Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

48 Ժամ Ջաւախքի Մէջ

September 5, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԱՆԴ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Ապուլ լեռը

Շատ բան ըսուած է Ջաւախքին օգնելու անհրաժեշտութեան մասին, բայց ընդհանրապէս քիչ ծանօթութիւն կայ տեղւոյն հայութեան պայմաններուն առնչութեամբ: Այս տարուան յունիսին, երեւանեան տաք առաւօտ մը սկսայ ճամբորդութեանս` ծանօթանալու Ջաւախքի քաջ հայերուն:

Ինծի կ՛ուղեկցէր դոկտ. Վահէ Սարգիսեան` պատմաբան, քաղաքական վերլուծող եւ հպարտ ջաւախքահայ մը. Վահէին առաջին անգամ ծանօթացայ 2007-ին` Հայաստան տուած այցելութեան ընթացքին: Այդ ժամանակ ան նոր հրատարակած էր Ջաւախքի պատմութեան մասին իր առաջին գիրքը, Վահէն այժմ Երեւան կը բնակի եւ կ՛աշխատի, բայց յաճախ կ՛այցելէ Ջաւախքի իր մանկութեան գիւղը` Ղարօ, ժամանակ անցընելու իր հօր` Դաւիթին հետ:

Ուղեւորութիւնը երկար է հիւսիսային Հայաստանի ուղիով. ճամբաները հին են, սակայն մանիշակագոյն, կարմիր եւ դեղին ծաղիկներով ծածկուած կանաչապատ լեռներու տեսարանը հաճելի կը դարձնէ ճանապարհորդութիւնը: Հին կապոյտ հանրակառքը, որ մեզ Ջաւախք կը փոխադրէ, լեցուն է իրենց լեռնային հայրենիքը վերադարձող ջաւախքահայերով:

Պատմականօրէն հայաբնակ Ջաւախքը կը գտնուի Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ, ներկայիս Ջաւախքի մէջ բնակող հայերուն ճշգրիտ թիւը յստակ չէ, կը կարծուի, թէ մօտ 100,000-200,000 հայեր կան հոն:

Ջաւախքի սահմանը հասնիլը կը տեւէ հինգ ժամ: Առաջին քաղաքը, ուրկէ կ՛անցնինք Նինոծմինտան է: 19-րդ դարու վերջաւորութեան ռուսերուն կողմէ հիմնուած, նախկին թագաւորական այս սահմանային քաղաքը կը մնայ հայաբնակ, բայց եւ այնպէս երբ կ՛անցնինք քաղաքէն, հոն հայկական ներկայութեան շատ քիչ փաստ կը նկատենք: Ո՛չ մէկ հայատառ խանութի կամ փողոցի անուն, ո՛չ մէկ հայատառ պաստառ:

Նինոծմինտայէն կը շարունակենք Ախալքալաքի ուղիով: Շինարարական հսկայական աշխատանք տեղի կ՛ունենայ` նոր երկաթուղիի կառուցում կը կատարուի, ըստ Վահէին. երկաթուղին մաս կը կազմէ Ազրպէյճան-Վրաստան` Թուրքիա երկաթուղիի, որ կը շրջանցէ Հայաստանը: Երբ ծրագիրը աւարտի երկաթուղին պիտի ամրապնդէ Հայաստանի տնտեսական մեկուսացումը. նոյնքան մտահոգիչ է սակայն այն, որ երկաթուղին մասամբ թրքական սեփականութիւն է, եւ թուրք գործաւորներ բերուած են հոն` աշխատելու եւ ապրելու Ջաւախքի հայ բնակչութեան ապրած շրջանին մէջ:

Դէպի հիւսիս, երբ կը մօտենանք Ղարոյի, ճամբան կը վերածուի ցեխի: Թէեւ միայն քանի մը քիլոմեթր մնացած է հասնելու մեր գացած վայրը, բայց քարքարոտ ճամբան բաւականաչափ  կ՛երկարէ մեր ճամբորդութիւնը: Վրաստանի կառավարութիւնը շատ քիչ ներդրում կը կատարէ Ջաւախքի հիւսիսային գիւղերուն մէջ, ինչ որ մեծ հետեւանք ունի շրջանի հայ բնակչութեան տնտեսական կարողականութեան վրայ:

Ղարոյի մէջ Վահէն ինծի կը ծանօթացնէ իր հօր` Դաւիթին, որ հակառակ կաղալուն ու գաւազանի օգնութեամբ քալելուն, կը փորձէ պայուսակներս շալկել եւ տանիլ դէպի իր տունը:

Տափածղուր

Դաւիթը առանձին կը բնակի: Անդրանիկ զաւակը` Վահէն, իր ժամանակին մեծ մասը կ՛անցընէ Երեւանի մէջ: Իսկ Դաւիթի կինը` Վարդուհին, գացած է օգնելու իրենց կրտսեր զաւակին Գագիկին, որ վերջերս Ռուսիոյ մէջ աշխատանք գտած է: Այսպիսին է պատկերը շատ մը ջաւախքահայ ընտանիքներու: Սահմանափակ տնտեսական առիթները պատճառ կը դառնան Ջաւախքի հայկական գիւղերու դատարկման:

Դաւիթի պարտէզէն քաղուած թարմ գետնախնձորներով, լոլիկներով եւ կանաչեղէնով պատրաստուած ճաշը ուտելով կը ծրագրենք մեր օրը, կ՛որոշենք նաեւ այցելել մօտակայ հայկական եկեղեցի մը, ապա յառաջանալ դէպի Տափածղուր լիճը:

Երբ կը հարցնեմ, թէ կարելի՞ է այցելել տեղւոյն հայկական դպրոցը եւ խօսիլ տնօրէնին հետ, Դաւիթը շուարած կը պատասխանէ` «ո՛չ»:

«Մեր դպրոցներու տնօրէնները իրականութիւնը չեն ըսեր քեզի: Անոնք կը վախնան իրենց աշխատանքը կորսնցնելէ:

«Կինս` Վարդուհին, ուսանած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Ան 32 տարի հայերէն դասաւանդեց մեր դպրոցին մէջ, մինչեւ որ վտարեցին զինք»:

«Աշակերտները ժամանակին կը սորվէին հայերէն լեզու, գրականութիւն, մշակոյթ, պատմութիւն, այդ բոլորը չկան հիմա», կ՛ըսէ Դաւիթ գլուխը օրօրելով:

Վրաստանի կառավարութիւնը կ՛իրագործէ հայ ուսուցիչները տեղական վարժարաններէն վտարելու քաղաքականութիւն` զանոնք փոխարինելով Թիֆլիսէն ուղարկուած «վրացական լեզուի մասնագէտներով»: Բնականաբար, այս «մասնագէտ»-ները ոչինչ գիտեն հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին մասին եւ հայերէն չեն խօսիր:

Կը նստինք Դաւիթի ինքնաշարժը եւ կ՛ուղղուինք դէպի Կարմիր Ժամ` բարձրանալով լեռնային ճանապարհէն: Ուշագրաւօրէն կարմիր այս փոքր եւ փլատակ հայկական եկեղեցին շրջապատուած է կանաչ խոտերով ււ փոքր ծառերով: Փոքր առու մը կ՛անցնի եկեղեցւոյ կողքով: Ժամանակին անիկա ջուր կը մատակարարէր եկեղեցւոյ շուրջը կառուցուած գիւղին, որ այժմ կործանած է: Եկեղեցւոյ դիմացը` հեռուն, հպարտօրէն կանգնած է Ապուլ լեռը իր ձիւնածածկ գագաթներով: Անիկա Ջաւախքի բարձրագոյն լեռն է:

«Այս եկեղեցին կառուցուած է 11-րդ կամ 13-րդ դարուն», կ՛ըսէ Վահէն. «Վստահ չենք թուականէն, բայց կասկած չկայ, որ ճարտարապետութիւնը հայկական է: «Լեզկիներ» (կովկասեան ժողովուրդ մը» գրաւեցին եւ գիւղը հիմնայատակ կործանեցին 17-րդ դարուն»:

Առուին մէջ զովացուած խմիչք մը կը խմենք եւ կը շարունակենք մեր ճամբան Ֆոր ուիլ տրայվ-ով, որ կարծես կը ցատկռտէ դէպի Տափածղուր տանող քարքարոտ ճամբուն վրայ: Երբ Տափածղուրը կը սկսի երեւիլ լեռներուն ընդմէջէն, կը հասկնամ, որ ինչո՛ւ Դաւիթն ու Վահէն պնդեցին, որ անպայման այցելեմ հոս:

Կարմիր Ժամ

Հրաշալի կապոյտ լիճին շուրջի թերակղզիին վրայ կանգնած են Տափածղուրի միայարկանի, քարաշէն տուները: Բնական գեղեցկութիւնը` աներեւակայելի: Կարծէք ժամացոյցին սլաքները քիչ մը աւելի կամաց կը դառնան այս խաղաղ եւ մեկուսացած գիւղին մէջ:

Սակայն Տափածղուրը գաղտնիք մը ունի. գիւղին ետեւէն կ՛անցնի Անդրկասպեան կազատարը: Ազրպէյճանական կազը Թուրքիա եւ աւելի անդին փոխադրելու համար կառուցուած այս կազատարը երկրորդ ծրագիրն է, զոր կը տեսնենք Ջաւախքի մէջ, եւ որ դիտմամբ կը մեկուսացնէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Կազատարին ապահովութեան հսկելու համար գիւղացիի մը գործ հայթայթելէ բացի ծրագիրը ո՛չ մէկ օգուտ ունի Տափածղուրի հայ բնակչութեան համար:

Յաջորդ օրը առաւօտեան Վահէն ինծի կը տանի Թագաւորներու հովիտը, ուր ականատես կը դառնամ Ջաւախքի հարուստ պատմութեան եւ մշակոյթին: Շարունակելով գետին զուգահեռ ընթացող ճամբայէն, կը տեսնենք հայկական եկեղեցիներ եւ պալատներ: Այս լեռնանցքի գիւղերը սակայն խառն բնակչութիւն ունին. հոն կ՛ապրին վրացիներ, աճարներ եւ հայեր:

Հոս է, որ կ՛անցնինք այն ճեղքուած լեռնալանջէն, ուր թրքական ընկերութիւններ եւ աշխատաւորներ կը կառուցեն ջրաելեկտրական կեդրոններ: Այս ծրագիրները Ջաւախքի բնակիչներուն նախաձեռնութիւնը չեն, եւ ոչ մէկ փաստը կայ, որ շրջանի բնակչութիւնը պիտի օգտուի անոնցմէ:

Վերադառնալով նոյն գետեզերքին ճամբէն` կը հասնինք Ախալքալաք` Ջաւախքի մայրաքաղաքը: Անկարելի է ժխտել առեւտրային եւ մշակութային կեդրոն հանդիսացող այս քաղաքին հայկական ինքնութիւնը: Փոքր հրապարակին մէկ ծայրը կայ հայկական յուշարձաններով լեցուն պարտէզ մը: Միւս կողմը 19-րդ դարու Ս. Խաչ հայկական եկեղեցին է, իսկ կեդրոնը կանգնած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի արձանը` ձեռքին հայկական այբուբենի 36 տառերը:

Սակայն ամէն ինչ այնպէս չէ, ինչպէս որ կը թուի: Միայն հին խորհրդային շրջանէն մնացած ցուցանակներ են, որ կը կրեն հայերէնով գրուած փողոցներու անուններ: Նորերը բոլորն ալ վրացերէն են: Առեւտուրի խանութներուն քիչերը միայն հայերէնով գրուած նոր ցուցանակներ ունին: Անոնց տէրերուն մեծ մասը ընտրած են վրացերէն տառերը: Հին հայկական համալսարանի տարածութիւնը փոքր է, եւ թոյլտուութիւն չէ տրուած զայն ընդարձակելու: Մինչ այդ, նոյն փողոցին վրայ` աւելի վար, կը կառուցուի նոր, բազմայարկանի վրացական համալսարան մը:

Յստակ է, որ վրացական ազդեցութիւնը կը փոխէ Ախալքալաքի եւ Ջաւախքի հայկական նկարագիրն ու դիմագիծը:

Ջաւախք մեր այցելութիւնը կը մօտենայ իր աւարտին, եւ մենք կ՛ուղղուինք դէպի Հայաստանի սահմանը: Կը սկսիմ մտածել վերջին երկու օրերու փորձառութեանս եւ ջաւախքահայութեան առօրեայ հիմնախնդիրներուն մասին: Ջաւախքի բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ ընկերային-տնտեսական դժուար կացութիւն: Ճամբաները վատ վիճակի մէջ են, աշխատանքի շատ քիչ առիթներ կան, եւ առեւտուրը սահմանափակ է: Այս բոլորին կողքին, Ջաւախքի հայերը կը ստիպուին իրենց մայրենի լեզուն մոռնալ` ի շահ վրացերէնի: Դպրոցները այլեւս հայ աշակերտներուն չեն փոխանցեր այն հայկական ուսումը, զոր ստանալու իրաւունք ունին իրենք: Այսպէս, ամբողջ նոր սերունդ մը դժուարութիւն կը դիմագրաւէ հայ մնալու` պատմականօրէն հայաբնակ այս շրջանին մէջ:

Թէեւ Ջաւախքի հայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն լուծումը բաւական բարդ է, բայց եւ այնպէս Դաւիթ իր գաղափարը կու տայ այս ուղղութեամբ: Երբ իրեն կը հարցնեմ, թէ ի՞նչն է, որ զինք պիտի քաջալերէր Ջաւախքի մէջ մնալու, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, զորս կը դիմագրաւէ շրջանն ու անոր բնակչութիւնը, Վահէ կ՛ըսէ. «Պէտք է պարզապէս մեզ ձգեն մեր վիճակին, եւ պէտք է աւելի ազդեցիկ ներդրում ու ըսելիք ունենանք այն որոշումներուն մէջ, որոնք մեր վրայ կ՛ազդեն»:

Նախորդը

Լրագրողին Օրագիրէն. Բարեւագիր Ռ. Հատտէճեանին

Յաջորդը

Այսօր Հայաստանի Երիտասարդներու Հաւաքականը Կը Սկսի Իր Ուսումնամարզական Հաւաքին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.