Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրը Օրին. Տարածենք Վարակը

August 31, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի երեկոյ մասնակից եղայ ժողովի մը, որ ոգեւորեց զիս: Համայնքի մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող կառոյցի մը պատասխանատուներու հաւաքն էր, որուն ընթացքին աշխատանքային նոր ոճի մը, գործելակերպի նոր մօտեցումի մը մասին կը ծանուցուէր:

Նոր ոճ, նոր մօտեցում առաջարկելով ու մշակելով` կազմակերպութեան պատասխանատուները յստակօրէն կ՛արտայայտէին իրենց անբաւարարուածութիւնը նախկին ոճէն, նախկին մօտեցումէն եւ շեշտը կը դնէին թարմացման անհրաժեշտութեան վրայ` իբրեւ նոր մակարդակով աշխատանքներ իրագործելու նախապայման ու մեկնակէտ:

Միութենական կեանքի բաւական մեծ տարիք ունենալով` կը գիտակցիմ, որ վարչական պատասխանատուներու կողմէ գործելակերպի նոր ճանապարհներու որոնումը ինքնին դրական քայլ է, սովորամոլութիւն դարձած եւ իբրեւ այդպիսին` իմաստազրկման վտանգ դիմագրաւող կազմակերպչական առօրեան նոր աշխուժութեամբ ներարկելու փորձ է:

Այս փորձին արդիւնաւորումը կախեալ է հաւաքի մասնակիցներուն վերաբերմունքէն` փոխանցուող պատգամը ի՛նչ տարողութեամբ ընկալելու եւ անոր որքա՛ն լրջութեամբ մօտենալու իմաստով: Բարեբախտաբար, ոչ մէկ հիմք կայ կասկածելու, թէ մասնակցողները կրնան թեթեւօրէն վերաբերիլ առաջարկուած գաղափարներուն նկատմամբ: Աւելի՛ն. թէ՛ մեր համայնքին, եւ թէ՛ մեր ազգին ու հայրենիքին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն տարողութիւնը, զանոնք դիմագրաւելու համար մշակուած աշխատանքային ծրագիրի յստակութիւնն ու նպատակասլացքը բաւարար հիմք կը հանդիսանան մեզ լաւատեսութեամբ լեցնելու ու անմիջական յաջորդող օրերուն իսկ որակական փոփոխութիւններու ճամբայ բանալու:

Պարզ ու մեկին: Ես այս հաւաքին մասնակցողներէն ըլլալով` իմ ոգեւորութիւնս կ՛ուզեմ կիսել իմ ընկերներուս, շրջանակիս ու այս սիւնակի ճամբով նաեւ` ընթերցողներուն հետ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակիօրէն կապուած են մեր միութենական կեանքին, որոնք ունին իրենց ակնկալութիւնները եւ սպասումները, որոնք, իրենց կարգին, իրենց ոգեւորութեամբ կրնան խթանել ընդհանուր աշխատանքը: Պարզապէս ոգեւորութեան վարակը տարածելու խնդիր կայ, եւ ես սիրով կը ստանձնեմ վարակակիրի պարտականութիւնը ու կը փոխանցեմ զայն աջ ու ձախ:

 

23 օգոստոս, 2012

Նախորդը

Ճատրակ. Միջազգային 40-րդ Ողիմպիական. Հայաստանի Տղաքը Յաղթեցին, Աղջիկները Պարտուեցան. Լիբանանի Զոյգ Կազմերը` Յաղթական

Յաջորդը

Տեղի Ունեցած Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. Յայտարարեց Լիբանանի 35-րդ Միջազգային Ռելիին Կայացումը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.