Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Տղաք, Քրիստոնեայ Տղաք Պահողներ Թաղապետին Յանձնեցէք

August 10, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Այգըրը Տողրուլար»

Երէկուան «Ազդակ»-ի թիւով հրատարակուած «Ո՞վ է հայը» խորագրեալ Նամականիին մէջ յիշուած է Շիրինին եւ «մերիններուն» պատմութեան լոյս ընծայման մասին: Նիւթը կը ներկայացնենք ստորեւ:

Շիրին ծնաւ եւ մեծցաւ Գերմանիոյ մէջ եւ կը կարծէր, որ ինք աղջիկն է ատըեամանցի քիւրտ հաճը Իպրահիմին: 12 տարեկանին պատահմամբ իմացաւ, որ հայրն ու մայրը իսկութեամբ հայ էին, եւ թէ` իրենք կը ճանչցուէին իբրեւ «մերինները»: Շատ նեղուեցաւ, մազերը ճերմկեցան: Շիրինին մոռացումի տրուած ինքնութիւնն ու փշրուած անհատականութիւնը, իր անձնական եւ մշակութային ինքնութեան փնտռտուքի պատմութիւնը մեզ կը փոխադրեն Քէօլնէն Ատըեաման եւ իննսուն տարուան հեռաւորութենէ մը մեզ կը քշեն դէպի մեր օրերը` ծանօթացնելու համար «մերիններուն» հետ:

«Մերինները» 1915-ի աղէտէն փրկուելէ ետք բռնի կերպով իսլամացած, երեւութապէս իսլամ, բայց իսկութեան մէջ իբրեւ քրիստոնեայ ապրող հայեր են Անատոլուի մէջ: Բռնութեան տակ պահուած են ինքնութիւնը ուրացուած այս հաւաքականութենէն շատեր գերբնական ջանքերով կրցեր են իրենք զիրենք զարգացնել` աշխատասիրութեամբ, ստեղծագործ ոգիով, արհեստներու եւ արուեստի մէջ ունեցած իրենց հմտութեամբ յաջողեր են վերապրելու իրաւունք ստեղծել ընկերութեան մէջ: Անոնք կը նմանին մեծ հրդեհի մը մոխիրներու մէջ բուսնող վարդաթուփերու եւ կամ այն հսկայ ծառերուն, որոնք իրենց համար ապրելու տեղ կը ստեղծեն ժայռերու կողին:

Գիրքը, որուն անունը փոխ առնուած է թրքերէն «Սարը կելին», իսկ հայերէն «Սարի աղջիկ» երգէն, կը պատմէ ատըեամանցի «մերիններուն» իսկական կեանքէն տեսարաններ եւ մարդկային վիճակներ: «Պահ դրուած օժիտ» եւ «Սիրտս քեզմով կը խայտայ» գիրքերու հեղինակ Քեմալ Եալչընի այս գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է 2004-ին, Գերմանիա:

Ստորեւ գիրքէն կարգ մը հատուածներ` պատմուած Շիրինին մօր բերնով…

«Եթէ հայ ենք ըսենք, հայ չենք. իսլամ ենք ըսենք, իսլամ չենք: Մենք, ահա, այս ճակատագրին մարդիկն ենք: Մոռացութեան տուեր են մեր լեզուն. քիւրտերուն մէջ ապրելով` քրտացեր ենք: Քրտերէնը դարձեր է մեր մայր լեզուն. խօսածնիս քրտերէն, իսկութիւննիս` տարբեր: Թրքերէն կը խօսինք, թուրք չենք: Թուրքերը մեզ քիւրտ կը կոչեն, մենք զմեզ քիւրտ չենք ճանչնար: Բայց մենք զիրար լաւ կը ճանչնանք… Մենք մեզ կը կոչենք «Մերինները»: Մենք ծագումով, իսկական արմատներով հայ ենք. մեր լեզուն քրտերէն, մեր կրօնքը իսլամն է… Առանց ուզելու` որքա՞ն կարելի է իսլամ ըլլալ, ահա ա՛յդքան իսլամ ենք:

Ես եօթը տարեկանիս իմացայ, որ հայ եմ:

Նախակրթարանը ամէն առտու երդում կ՛ընէինք` ըսելով, որ «Թուրք եմ, ուղղամիտ եմ, աշխատասէր եմ»: Մեր տան մէջ քրտերէն կը խօսուէր, ինքզինքս քիւրտ ճանչցած էի: Դպրոց սկսելուս` յայտնուեցաւ, որ թուրք եմ. տան մէջ քիւրտ, դպրոցը թուրք, եւ յանկարծ օր մըն ալ սորվեցայ, որ արմատներով հայ եմ:

Դրացիին աղջկան Ֆաթմային հետ կը խաղայինք միասնաբար: Օր մը մեր տան առջեւի մրջիւնները սկսանք մեռցնել: «Եկո՛ւր` սա կարմիր մրջիւնները մեռցնենք, անոնք կեաւուր են. սեւերուն չդպնանք, անոնք իսլամ են», ըսաւ Ֆաթման:

Առաջին անգամ կ՛իմանայի, որ մրջիւնները բաժնուած կ՛ըլլան կեաւուրներու եւ իսլամներու. շատ զարմացած էի:

«Ի՞նչ ըսել է կեաւուր», հարցուցի:

«Է՜, չէ՞ որ դուք ալ կեաւուր էք. կարմիրները ձեր, իսկ սեւերը մե՛ր մրջիւններն են. իսլամ մրջիւնները պիտի մեռցնեն կեաւուրները»:

Չէի հասկցած, բայց սիրտս նեղուած էր: Չուզեցի մեռցնել մրջիւնները. խաղը ձգելով` հեռացայ Ֆաթմային քովէն` առանց բառ մը ըսելու:

Շիրինին Պատրաստած
Գերեզմանը

Արձակուրդի համար Ատըեաման գացած էին. Շիրին տակաւին նախակրթարան չէր սկսած: Գիշերուան ընթրիքին համար սագ մը մորթեցին, իրմէ գաղտնի. հազիւ ճաշէն ետք լուր ունեցաւ: Եթէ գիտնար, չէր արտօներ, որ մորթուի, մորթուելու պարագային ալ միսը չէր ուտեր:

Յաջորդ արտու, երբ կը խաղար բակին մէջ, սագին կտրուած գլուխը տեսաւ. մօրը քով երթալով`

– Մայրի՛կ, գերեզման մը շինենք սագին գլխուն համար ըսաւ մայրը` Սուլթան հանըմ, թէ`

– Գնա՛, աղջիկս, հիմա գործ ունիմ. դուն ուզած տեղդ փորէ, ուզածիդ պէս թաղէ, ուզած ձեւովդ գերեզման շինէ, ըսելով` կը հեռացնէ Շիրինը:

Բաւական ետք Շիրին կը վերադառնայ:

– Մայրի՛կ, եկուր եւ նայէ, ես սագը թաղեցի եւ գերեզման մը շինեցի:

Տան մէջ գտնուողները կը խնդան.

– Երթանք` տեսնենք Շիրինին շինած գերեզմանը,- կ՛ըսեն: Շիրին գերեզման մը շինած, գլուխն ալ տախտակէ խաչ մը տնկած էր. դիտողները կը խնդային բաւարարուած:

– Ձագուկը իր արմատները գիտէ եղեր, արմատները:

– Փա՜ռք, հազա՛ր փառք, որ Շիրին իր ինքնութիւնը գիտէ:

– Մարդուն արիւնը կը քաշէ դէպի իր արմատները. նայեցէք` Շիրինին արիւնն ալ քաշեր է դէպի իր արմատները:

– Մաշալլա՛հ, հազա՛ր անգամ մաշալլահ, արիւնը քաշեր է դէպի իր արմատները:

Մինչդեռ Շիրին շատ ալ չէր հասկցած բոլորին ուրախութեան պատճառը` խաչ տնկելուն համար:

Իրականութեան մէջ Շիրին Գերմանիոյ մէջ իսլամներու գերեզման մը երբեւիցէ չէր տեսած: Իր տեսածը պարզապէս դպրոցի ճամբուն վրայ գտնուող գերեզմանոցին մէջ գտնուող խաչերն էին: Բաւական ժամանակ անցընելէ ետք հազիւ պիտի հասկնար, որ ինչո՛ւ խաչ տնկելու դէպքը այսքան ուրախացուցած էր «մերինները»: Առանց անդրադառնալու` Շիրին իրականացուցած էր Ատըեամանցի «մերիններուն» ներքին տենչանքը:

Շիրինին Մօրեղբօր
Յուղարկաւորութիւնը

Երբ Շիրինին մօրեղբայրը մեռաւ, հօրեղբայրներն ու ազգականները խոր մտածումի մատնուեցան. յուղարկաւորութիւնը ինչպէ՞ս կատարէին: Եթէ իսլամական օրէնքներուն հետեւէին, իմամը դիակը լուալու ընթացքին պիտի նկատէր, որ թլփատուած չէր եւ, ուրեմն, տարիներով պահուած գաղտնիքը պիտի բացայայտուէր: Հինէն ի վեր «Էլհամտիւլիլլահ միւսլիման ենք» ըսող «մերիններուն» իսկութեան մէջ քրիստոնեայ ըլլալը  պիտի տարածէր բոլորին:

Դիակը սենեակին միջտեղը պառկած էր:

Ո՛չ, դրացիները պէտք չէր գիտնային իրենց իսկութիւնը, իրենց իսկական հաւատքը: Իրականութիւնները դառն էին, սակայն մեռնողին հետ կարելի չէր մեռնիլ: Մնացողները պիտի շարունակէին ապրիլ Ատըեամանի իսլամներուն մէջ. դժուար եղաւ լուծումը բանաձեւել…

Դիակը, գիշերուան մութին, գաղտնօրէն պիտի տարուէր եւ գերեզմանոցին մէկ անկիւնը պիտի թաղուէր…

Այս պարտականութիւնը իրականացուցին մօտիկ ազգականներէն հինգ  տղամարդ:

Պարեգօտի Տակ Վիզերուն
Խաչ
Կրողներ

«Մերիններէն» կարգ մը ազգականներ սկսեր էին օրական հինգ անգամ նամազ կատարել: Ատըեամանի մէջ այս նամազին պատճառը անոնց վախն ու անապահովութիւնն էր:

– Ի՞նչ ընէինք, սիրելի՛ս: Քրիստոնէութենէն ո՞ր մէկ  քրիստոնէութիւնը մնաց: Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ մեր յարգանքն ու հաւատքը անսահման է: Սակայն մեր պաշտամունքը կատարելու եւ կամ ծնած մանուկը մկրտելու եկեղեցի մը չձգեցին: Նոյնիսկ հիմերը քանդելով` բնաջնջեցին: Անցեալը յիշեցնող հետք մը նոյնիսկ չեն ձգած: Ատըեամանի մէջ մէկ հատ ասորիներու եկեղեցի մը մնաց. փորձէ երթալ, եթէ կրնաս. յաջորդ օրը գլխուդ չեկածը չի մնար:  Նամազ կը կատարենք, ծոմ կը պահենք. Աստուած կը տեսնէ եւ գիտէ մեր մէջն ու դուրսը. ի՞նչ ընենք:

«Մերիններ»-էն կարգ մը կիներ սկսած էին սեւ պարեգօտով ծածկուիլ: Երբ հարցուցած էր պատճառը, պատասխանած էին. «Ի՞նչ կրնանք ընել, Շիրի՛ն, տաճիկներուն աչքը մեր վրան է»:

Իսկ կարգ մը կիներ պարեգօտերուն տակէն խաչ կը կախէին իրենց վիզերուն. կ՛աշխատէին քրիստոնէական իրենց աւանդոյթները կենդանի պահել առանց ոեւէ մէկուն ցոյց տալու. ամէն զատկուան, օրինակ, հաւկիթները կը ներկուէին:

Ատըեամանցի Հռիփսիմէն
Կը
Պատմէ Մօրը Պատմութիւնը

Մայրս երեք տարեկան է եղեր տարագրութեան ժամանակ, քիւրտ մը մօտենալով` կարաւանին մէջէն կ՛առնէ մայրս, եւ կը տանի Պեպեք կոչուող քրտական գիւղ մը, ուր եօթը տարի կը պահէ իր ընտանիքին մէջ: Մօրս մայրը մնացեալ հայերուն հետ կը տարագրուի: Որոշ ժամանակ ետք, երբ խաղաղութիւն կը տիրէ, ողջ մնացողները կը վերադառնան Ատըեաման:

Մէկ կողմէ կ՛աշխատէին պատսպարան մը եւ օրապահիկ ճարելու, միւս կողմէ` կ՛աշխատէին գտնելու տարագրութեան ճանապարհին ասոր-անոր ձեռքը ինկած իրենց հարազատները` աղջիկը, եղբայրը, կինը, զաւակը կամ հարսը: Մօրս հօրաքոյրը անվերջ հարցումներով եւ փնտռտուքներով կ՛իմանայ, որ եօթը տարի առաջ քիւրտի մը կողմէ առնուած մայրս կը գտնուի Պեպեք կոչուած քրտական գիւղը: Անմիջապէս այդ գիւղը կ՛երթայ եւ հարցնելով` կը գտնէ մօրս ապրած տունը:

Մեծ հօրաքոյրս կը պահանջէ, որ վերադարձնեն մայրս, սակայն եօթը տարիէ ի վեր մայրս պահած գիւղացին չի տար զայն. «Եօթը տարի կերցուցի, խմցուցի, մեծցուցի, չեմ տար, ես անիկա տղուս պիտի առնեմ», կ՛ըսէ:

Հօրաքոյրս, թէ` «եօթը տարուան ընթացքին ծախսած գումարդ վճարեմ, բայց դուն վերադարձուր եղբօրս աղջիկը»: Գիւղացին կտրականապէս կը մերժէ վերադարձնել մայրս եւ տունէն կը վռնտէ հօրաքոյրս:

Կ՛անցնի ժամանակ, եւ օր մըն ալ գիւղերուն մէջ պտտող մունետիկ մը պոռալով կը դառնայ. «Լսեցինք, չլսեցինք մի՛ ըսէք. ով որ տունը հայ տղաք, քրիստոնեայ տղաք ունի, թող յանձնէ թաղապետին»:

Հայացուց`
Գ. Կ.

2 – 7 – 2012

Նախորդը

«Որդիներիս Կորցրած Կը Համարէի, Եթէ Կորցնէի Նրանց Ազատագրած Հայրենի Բարձունքը»

Յաջորդը

«Ա՜խ, Սրբազան, Աստուածածնին Պիտի Ծախենք…»

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.