Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրենէօց Սիրանէք. Լուսանկարիչ, Շարժապատկերի Արտադրող, Փաստաբան

September 3, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԷԼԻՍԱ ԳԱՐԱՆԵԱՆ

Իրենէօց Սիրանէք

Վերջին տասնամեակներուն` յատկապէս Հայաստանի անկախացումէն ետք, միջազգային գետնի վրայ հայ ժողովուրդի բարեկամներուն թիւը բազմացած է ու Հայաստանի հանդէպ  հետաքրքրութիւնը աւելցած է: Անոնց մէջ կան ոմանք, որոնք զգացական գետնի վրայ ի սկզբանէ համակրանք ու սէր ունեցած են հայ ազգային մշակոյթին հանդէպ: Ասոնցմէ է լեհ վաւերագրական ժապաւէնի բեմադրիչ եւ արուեստագէտ լուսանկարիչ Ի. Սիրանէք, որուն ստեղծագործական կեանքի մասին կը պատմէ ստորեւ տրուած ակնարկը:

Խոր Վիրապ

Իրենէօց Սիրանէք ունի մէկը այն կենսագրութիւններէն, որոնց կրկին անգամ նայելու հարկ կը զգայ մարդ: Եւ այդ ակնարկը առնչուած է վերջին տասնամեակին ընթացքին անոր մասնագիտական իրագործութեանց քանակին եւ ուժգնութեան: Աւելի՛ն. ասիկա կապ ունի անոր կենսագրութեան առաջին տողերուն հետ, անոնց, որոնք կը պատասխանեն «ո՞վ» եւ «ի՞նչ» հարցումներուն: Ան ծնած է Վարշաւիոյ մէջ, Լեհաստան: Սիրանէք ներկայիս որպէս լուսանկարիչ եւ շարժապատկերի արտադրող կը գործէ Դանիոյ մէջ: Անոր նախասիրած նի՞ւթը` Հայաստան:

Լեհաստանի մէջ մեծցած ըլլալով` Սիրանէք հրապուրուած է հայոց պատմութեամբ ու մշակոյթով: Ան գիտակից է ամէն ինչի, որ հայկական է, եւ անոր այս գիտակցութիւնը կը պարտինք այն իրողութեան, որ ատենօք Լեհաստանի մէջ կար կենսունակ հայկական գաղութ մը, թերեւս մեծագոյնը` Հայաստանէն դուրս: Այսօր այդ գաղութը որոշ իմաստով վերածնունդ կ՛ապրի` Խորհրդային Միութեան փլուզումին լոյսին տակ հայ գաղթականներու դէպի Լեհաստան հոսքին պատճառով:

Դանիա

Սիրանէք կը նշէ քանի մը պատմական, մշակութային եւ քաղաքական կապեր` հայ եւ լեհ ազգերուն միջեւ, բացայայտելու համար այն լռելեայն հասկացողութիւնը եւ կապը, զորս ինք կը զգայ, թէ առկայ է երկու ժողովուրդներուն միջեւ: «Հայրենասիրութիւն, օտար յարձակողներու եւ զաւթիչներու դիմադրութիւն եւ մեր գեղեցիկ երկիրներուն հանդէպ ռոմանթիք զգացումներ… ասոնք մեր երկուքին միջեւ հասարակաց կարգ մը տարրերը», կ՛ըսէ ան:

«Ժապաւէններս այդ զգացումներուն մէկ խառնուրդը կ’արթնցնեն` ցոյց տալով երկրին եւ ճարտարապետութեան գեղեցկութիւնն ու բանաստեղծականութիւնը», կը շարունակէ Սիրանէք:

«Այն զգացումները, զորս գտայ ժապաւէններս դիտող ակնդիրներուն մէջ, ճշգրտօրէն կը համընկնին իմիններուս` որպէս արուեստագէտի»:

Յետադարձ Ակնարկ

Ռուզաննա

Լուսանկարչութեան եւ ֆիլմարուեստի իր գործին սկսելէ առաջ Սիրանէք թմբկահար էր: «Հայկական ժողովրդական երաժշտութիւնը միշտ առինքնած է զիս», կը յիշէ ան: 1997-ին ան փոխադրուած է Դանիա, ուր անմիջապէս սկսած է աշխատիլ որպէս լուսանկարիչ: Յաջորդ տարին հանդիպած է իր ապագայ տիկնոջ` Ռուզաննա Վարդանեանին: «Այդ վայրկեանէն կեանքս փոխուեցաւ», կ՛ըսէ Սիրանէք, մեթրոյին մէջ իրենց պատահական հանդիպումին մասին խօսելով. «Նոր ներշնչումներ, նոր ծրագիրներ եւ նոր հայեցակէտեր մարմին ստացան», կ՛ըսէ ան:

Ռուզաննան անգլերէնի ուսուցչուհի է եւ` մալթիմիտիայի արուեստագիտուհի: Իրենց հանդիպման ատեն ան Դանիա եկած էր հայ արուեստագէտներու համար ցուցասրահ մը ստեղծելու եւ տնօրինելու նպատակով: Սիրանէք տպաւորուած էր ո՛չ միայն Ռուզաննայով, այլեւ արուեստագէտներուն գործերով, որոնք խորացուցին հայ մշակոյթին հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը: Այս հանդիպումէն ծնաւ Սիրանէքի առաջին ուղեւորութիւնը դէպի Հայաստան, 2003-ին: «Այդ երկրին հանդէպ սէրս ծաղկեցաւ», կ՛ըսէ ան, «եւ անիկա եղաւ երազներուս եւ նուիրումիս երկիրը, մինչ սկսայ գտնել երկրին եւ ժողովուրդին հոգիի հարստութիւնը, գեղեցկութիւնը»:

Սիրանէք ապա սկսաւ իր զգացումները թարգմանել լուսանկարներու շարքերու, վաւերագրական տեսերիզներու միջոցով, որոնք այդ տարին իսկ ցուցադրուեցան Դանիոյ մէջ` հայկական գաղութին կողմէ կազմակերպուած միջոցառումի մը ընդմէջէն: Ակնդիրներու դրական անդրադարձը քաջալերեց Սիրանէքը` իր գործը յաջորդ մակարդակին տանելու: 2004-ին ան ձեռնարկեց վաւերագրական տարածուն գործի մը` Հայաստանի մէջ, եւ նկարեց նիւթերու ու վայրերու այլազան հաւաքածոյ մը: «Ժամանակս կ՛անցընէի մարդոց հետ` հին եկեղեցիներու պատերուն միջեւ, ուր պատմութիւնը, գիտութիւնը եւ ցաւը քարերուն վրայ գրուած են», կը յիշէ ան:

Մինչեւ  2005 Սիրանէք արդէն արտադրած էր ինը կարճ ժապաւէններ` Հայաստանի մէջ կեանքի զանազան մարզերուն մասին: Ան նաեւ ստեղծած է հեռատեսիլի յատուկ քանի մը ժապաւէններ, որոնք սփռուած են Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Սիրանէքի գործերուն հանդէպ ժողովրդականութիւնն ու քննադատներու հետաքրքրութիւնը հետզհետէ աճեցաւ եւ 2006-ին ան հրաւիրուեցաւ մասնակցելու Երեւանի մէջ կայացող շարժապատկերի Ոսկէ ծիրան միջազգային փառատօնին` հանդէս գալով ելոյթ ունենալու ցուցահանդէսով մը, որուն խորագիրն էր «Լոյս եւ ստուեր սրտիս մէջ կը պարեն»: Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէր տեսերիզ մը եւ մեծաթիւ լուսանկարներ` հայկական ու դանիական բնութենէն: Ցուցահանդէսի գործերը դիտուեցաւ հազարաւոր անձերու կողմէ, եւ անիկա բարձր գնահատուեցաւ տեղական թէ միջազգային մամուլին կողմէ:

Դէպի Ապագայ

Վերջերս Սիրանէք ամբողջացուց ժապաւէն մը` դանիական հեռատեսիլին համար պատրաստուած, ուր կը ներկայացնէ DanArmen.dk-ը` մարդասիրական կազմակերպութիւն մը, որ մեծ քանակութեամբ ապրանք կը ղրկէ Հայաստանի զանազան շրջանները: Սիրանէք կ՛ըսէ, թէ կը սիրէ Հայաստանի մէջ ըլլալ, արձանագրելու համար ծրագրին դրական ազդեցութիւնը` տեղական համայնքներու վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրացնել նշեալ կազմակերպութեան համար նուիրահաւաքի արշաւը: Սակայն` «Դժբախտաբար, ներկայիս դրամ չկայ, որ գործս Հայաստանի մէջ շարունակեմ», կ՛աւելցնէ ան: Այսուամենայնիւ, Սիրանէք կը շարունակէ կարեւոր դեր խաղալ ծրագիրին յաջողութեան մէջ: Ներկայիս ան կը պատրաստէ երկու թերթիկներ, որոնք ցոյց պիտի տան նպաստ ստացող տեղական համայնքներու տնտեսական զարգացումը: Այս հում նիւթերը, ինչպէս նաեւ Սիրանէքի տեսերիզները, իրագործուած են սերտ գործակցութեամբը Ռուզաննայի, որ իր կարգին կատարելագործուած դաշնակահարուհի եւ տեսերիզ նկարահանող է:

Սիրանէքներու հայկական վաւերագրական ժապաւէնները սիրոյ արարքներ են, իրենց նիւթական ներդրումով մէջտեղ եկած: Սիրանէք կ՛ըսէ, թէ այժմ ան կը ջանայ նիւթական աղբիւրներ գտնել, եւ այդ` իր ժապաւէնները հայկական հեռատեսիլի կայաններու տալով, ինչպէս նաեւ իր գործերուն տի. վի. տի.-ները ծախելով: Անոր նպատակն է նոր ու թարմ ծրագիրներու ծախսերը հոգալ. «Հայաստանի մէջ մեր աշխատանքները շարունակել եւ ատոր համար առիթ ու աղբիւր գտնելը երազ է», կ՛եզրակացնէ ան:

 

 

 

Նախորդը

Ներկայէն Անդին. Նիլ Արմսթրոնկ. Բոլոր Ժամանակներու Ամերիկացի Մեծագոյն Հերոսներէն Մէկը Կը Հեռանայ Այս Աշխարհէն

Յաջորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Լուսապսակ Սուրբեր. Վ Ա Հ Ա Ն Գ Ո Ղ Թ Ն Ա Ց Ի* Քաջ Նահատակ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.