Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ածուին Մէջ

August 9, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Վիպագիր, բազմաթիւ շարժապատկերներու բեմագրութեանց հեղինակ Կոր Վիտալ հաւանաբար աւելի շատ հռչակ շահած էր իբրեւ հրապարակագիր, հասարակական հարցերու վերաբերեալ հրաշալի բանաձեւումներով սուր մեկնաբանութիւններ կատարող մտաւորական:

Երկու օր առաջ մահացած Վիտալ ծանրակշիռ հեղինակութիւն էր ամերիկեան միջավայրին մէջ. անոր յանդուգն ու անկաշկանդ հարցազրոյցները ներշնչման աղբիւր դարձած են բնապահպանական դատերու պաշտպան թէ պատերազմներու հակադրուող բազում հասարակական գործիչներու:

Մեր ազգային փոքր ածուէն նայելով (ուզենք կամ չուզենք` ամէն հարց ու երեւոյթ մեր միջավայրէն մեկնելով պիտի դատենք ու գնահատենք)` Վիտալի նման յանձնառու, յեղափոխական, կաղապարուած գաղափարներու դէմ  պայքարող մտաւորականին կերպարը առաւե՛լ կ՛արժեւորենք: Քաղաքական, հասարակական, ընկերային սուր խնդիրներով լի մեր ազգային իրականութեան մէջ մենք յաճախ ողբացած ենք մտաւորական հեղինակաւոր ձայներու պակասը: Նաեւ ափսոսանքով նկատած ենք, թէ ինչպէ՛ս քիչ թէ շատ հեղինակաւոր դէմքեր, ստեղծագործական փայլքով յարգանքի արժանացած անձնաւորութիւններ նսեմացած են մեր աչքին` իրենց անհասկնալի լռութեամբ ու երբեմն ալ անբացատրելի, անողնայար դիրքորոշումներով:

Այսուհանդերձ, չենք կրնար անտեսել այն փաստը, որ այսօր մեր իրականութեան մէջ կան արժէքաւոր մտաւորականներ, արուեստագէտներ, որոնք պայքարի ճակատի վրայ են եւ մեր ազգը յուզող կարեւորագոյն խնդիրներուն վերաբերեալ քաջաբար կը բարձրացնեն իրենց ձայնը:

Այդ յանձնառու մտաւորականներու խումբը որքա՛ն ալ սակաւաթիւ, որքա՛ն ալ հեղինակութեան անվիճելիութեան սահմանները տակաւին ըստ ամենայնի չնուաճած, կրնա՛յ հսկայական դերակատարութիւն ունենալ մեր ներկայ իրավիճակը բարեփոխելու պայքարին մէջ:

Մենք կը գնահատենք նման մտաւորականներու նպաստը եւ կը սատարենք անոնց բարոյական կշիռի բարձրացման (որուն կարիքը կրնան չունենալ եւ պէտք չէ ունենան անոնք):

 

 

Նախորդը

Մերօրեայ Մտորումներ. Հօրս Պարտքն Է

Յաջորդը

Նամականի. Ո՞վ Է Հայը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.