Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չէ,՛ Հալէպը Կարելի Չէ Դատարկել

August 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՎԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Սուրիոյ դէպքերը հարկաւ հետեւանք են քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական կուտակուած անարդարութիւններու` կրօնական ու համայնքային դրդուած անհանդուրժողականութեան կողքին: Հարկ չկայ մատնանշելու նաեւ, թէ Սուրիոյ մէջ ու անոր շուրջ, շրջանային եւ միջազգային մեծերը լծուած են իրենց հաշիւները մաքրելու աշխատանքին:

Դէպքերը որքա՞ն ժամանակ կրնան տեւել, ի՞նչ տեսքով պիտի աւարտին, հարցումներ են, որոնց պատասխանները  այս գրութեան սահմաններէն դուրս ըլլալէ անդին, դիւրութեամբ կարելի չէ վճռել:

Սուրիական ճգնաժամին մէջ, մարդկային ու բարոյական մտահոգութիւններէն անկախ, ամէն հայ մարդու հիմնական մտավախութիւնը կը կեդրոնանայ, անշուշտ, հայութեան կացութեան ու ապագայ գոյութեան վրայ: Արդէն աւելի քան տարիէ մը ի վեր զարգացող այս դէպքերուն ընթացքին սուրիահայութեան ճակատագիրին հետ կապուած վերլուծութիւններն ու արտայայտութիւնները հասկնալի պատճառներով, մանաւանդ` հայ մամուլի էջերէն, եղան զուսպ ու սակաւաթիւ: Թէ՛ խուճապի մթնոլորտ չստեղծելու եւ թէ ալ հեռուները, խաղաղութեան մէջ նստած դասեր չտալու զոյգ խորհուրդները տակաւին ի զօրու կը մնան:

Այդուհանդերձ, սուրիահայութեան կեդրոնական դերն ու տեղը Հայ դատի ու հայապահպանման մարտին մէջ կը թելադրէ ամբողջութեամբ լուռ չմնալ: Առ այդ, հայցելով ռազմական գործողութիւններու թոհուբոհին մէջ գտնուող հայրենակիցներուն ներողամտութիւնը, Պուրճ Համուտի համեմատաբար խաղաղ պայմաններուն մէջ գտնուելով` կ՛արժէ կատարել հետեւեալ ընդգծումները (հարկ չկայ հաստատելու, որ ոչ ոք ունի իրաւունքը դատապարտելու ոեւէ հայ անհատի որոշումը` իր ու իր ընտանիքի ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորելու կապակցութեամբ):

Հայ դատի բազմերանգ ճակատամարտերուն մէջ սուրիահայութիւնը միշտ ալ եղած է յառաջամարտիկ: Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան, հայ մշակոյթի ծաղկեցման, հայ գրականութեան զարգացման եւ հայեցի դաստիարակութեան առաքելութիւններուն մէջ, կարելի չէ վիճիլ այն մասին, թէ դանդաղօրէն տեղի տուող մեր դիրքերը շատոնց յանձնած պիտի ըլլայինք, եթէ չըլլար սուրիահայութիւնը եւ իր բերած անչափելի  ներդրումը: Սփիւռքի բոլոր կանգառներուն մէջ սուրիահայութեան տուած հունձքն է, որ յաճախ ծաղկած ու ծաղկեցուցած է շրջապատը: Ժամանակն ու առիթները նաեւ փաստեցին, որ միջինարեւելեան այս քանի մը գաղութներուն ներուժն ու տաքութիւնը կարելի չէ կրկնօրինակել այլ տարածքներու վրայ եւ այլ միջավայրերու մէջ: Միջավայրեր, որոնց ստեղծման ու պահպանման մէջ կարեւոր դեր խաղացած են նաեւ տեղի իշխանութիւններուն քաղաքականութիւններն ու պահուածքը:

Աւելի՛ն. շրջանի քարտէսին վրայ նետուած արագ հայեացք մը իսկ բաւարար պէտք է ըլլայ կարդալու համար սուրիահայութեան ռազմավարական անմրցելի դիրքը հայ ժողովուրդի վախճանական նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ: Պէտք կա՞յ ցոյց տալու, թէ հայաբնակ Գամիշլին գրաւուած տարածքներէն ընդամէնը երեք քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ հայաշատ Հալէպէն Սասուն կարելի է հասնիլ նուազ քան 10 ժամէն:

Իրաքահայութեան հասած մահացու հարուածէն ետք, սուրիահայութեան սպառնացող վտանգը անդառնալի անդրադարձներ պիտի ունենայ միջինարեւելեան հայկական գաղթօճախներու գոյութեան համար, եւ հետեւաբար, անկանխատեսելի հետեւանքներ` սփիւռքի կազմակերպ յարատեւութեան: Արդարեւ, կարելի՞ է երեւակայել սփիւռք կոչուած մարմինը` առանց իր սրտին ու թոքերուն, առանց շարունակ նոր ու մաքուր թթուածին հայթայթող գործարաններուն: Փաստ չէ՞ արդէն, թէ հայը որքան որ հեռանայ իր բնօրրանէն, այնքան կ՛արագանայ անոր ուծացումն ու վախճանը: Իսկ եթէ նոյնիսկ վայրկեանի մը համար ենթադրենք, թէ կարելի է ովկիանոսներէն անդին դարերով դիմադրել կլանող օտարացման հոսանքին, լսե՞ր էք երբեք հողերու ազատագրութեան օրինակ մը, ուր ազատագրողները կը գտնուին հողերէն հազարաւոր մղոններ հեռու: Հրաչ Տասնապետեանի բառերով` «ի վերջոյ եթէ Հայկական Բարձրաւանդակը օր մը պիտի վերաբնակեցուի հայերով, պարզ է, որ, գէթ սկզբնական շրջանին միջինարեւելեան երկիրներէն ներգաղթող կարաւաններն են, որ զայն պիտի լեցնեն»:

Հալէպէն ետք ոչ ոք կրնայ կանխագուշակել, թէ նահանջը ե՞րբ եւ ո՞ւր կրնայ կանգ առնել:

Գաղթավայրերը վերջ ի վերջոյ գաղթավայրեր են, այո՛: Եւ հայ ժողովուրդի տարագրութեան պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ դարերու ընթացքին գաղութներ շէնցած են, դարձած` կենսունակ, իսկ փոխարէնը` ուրիշներ մտած են պատմութեան թանգարանը: Սակայն նոյն պատմութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ, թէ որքան որ հայ ժողովուրդը իր խարիսխը նետած է մայր հողէն, Հայկական Լեռնաշխարհէն հեռու, այնքան խաւարած է միացեալ Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան արեւը:

Վերջապէս, երբ միջինարեւելեան հայութենէն «մասնիկ մը պակսի, հեռանայ, հոգեպէս թէ աշխարհագրականօրէն կտրուի իր բռնագրաւուած ու պարպուած հայրենիքին անմիջականօրէն շուրջը բոլորուած եւ աչքերն ու միտքը անոր յարած զանգուածէն, թուրք հայասպան դաւն է, որ կը շարունակուի, կը վերանորոգուի, նոր յաջողութիւն կ՛արձանագրէ»: Ահա՛, կրկին Տասնապետեանի բառերով, պարզ ու յստակ, սուրիահայութեան արժէքը` թշնամիին դէմ մղուող մեր շարունակուող պայքարին մէջ:

Հալէպը յառաջապահ խրամատ է հայկական յաջորդ ազատագրական պայքարի բազմերանգ ճակատներուն վրայ. Հալէպը ա՛ն է, ինչ որ էր Սալմաստը աւելի քան 100 տարի առաջ:

 

 

Նախորդը

Խոհեր. Դուրսը Ի՞նչ Կայ

Յաջորդը

«Մեսսի` Նախորդ 5 Տարիներու Լաւագոյնը»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.