Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռ. Վլասովի Մարմինին Իւղ Քսուած Էր» Կ՛ըսէ Ա. Ճուլֆալակեան

August 8, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 74 քկ ծանրութեան մրցաշարքի պայքարին մէջ ողիմպիական արծաթով բաւարարուելէ ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Ճուլֆալակեան ըսաւ.

«Ռոման Վլասով անազնիւ քայլ առած էր, եւ մարմինին իւղ քսած. ես ատիկա զգացի յատկապէս երկրորդ ռաունտին, որովհետեւ Ռոմանի մարմինը արդէն քրտնած էր, իսկ իւղը կը բարդացնէր հնարքներուս կատարումը»:

Արսէն Ճուլֆալակեան մրցումին մասին հետեւեալը ըսաւ.

«Մրցումի ատեն ես իմ մարտավարութիւնս փոխեցի, որովհետեւ ռուս ըմբիշը կրկնօրինակած էր թուրք ըմբիշը` անազնիւ միջոցի դիմելով մարմինին իւղ քսած էր: Ես ատիկա զգացի յատկապէս երկրորդ ռաունտին, որովհետեւ Ռոմանի մարմինը արդէն քրտնած էր, իսկ իւղը կը բարդացնէր կատարել հնարքներս: Ձեռքերս կը սահէին եւ ես չէի կրնար զայն բռնել: Ես ընտրեցի կողքէն գլորելու հնարքը, որպէսզի անոր մարմնին քրտնածութիւնը եւ արտադրուած իւղը այդքան շատ դեր չխաղայ: Ամէն պարագայի, ասիկա անազնիւ քայլ էր: Ռոման պատահական մարզիկ մը չէ: Ան պատրաստ էր նոյնիսկ իմ այդ հնարքէս պաշտպանուելու: Փորձեցի ամէն գնով գլորել, բայց չեղաւ: Ես պիտի դիտեմ գօտեմարտին նկարահանումը, տեսերիզը, որովհետեւ չհասկցայ, թէ ինչո՛ւ առաջին ռաունտին Ռոմանին մէկ կէտ տուին: Եթէ յանկարծ ես մէկ կէտ ստանայի երկրորդ ռաունտին, երրորդին յաղթանակը անկասկած իմս կ՛ըլլար, որովհետեւ Ռոման շատ յոգնած էր, նոյնիսկ չէր կրնար ոտքի կենալ: Տարօրինակ, անբացատրելի էր իւղի օգտագործման նկատմամբ իրաւարարներուն անտարբերութիւնը: Օրէնքին մէջ իւղի օգտագործում չ՛արտօնուիր: Բայց զարմանալիօրէն իրաւարարները Ռոմանի կողմէ իւղի օգտագործումը անուշադրութեան մատնեցին»:

Արսէն Ճուլֆալակեան խօսելով պատուանդանին վրայ, մետալի պարգեւատրման պահուն, իր ապրումներուն մասին ըսաւ.

«Ինծի համար անտանելի է, երբ պատուանդանին վրայ եմ եւ չի հնչեր Հայաստանի քայլերգը: Մասնաւորաբար, երբ մեր Եռագոյնը կախուած կը մնայ: Աւելի անտանելի է, երբ կը հնչէ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ կամ այլ երկրի մը քայլերգը: Մէկ խօսքով, այդ պահուն ոչ մէկ երկրի քայլերգը կը սիրեմ: Կը սիրեմ ու կը փափաքիմ լսել միայն Հայաստանի քայլերգը: Բայց չես գիտեր ինչու, այս վերջին երկու տարիները ինծի համար արծաթ մետալներու շարք են, ես ալ չեմ գիտեր, թէ իմ քառամեակս աւելի արծաթային եղաւ եւ ողիմպիականն ալ այդպէս շարունակուեցաւ` արծաթով: Յուսամ` ոսկի մետալը երկար չի սպասցներ: Թերեւս  բարին ասիկա է, որպէսզի ես տակաւին ձգտիմ իմ ողիմպիական ոսկի մետալին եւ ժամանակէն շուտ չաւարտեմ մարզական ասպարէզս»:

 

Նախորդը

Ճատրակ. Սամուէլ Տէր Կարապետեան` Առաջատարներու Շարքին

Յաջորդը

Ողիմպիականի 11-րդ Օրը. Հայաստան Դարձեալ Պրոնզ Մետալի Կը Տիրանայ

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.