուածող ոճիր է, արժանացած է ողջ մարդկութեան դատապարտանքին, եւ ոչ միայն մեր` հայերուս, կամ ցեղասպանական ոճիրներու զոհ դարձած այլ ժողովուրդներու: Ոճիրն ու Ցեղասպանութիւնը իրենց անունով կոչելէ խուսափումի որեւէ խաղ ծիծաղելի է ու նո՛յնքան դատապարտելի կը դարձնէ խաղացողը:

Դժգոհութիւնն ու անբաւարարութիւնը պէտք է անցնին շրթունքի սահմաններէն անդին, արտայայտուին գործնական քայլերով: Մանուկներն անգամ կը մերժեն խաբկանքը:

 

6 Սեպտեմբեր 2012

 

Նախորդը

Սաֆարովի Հարցով Հայութիւնը Կը Շարունակէ Բողոքել Եւ Արդարութիւն Պահանջել

Յաջորդը

Հունգարազրպէյճանական Խայտառակութիւնը Կ՛արդարացնէ Արցախի Անկախութեան Ձգտումը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.