
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրշան Իլիումժինովը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, ՖԻՏԷ-ն առաջարկած է 2016-ի Ճատրակի միջազգային ողիմպիականը կատարել Պաքուի մէջ: Այս լուրը յայտարարած է նոյնինքն Իլիումժինով:
Նշենք, որ 27 օգոստոսէն 10 սեպտեմբեր Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճատրակի միջազգային ողիմպիականը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ կրկնակի ախոյեան է:


