Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Լիբանանի Միջազգային Ռելիին Կայացումը` Վտանգուա՞ծ

August 22, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ 7-9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ:

Այժմ հարցական կը մնայ, թէ այդ ռելին տեղի պիտի ունենա՞յ ըստ ճշդուած ժամկէտին, թէ՞ պիտի ջնջուի` ապահովական պատճառներով:

Լիբանանի մէջ տիրող անապահով կացութիւնը եւ որոշ չափով մըն ալ տեղի ունեցած վերջին առեւանգումներն ու հակամարտ կողմերուն միջեւ կատարուող ամբաստանութիւնները եւ սպառնալիքները ստիպեցին քաթարեան կառավարութիւնը, որ արգիլէ իր վարորդներուն Լիբանան մեկնիլ, եւ բնականաբար` այս ռելիին մասնակցիլ:

Այս պատճառով Քաթարի ռելիներու ֆետերասիոնը իր բոլոր վարորդները «քաշեց» Լիբանանի ռելիէն:

Շատ բնական է, որ Քաթարի պիտի հետեւին Արաբական ծոցի այլ երկիրներ ալ, որոնց կարգին` Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Քուէյթ, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ ռելիին մակարդակին նահանջին` միջազգային առումով:

Կա՛մ այն է, որ ռելին տեղի պիտի ունենայ միայն լիբանանցի վարորդներու մասնակցութեամբ եւ կա՛մ ալ անիկա պիտի ջնջուի եւ չեղեալ նկատուի:

Այս գծով Ա. Թէ. Սէ. Էլ. պիտի գումարէ յատուկ նիստեր` փորձելով «պարտադրել» ռելիին կայացումը, այն պայմանով սակայն, որ անոր մասնակցող լիբանանցի վարորդները կէտեր չստանան, ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան գծով իրենց ստանալիք  սովորական կէտերուն:

Ծոցի երկիրները մտահոգ են Լիբանանի մէջ այդ ռելիին կայացումով` նկատի ունենալով, որ անոնք կը մտածեն իրենց վարորդներուն կեանքին ապահովութեան մասին, որուն մէջ իրաւունք ունին 100 առ հարիւր:

Սակայն միւս կողմէ կայ մետալին միւս երեսն ալ:

Լիբանանցիք, մանաւանդ ռելիի սիրահարները, անհամբեր կը սպասեն անոր կայացումին` ըմբոշխնելու համար վարորդներուն միջեւ մղուած մարզական պայքարը:

Կը կարծուի, որ յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին կամ առաւելագոյնը մինչեւ շաբաթավերջ, Լիբանանի ռելիին գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ հրապարակուին:

Կ՛ակնկալուի, որ անոնք ըլլան դրական եւ ոչ թէ ժխտական:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Մեկնեցաւ Թիֆլիս

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.