Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

April 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պահրէյնի վարչապետ Խալիֆա պըն Սալման Ալ Խալիֆա իշխանին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` Պահրէյնի մէջ բնակող լիբանանցիներուն դէմ որդեգրուած միջոցառումներուն եւ զանոնք երկրէն դուրս շպրտելու քայլերուն կասեցման համար: Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու է Պահրէյնի կայունութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլի հետ: Քննարկուած են կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ եւ Լիբանանի գաղտնի սպասարկութիւնները ամէնօրեայ դրութեամբ հաղորդակցութեան մէջ կը գտնուին` հակակշիռի տակ առնելու համար Լիբանանէն Սուրիա զէնք մաքսանենգելու գործողութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ երէկ  իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց վերջ տալու Լիբանանի մէջ տիրող  անիշխանութեան` նշելով, որ այդ կացութիւնը կը վնասէ լիբանանեան ներքին քաղաքական իրավիճակին. ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է կազմել հզօր կառավարութիւն մը, որուն առաքելութիւնը ըլլայ վերջ տալ երկրին մէջ տիրող համայնքային ու յարանուանական լարուածութեան:

ՌՈՒՄԻԷԻ բանտէն երեք արգելափակեալներ երէկ կէսօրին փոխադրուեցան հիւանդանոց, որովհետեւ անոնք սուր իրերով իրենք իրենց վնաս հասցուցած էին:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար ցարդ ատեանին կատարած աշխատանքներուն արդիւնքները պիտի յայտարարէ յառաջիկայ մայիս ամսուան աւարտին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անարդար վարուելակերպ կը ցուցաբերէ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահի նկատմամբ: Ան նկատել տուաւ, որ Պըրրի ոչ մէկ քայլի դիմած է` հետապնդելու համար Ժարրահի դէմ կատարուած սուրիական ամբաստանութիւնները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն,    Լիբանանի մէջ արձանագրուած են շարք մը դրական զարգացումներ, որոնք կրնան յանգիլ Ս. Զատկուան տօնէն առաջ կառավարութեան նոր կազմին յայտարարութեան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ տիւրզի ղեկավարը խիստ մտահոգ է Լիբանանի մէջ տիրող կացութեամբ` աւելցնելով, որ երկրին մէջ կառավարութեան գոյութեամբ կամ չգոյութեամբ հանդերձ Ժոմպլաթ մտահոգ է Լիբանանի կացութեամբ:

 

 

 

Նախորդը

ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԹՈՒՐՔ ԴԱՍԱԽՕՍ ՄԸ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ 24 ԱՊՐԻԼԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒԳԻ ՕՐ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵԼ

Յաջորդը

ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութեան Մը Հետ
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութեան Մը Հետ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։