Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախկին Վարչապետը Կը Պատասխանէ Անկախ Հայաստանի Միակ Ողիմպիական Ախոյեանին

August 11, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախ Հայաստանի ցարդ միակ ողիմպիական ախոյեանը` ըմբիշ Արմէն Նազարեան, վերջերս հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ.

«Աթլանթայի ողիմպիական խաղերուն (1996) ախոյեանիս նկատմամբ Հայաստանի այդ օրերու ղեկավարութեան անտարբեր վերաբերումը զիս Պուլկարիա տարաւ: Հայաստան մնալու պայմաններ չունէի: Երեւանի մէջ ես ընդունելութեան չարժանացայ: Ես հայրենիք վերադարձայ ոսկի մետալը ձեռքիս` անկախ Հայաստանի առաջին ողիմպիական ոսկի մետալով, բայց զիս ոչ ոք դիմաւորեց եւ չպատուեց ինչպէս որ պէտք է: Վիրաւորուեցայ: Միակ ողիմպիական ախոյեանն էի, որ 196 երկիրներու մէջ Հայաստանի դրօշը ծածանեց Աթլանթայի ողիմպիական խաղերուն, բայց մեր ղեկավարութիւնը ատով կարծես թէ չհետաքրքրուեցաւ եւ չպարգեւատրեց զիս: Միայն 10 հազար տոլար տուին եւ վերջ»:

Հայաստանի նախկին վարչապետ Հրանդ Բագրատեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ այս առնչութեամբ գրած է.

«Արմէն Նազարեան հրաշալի մարզիկ է: Ցաւօք սրտի ան անկախութեան շրջանի մեր երկրի միակ ողիմպիական ախոյեանն է: Վերջին տարիներուն մենք յաջողութիւններ չունինք: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ սակաւապետներուն մարզական կառոյցներն ու ֆետերասիոնները նուիրելը ոչ մէկ լաւ բան կը բերէ: Աւելի ճիշդ է այդ կառոյցներուն ժողովրդավարացումը, սակաւապետներու ազդեցութենէն հանելը: Եթէ անոնք կ՛ուզեն մարմնակրթութեան օգնել, թող վարուին Մանթաշովին պէս, այլ ոչ թէ օգնութեան դիմաց մարմնակրթութեան վարչական լծակները առնեն իրենց ձեռքերուն մէջ: Այս պարագային, եթէ անոնց մտայնութիւնը նոյնիսկ ազնիւ է, ընտրութեան սահմանափակման հետեւանքով արդիւնքները ցած կ՛ըլլան:

«Հիմա Արմէնի հարցով: Անձամբ ես անոր` կառավարութեան որոշումով 1996-ին տուած եմ 10 հազար տոլար: Այդ օրերուն ատիկա շատ մեծ գումար էր: Կարելի էր Երեւանի մէջ լաւ բնակարան գնել: Արմէնը այդուհանդերձ լքեց Հայաստանը: Չեմ գիտեր երբ, բայց քանի տակաւին ես վարչապետ էի, ուշադիր եղած եմ անոր նկատմամբ: Ճիշդը ըսելով ան ինծի չէ դիմած: Թերեւս ան յետոյ խնդիրներ ունեցած է: Չեմ գիտեր»:

 

Նախորդը

Հարցազրոյց` Կարօ Ղազարեանի Հետ

Յաջորդը

Անթոնիօ Քոնթէ Պատժուեցաւ 10 Ամիսով

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.