
Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, ողիմպիական ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեան լրագրողներուն հետ իր ունեցած մէկ հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ Հայաստանի հաւաքականը աշխարհի լաւագոյն խումբերէն մէկն է:
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը հետեւեալը կը մէջբերէ Ջուլֆալակեանի յայտարարութիւններէն:
«Եթէ կ՛ուզէք անկեղծ ըլլամ, մենք կ՛ակնկալէինք ողիմպիականին մեկնիլ վեց հոգիով: Մենք պէտք է ներկայացուցիչ ունենայինք նաեւ 55 եւ 84 քկ դասակարգերուն մէջ, բայց` դժբախտաբար: Անկախ բոլոր բաներէն, մեր հաւաքականը Լոնտոնի մէջ լաւ ներկայացում ունեցաւ եւ տիրացաւ երկու մետալի: Լաւ կ՛ըլլար, եթէ ոսկի մետալի ալ տիրանայինք:
«Յամենայն դէպս, մենք ունինք ողիմպիական մետալներ եւ անոր համար շատ ուրախ ենք»:


