Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՀՄԸՄ-ական Խմբապետական 6-րդ Համագումարի Փակում

August 30, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած եւ անոր Սկաուտական կեդրոնական յանձնախումբին կազմակերպած ՀամաՀՄԸՄ-ական խմբապետական 6-րդ համագումարին եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 24 օգոստոս 2012-ին, Ծաղկաձորի «Կեչառիս» պանդոկին մէջ:

Համագումարը հինգ օրերու ընթացքին քննարկեց ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն մէջ բոլոր կարգերու գիտելիքներու միջոցով փոխանցուող կրօնական, ազգային, միութենական, քաղաքացիական եւ սկաուտական դաստիարակչական ծրագիրները, յետ ուսումնասիրութեան կատարեց անհրաժեշտ արդի պատշաճեցումներ:

Շրջաններու մէջ գործող խմբապետական կազմերու համար անխուսափելի նկատեց այս քառամեակին եւս իրագործել, անցեալի փորձառութեամբ եւ մասնակի բարեփոխումներով, խմբապետներու վերաորակաւորման դասընթացքներ` առաջադրելով, որ անոնք կատարուին ցամաքամասային դրութեամբ:

Համագումարը խոր համոզումով ընդառաջ գնաց Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող Արարատեան կարգին, որուն առաջադրանքն է խմբապետներ ղեկավարող խմբապետ պատրաստել:

Հիմնուելով 9-րդ ընդհանուր բանակումի արձանագրած յաջողութիւններուն վրայ` համագումարը ներկայացուց նոր գաղափարներ յաջորդ բանակումին համար` յուսալով, որ կարելի դառնայ Բիւրականի սեփական բանակավայրի կողքին հայրենի պետութեան կողմէ տրամադրուած հողաշերտը օգտագործելի դարձնել:

Սկաուտական ընդհանուր կանոնագրութեան գլուխին տակ, համագումարը բանաձեւեց յօդուածներու բարեփոխման առաջարկներ, որոնք պիտի փոխանցուին յառաջիկայ Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովին` առ ի վաւերացում:

Համագումարը իր օրակարգի քննութեամբ կանգ առաւ ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան վրայ, որ կը նկատուի ՀՄԸՄ-ի առաջնահերթ առաքելութիւնը: Արդ, անոր նպատակէն թելադրուած, համագումարը որոշեց նոր սերունդին փոխանցել հայկական բոլոր արժէքները:

Մարդուժի պատրաստութեան հրամայականին դիմաց, համագումարը անդրադարձաւ այժմու ընկերութեան հոլովոյթին եւ տնտեսական պայմաններու ստեղծած դժուարութեանց պատճառով հաւաքական կեանքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու կարեւորութեան:

Համագումարը շեշտեց նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն ունենալիք ներդրումին եւ ստանձնելիք պարտաւորութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ ունեցաւ իրագործելի գաղափարներ ի խնդիր Հայ դատին:

Տեղին է արձանագրել, որ վերոյիշեալ բոլոր բանաձեւերը կը համընկնին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ռազմավարական յանձնախումբի ծրագիրներուն:

Եզրափակիչ արարողութեան ընթացքին, շրջանները իրարու միջեւ փոխանակեցին յուշանուէրներ` վառ պահելու համար համագումարին ապրուած օրերն ու անոր թելադրութիւնները: Խմբապետները իրենց շրջաններուն անունով յանձնեցին յուշանուէրներ Կեդրոնական վարչութեան` խոստանալով անվհատ կամքով գործել ի խնդիր նոր սերունդի առողջ դաստիարակութեան:

Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան յանուն Կեդրոնական վարչութեան շրջաններուն եւ Սկաուտական կեդրոնական յանձնախումբի անդամներուն յանձնեց համագումարի յուշանուէրը, որ կը խորհրդանշէր 100-ամեակը հայ սկաուտութեան, որուն ռահվիրան ՀՄԸՄ-ն է:

Կարպիս Գապասագալեան խօսք առնելով նախ եւ առաջ գնահատեց շրջաններու մասնակցութիւնը` ընդգծելով մասնակից խմբապետներու աչալուրջ եւ հետեւողական մասնակցութիւնը համագումարի աշխատանքներուն: Ան բարձր գնահատեց Սկաուտական կեդրոնական յանձնախումբի կազմակերպական ու անթերի գործակցութիւնը, որուն շնորհիւ համագումարը հասցուց իր յաջող աւարտին: Ապա, խօսքը ուղղելով յանձնախումբի անդամներուն եւ շրջաններու խմբապետներուն, թելադրեց փոխադարձ գործակցութեամբ եւ յարատեւ աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ` հաւաքական ու միակամ ճիգերով յաջողցնելու համագումարի հինգ օրերու սպառիչ ծրագիրներու իրագործումը` խօսքը գործի վերածելու անշահախնդիր արժեւորումով, ի փառս ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերու վերելքին:

Ցտեսութեան երգով` աննկուն շղթաներ կազմած մասնակիցները հրաժեշտ առին իրարմէ:

 

 

Նախորդը

«Աղօթարար Կը Սպասենք Սրբազան Քահանայապետին» Կ՛ըսէ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքը` Վատիկանի Ձայնասփիւռի Կայանին

Յաջորդը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Ոչ Յանձնառուների Շարժումը` Նոր Դերակատարման Հեռանկարով…

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.