Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերանոցի Հայրիկը Ընկ. Սողոմոն Գէոյեանին Յիշատակին

August 11, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ Սողոմոն Գէոյեանին անշնչացած դիակը յանձնեցինք հողին` առյաւէտ բաժնուելով անկէ:

Վերջերս Սողոմոն Գէոյեանին անունը փոխարինուած էր Ծերանոցի Հայրիկը անունով:

Այս հայրիկը իր անուան մէջ յարգանք ու պատկառանք կը պարտադրէր նոր սերունդին, որ այնքան ալ ծանօթ չէր անոր տարած գործունէութեան ու աշխատանքին:

Ընկ. Սողոմոն իր պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը անցուցած է Հալէպ եւ իր աշխուժ նուիրուածութիւնն ու գործելադաշտը եղած էր Լիբանան, ամբողջ 60 տարիներ ՀՅԴ-ի ճամբով ծառայելով ազգին:

Բնականաբար իր արմատները սնած էին Հալէպի ջուրով: Երկար զպունով եւ գլուխին արաբական փաթթոցով ճարապլուսցի ընկ. Սողոմոնին առաջին մուտքը կ՛ըլլայ Հալէպ, լուսահոգի Եագուպ Քահքեճեանի միջնորդութեամբ: Ան իր առաջին պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ` դառնալով վարորդը առաջնորդ սրբազան հօր` վախճանեալ Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի:

Քաջ, յանդուգն եւ մանաւանդ գաղտնապահ ընկ. Սողոմոն վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, հասուն տարիքի եւ իր կեանքի վերջալոյսին եղած է կազմակերպութեան բոլոր հանդիսութիւններուն պատուոյ հիւրը: Հաւատաւոր ընկերներու թիւը օր ըստ օրէ կը նուազի ու կը նօսրանայ, չըսելու համար` կ՛անհետանայ, բայց այդ կրակը, լոյսն ու թթխմորը պիտի շարունակեն լուսաւորել ՀՅԴ-ի ճամբան ու նոր սերունդները նոյն թթխմորով պիտի թրծուին, հասուննան, հայ ժողովուրդի համահայկական գանձատան մէջ` յանուն հայ ժողովուրդին

Հաւաքականը գերադասեց անձնականէն եւ ընդհանրականը` եսէն: Փառք, դիրք, պաշտօն չփնտռող խոնարհներ էին անոնք, որոնց բազուկով քանի՜ քանի տմարդի դաւաճաններ դժոխքի կրակը ղրկուեցան, որպէսզի ազգը մնայ անյաղթ, մաքուր ու բիւրեղ եւ այդ մաքրութիւնը որպէս ջահ ու կենցաղ փոխանցեցին նոր սերունդին` որպէս հրաման, անգիր կանոնագիր:

Ձեր նշանաբանը եղած էր միշտ Յովհաննէս Թումանեանի խօսքերը.-

«Գործն է խօսուն լաւ ու վատ: Ախ, երանի ով մարդ կու գայ ու մարդ կ՛երթայ անարատ»:

Մեծ էիք ու մեծ կը մնաք, սիրելի՛ ընկ. Սողոմոն Գէոյեան, որովհետեւ մեծ գործեցիք, բայց մնացիք միշտ համեստ, ձեր պաշտամունքի առարկան էր միայն գործն ու քաջութիւնը:

Եւ ի պատիւ ձեզի եւ ձեր նման քաջ ու հաւատարիմ ընկերներու` այսօր մենք կը գոյատեւենք, ձեր փոխանցած կրակի զօրութեամբ, մահուան լոյսով ու երկաթեայ կամքով: Ձեր այցեքարտին վրայ յիշատակուած խորհուրդները որպէս տասնաբանեայ պատուիրան պիտի փոխանցենք սերունդներուն` որպէս Սողոմոնի ինքնութիւն եւ մարդկային ճշմարտութիւն, ուր գրած էք.

Գաղտնապահութիւն,
Ժամադրութիւն յարգել, քաղաքավարութիւն, զգացում եւ ճաշակ
Յանցանք մի՛ ըներ, որպէսզի չքծնիս
Ճշմարիտ անձը իր յանցանքը կ՛ընդունի
Առանց երկու կողմերը մտիկ ընելու` չդատել
Այս խօսքերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` պատուիրան եւ կեանքի ճանապարհի լոյս:

Ջահդ միշտ լուսաւոր պիտի մնայ, ընկ. Սողոմոն, եւ պիտի քալենք նոյն ճամբով սերունդէ սերունդ, ձեր փոխանցած կտակի լոյսով:

Փա՛ռք ծառայութեանդ, հաւատարմութեանդ ու աշխատանքիդ:

Սերունդները ձեզ երբեք պիտի չմոռնան:

Հողը թեթեւ ըլլայ շիրիմիդ վրայ:

ՍԳԱԿԻՐ

Նախորդը

Ամառնային Ողջունելի Մարզական Ծրագիր. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղին Նախաձեռնութեամբ

Յաջորդը

«Վազրիկի Հայրը» Կամ Թուխ Արամազդը Ուխտի Ժամեր Փեր-Լաշեզ Գերեզմանատան Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.