Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարբեր Անկիւնէ. Երբ Տուն Մը Կ՛այրի…

August 13, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

… ՄԱՐԴԻԿ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՎԵՐՑՆԷԻՆ ԵՒ ԽՈՅՍ ՏԱՅԻՆ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՎ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ԿԵՐՏԵՆ` ԻՐԵՐՈՒ ԵՒ ՆԻՒԹԵՂԷՆ ԲԱՆԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ:

Եթէ յանկարծ հրդեհ մը ծագի ձեր տան մէջ, ի՞նչ բան պիտի վերցնէիք եւ վազէիք դռնէն դուրս: Ճիշդ այս հարցումն է, որ ինքզինքին հարց տուած է Ֆոսթըր Հանթիկթըն: Հետեւաբար ան մէկտեղած է ա՛յն իրերը, զորս ինք պիտի առնէր եւ լուսանկարած է զանոնք, ապա դիմած է բարեկամներու, որպէսզի նոյն ձեւի լուսանկար մը առնէին եւ ուղարկէին իրեն: Այնուհետեւ, 20 մայիս 2011-ին ան համացանցի իր պլոկին մէջ հրապարակած է «Տը պըռնինկ հաուս» վերնագիրով 10 լուսանկարներէ բաղկացած շարք մը: Քանի մը ժամուան մէջ բոլորովին օտար մը ուղարկած է իր սեփական տարբերակը: Քանի մը օր ետք Հանթինկթըն արդէն վերնագիրներ կը խլէր պլոկերու աշխարհին մէջ: Սակայն ան շուտով անդրադարձած է, թէ հոգեբանական որոշ նոյնութիւն մը կը ստեղծուէր իր ստացած լուսանկարներուն միջեւ, ինչ որ կը վտանգէր իր գործը: Հետեւաբար տարբեր խաւերէ անձեր ներգրաւելու միտումով ան սկսած է փնտռել աւելի այլազան բնոյթի լուսանկարներ:

Այսպէս, ան 5 ամիս շարունակ հազարաւոր քիլոմեթր ճամբայ կտրած է Արեւմտեան Ամերիկայի տարածքին եւ Ռոքիզ լեռնաշղթային շուրջ` փնտռելով անձեր, որոնք «տարբեր էին պլոկ մը կարդացող սովորական անձերէն»: Հանթիկթընի նպատակն էր ծրագիրը ընդարձակել սերունդներու, աշխարհագրական եւ ընկերատնտեսական մակարդակներու վրայ: Իբրեւ ներշնչման աղբիւր ունենալով Ռիչըրտ Աւետոնի «Ին տի Ամերիքըն Ուեսթ» գիրքը` Հանթիկթըն ճամբայ ելած փնտռելու համար հազուադէպ տիպարներ, որոնց երբեք պիտի չհանդիպէր, եթէ դուրս չգար Մանհաթընէն: Արդիւնքը հարուստ է, անակնկալներով լեցուն եւ մարդկային թարմութիւն մը կը բերէ: Վեց ցամաքամասերու վրայ ապրող եւ տարիքի մինչեւ 80 տարի տարբերութեամբ անձեր, այժմ մէկտեղուած են «Տը պըռնինկ հաուս. ուաթ վուտ եու թէյք» գիրքին մէջ, որ գեղեցիկ մէկ օրինակն է համացանցի պլոկի մը մէջ ստեղծուած եւ գիրքի վերածուած յաջող գաղափարի մը:

Հանթինկթըն հետեւեալը կը գրէ իր ներածականին մէջ.

Այսօր բարգաւաճ երկիրները որեւէ ժամանակէ աւելի կը սպառեն: Սպառողական այս մշակոյթը յաճախ կը հրահրուի այն իրողութեամբ, որ մարդիկ իրենք զիրենք կը բնորոշեն իրենց կուտակած ունեցուածքով: «Տը պըռնինկ հաուս. ուաթ վուտ եու թէյք» գիրքը տարբեր մօտեցում մը կը ցուցաբերէ անհատի բնորոշումին: Դիւրին փոխարինելի իրերը վերցնելով եւ փոխարէնը` իրենց համար եզակի բաներու վրայ կեդրոնացնելով իրենց ուշադրութիւնը, մարդիկ կրնան իրենց սեփական ինքնութիւնը խտացնել լուսանկարի մը մէջ»:

Արդիւնքը իւրայատուկ ոսպնեակ մըն է` բացուած մարդկային վիճակին վրայ: Անիկա կը կամրջէ գործնականն ու զգացականը, այնպիսի ձեւով, որ կ՛արտացոլէ մեր տեւական տատանումը մեր բանականութեան եւ բնազդային մղումին միջեւ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ ( 13 Օգոստոս 1962 )

Յաջորդը

Տարբեր Անկիւնէ. Մարդիկ Նախապատրաստուած Են «Սիրելու Իրենց Դրացիները

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.