Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիահայութիւնը Սփիւռքին Համար

August 23, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Հայ անհատը քաղաքականացման իր լաւագոյն ու ամէնէն յառաջդիմական միջավայրը գտած է սփիւռքի հայրենամերձ գաղութներուն մէջ: Այդ գաղութները ցարդ եղած են քաղաքական մեր մտածողութեան ու զարգացումի միակ հնոցները: Հոն, օրինակի համար, գաղափարական բախումները լայն դաշտ բացած են քաղաքական կենսունակութեան եւ գիտակցութեան մեր զարգացումին, նոյնիսկ դաշնակցական միտքի անկախութիւնը այդ միջավայրին մէջ «հակադաշնակցական» ըլլալու ուժականութեամբ հարստացած է: Դժբախտաբար Արեւմուտքի քաղաքական մեր մտածողութիւնը տակաւին չէ գտած ուժականութեան այս գաղտնիքը: Նախ` որովհետեւ միջպետական յարաբերութիւններու սահմանափակումներէն անդին չենք կրցած անցնիլ քաղաքական մեր տրամաբանութեան մէջ, ապա նաեւ` դիւանագիտական մեկնաբանութիւններով միայն սահմանած ու արժեւորած ենք հայուն քաղաքական գործը:

Միջին Արեւելքի ուժական եւ սփիւռքի հիմնական խարիսխներէն է սուրիահայ գաղութը: Հայերէն խօսող, հայերէն մտածող եւ հայերէն արտադրող սփիւռքի վերջին պատուարը` սուրիահայ գաղութը, սփիւռքի հիմնական բաղկացուցիչ մասնիկն է` իր կազմակերպական եւ քաղաքականացման կեանքով: Իր ընթացիկ առօրեայով իսկ սուրիահայութիւնը կ՛երաշխաւորէ սփիւռքի քաղաքական գոյութիւնը, որովհետեւ այդ գոյութիւնը ներքին պատկանելիութեան հարց է եւ քաղաքական զարգացման բնական ընթացք կը ճշդէ սփիւռքին համար: Աւելի դիպուկ խօսքով` հայրենամերձ մեր գաղութները քաղաքականացման կեդրոններ են, չըսելու համար` կեթոներ, ուր հայ անհատը իր քաղաքական կեանքը շաղկապած է իր առօրեային: Մնացածը` Արեւմուտքէն եկող դիւանագիտութիւն է եւ շատ ալ կապ չունի քաղաքականացման գործին հետ:

Այս մեկնակէտով պէտք է քննել սուրիահայ գաղութին արժէքը եւ անոր ներկայ տագնապը: Այդ տագնապը դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է մարդկային ու նիւթական մեր բոլոր միջոցները գործածել, որպէսզի կարենանք պահել սփիւռքի քաղաքական կառուցուածքին հիմնական այս խարիսխը: Ու անդրադառնալ նաեւ այն իրականութեան, թէ` «Սուրիոյ մէջ հաստատուած հայերը Սուրիոյ քաղաքացիներ են ու կը շարունակեն մնալ կապուած Սուրիոյ` տէր կանգնելով իրենց պարտաւորութիւններուն ու իրաւունքներուն», ինչպէս Արամ Ա. վեհափառը յայտարարած է իր պատգամներէն մէկուն մէջ: Սուրիահայութեան քաղաքականացումը, վերջին հաշուով, տեղայնական ուժգնութիւն է, գոյատեւում է, որ պէտք չէ շփոթել սփիւռքի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն հետ:

Սփիւռքի բազմաւորութիւնը, բազմակառոյց իրավիճակը (աւելի ճիշդ է ըսել` բազմակազմակերպուած գոյութիւնը, որովհետեւ սփիւռքը ինքնին հաստատուած կառոյց մըն է արդէն իր բազմակազմակերպուածութեամբ), ինչպէս նաեւ իր ներքին յարաբերութիւնները եւ մանաւանդ Սուրիոյ նման հայրենամերձ գաղութներու ներամփոփ քաղաքական ուժականութիւնը յատուկ երեւոյթ կու տան անոր ազգային գոյութեան եւ անդրպետական իրավիճակին:

Տեղին է աւելցնել, որ սփիւռքի ներկայ վիճակը կարելի չէ բարելաւել կառուցային տարբեր դասաւորումով մը, որովհետեւ դիւանագիտական հաշիւներով չի կառուցուիր սփիւռքը, կամ կարելի չէ արտաքին յարաբերութիւններու մտահոգութիւններէն մեկնած` փորձել ներքին կառուցողական միտքեր եւ տրամաբանութիւն յառաջացնել: Սփիւռքի իրականութիւնը կարելի է արժեւորել միայն իր ներքին բաղկացուցիչ մասնիկներով: Յաճախ կը լսենք, օրինակ, սփիւռքին համար ներկայացուցչական մարմին մը յառաջացնելու գաղափարը: Հոս արդէն կը գործէ նուիրապետական տրամաբանութիւնը, կամ` այն ենթադրութիւնը, որ հայը աւելի կազմակերպուած ու աւելի իրաւական երեւոյթ պիտի առնէ կեդրոնաձիգ կառոյցով: Կայ նաեւ այն առարկութիւնը, թէ աւանդական կուսակցութիւնները (արդէն քաղաքական տհասութիւն մը կայ «աւանդական կուսակցութիւններ» դրուածքին մէջ) հինցած եւ դասական գործելաձեւով անկարող են արձագանգելու երիտասարդական եւ քաղաքացիական արդի պահանջներուն:

Ամէնէն կարեւորը` մտածողութեան մեր տարածքին մէջ նախ ճանչնալն է հայկական սփիւռքի` իբրեւ սփիւռք ինքզինք կազմակերպելու կարողութիւնը: Այս մտածողութեան մէջ պատրանք է պատկերացնել այսպէս կոչուած ժողովրդավար ընտրութիւններով ներկայացուցչական մարմին մը սփիւռքին համար: Մեր քաղաքական ներկայ դրուածքը նախ կը թելադրէ, որ սփիւռքը, իբրեւ ոչ երկիր համակարգ, չի կրնար յենիլ անհատներու վրայ` իբրեւ քուէարկող բաղկացուցիչ մասնիկները իր հաւաքականութեան, եւ ոչ ալ նուիրապետական է իր կառուցուածքով: Այլ խօսքով, գաղութներու եւ կազմակերպութիւններու այսպէս կոչուած քաղաքական նուազագոյն միաւորներէն անդին, հայ անհատը քուէ տուող բաղկացուցիչ մասնիկը չէ սփիւռքին:

Սփիւռքի ներկայ բազմաթիւ եւ բազմատեսակ փոփոխութիւններուն մէջ կարեւոր է անդրադառնալ այն բանին, որ կազմակերպութիւնները, յատկապէս` կուսակցութիւնները, աւանդութիւններ ունին եւ այդ աւանդութիւններու ուժականութիւնը լաւագոյն երաշխիքն է դիմագրաւելու համար փոփոխութիւններու մարտահրաւէրը:

Սփիւռքի բազմաւորութիւնը, բազմակազմակերպուածութիւնը ինքնին բնական դասաւորում են` իր գոյութիւնը երաշխաւորող: Գաղութներու եւ կազմակերպութիւններու բազմազանութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց հորիզոնական եւ ներքին յարաբերութիւնները կառուցային իմաստ ունին եւ կը պահեն սփիւռքին ուժական դիմագիծը:

Այս կառոյցին մէջ սուրիահայ գաղութը` իր ներքին ուժականութեամբ, քաղաքական հիմնական բաղկացուցիչներէն է ամբողջ սփիւռքին, եւ հետեւաբար, Հրանդ Մարգարեանի եզրակացութեամբ` սուրիահայ «գաղութը պէտք է գոյատեւի, գաղութը պէտք է չկորցնի իր կենսունակութիւնը եւ սա կարծեմ, թէ հիմնական հարց է»:

 

 

 

Նախորդը

Պէյրութ, Տուպայ, Կիպրոս, Հայաստան «Գողգոթայից» Մինչեւ «Տիգրան Մեծ» (Ճամբորդական Յուշագրութեան Էջերից)

Յաջորդը

Հեռուստամարաթոն` Սիրիահայութեան Համար. Հայաստանի Կեցուածքը Սիրիայի Հարցում Արդար Է Եւ Հաւասարակշիռ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.