Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդարութեան Եւ Ժողովրդավարութեան Եւրոպական-Հայկական Մարմինի Դատապարտումը

September 7, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան եւրոպական-հայկական մարմինը դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի ներում շնորհելը: Հրապարակուած իր հաղորդագրութեան մէջ մարմինը նշեց, թէ ինչպէս շատ քիչեր կասկածած էին, Սաֆարովի Պաքու վերադարձը եւ անոր գործած ոճիրը շատ մեծ ընդունելութիւն գտան Իլհամ Ալիեւի կառավարութեան եւ վարչակարգին կողմէ: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը խոստացած էր Հունգարիոյ, որ Սաֆարով պիտի շարունակէ բանտարկուած մնալ իր երկրին մէջ, սակայն ազերի սպան պաշտօնի բարձրացում ստացած էր, ինչպէս նաեւ ձրի յարկաբաժին մը, 8 տարուան ամսական եւ հերոսի կոչում:

Այս սպանութեան փաստերը մտահոգութիւն յառաջացուցին Եւրոպական Միութեան, մասնաւորաբար ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին մօտ, որոնք միջորդներն են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին մէջ: Եւրոնեսթ խորհրդարանական համախմբումի գրասենեակի անդամ, Եւրոնեսթ խորհրդարանական համախմբումի փոխնախագահ Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ ազերի մարդասպանը ազգային հերոս հռչակուելէն ետք, հիմա հունգարական շրջանակը եւ ուրիշ եւրոպական երկիրներ պիտի անդրադառնան, թէ ինչո՛ւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները երբեք չեն ուզեր Ազրպէյճանի իշխանութեան տակ գտնուիլ:

Հունգարիոյ կողմէ Սաֆարովի արտայանձնումը պէտք է հրապարակաւ քննադատուի եւ դատապարտուի, եւ պէտք է Պաքուէն պահանջուին բացատրութիւններ` անոր ներում շնորհելու գծով: Սաֆարով պէտք է վերադառնայ բանտ: Եւրոպական աշխարհի համապատասխան չեղող արձագանգը կը խախտէ ո՛չ միայն Եւրոպական Միութեան մարդկային իրաւունքի արժէքները, այլ նաեւ խաղաղութեան եւ Հարաւային Կովկասի համագործակցութեան սկզբունքները:

Եւրոպական-հայկական մարմինի նախագահ, Գասպար Կարամպետեան Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց` նկատի առնելու արժէքները եւ օրէնքները` քարիւղի եւ կազի համաձայնութիւններէն առաջ, եւ դադրիլ ամէն զինադադարի խախտման երկու կողմերուն հանդարտութեան կոչ ուղղելէ:

Նախորդը

Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. Տոքթ. Նազիր Եահիա Խօսեցաւ Եղունգի Շամփինիոնի Հիւանդութեան Մասին

Յաջորդը

Բազմամարդ Բողոքի Ցոյց` Փարիզի Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.