ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թրքական «Սապահ» թերթը կը նշէ, որ Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդը այժմ կը վերջնականացնէ մայիս ամսուն խորհրդարանին կողմէ ընդունուած այն օրէնքը, որ կ՛արգիլէ վեց երկիրներու` Հայաստանի, Քուպայի, Նիկերիոյ, Հիւսիսային Քորէայի, Սուրիոյ եւ Եմէնի քաղաքացիներուն ձեռք բերել անշարժ գոյքեր Թուրքիոյ մէջ: Սակայն ո՛չ մէկ բացատրութիւն կայ այն մասին, թէ ինչո՞ւ այս երկիրները «սեւ ցանկ» անցած են:
Այս օրէնքը կ՛ապացուցէ թուրք պաշտօնատարներուն յարատեւ թշնամական վերաբերմունքը, ինչ որ կը հակասէ անոնց մեղրածոր խօսքերուն, որ` իբր թէ անոնք կը փափաքին կարգաւորել Հայաստանի հետ իրենց յարաբերութիւնները: Իր քաղաքացիներուն նկատմամբ սահմանափակումները ուսումնասիրելէ ետք, Հայաստանի Ազգային ժողովը պէտք է փոխադարձ քայլերու ձեռնարկէ` հայկական կալուածներու ձեռքբերումով հետաքրքրուած Թուրքիոյ քաղաքացիներուն դէմ:
Առաջարկուած թրքական օրէնքը կրկնակի սադրիչ բնոյթ ունի, որովհետեւ մինչ արգելք կը դնէ Հայաստանի քաղաքացիներուն վրայ, սակայն անիկա կ՛ընդլայնէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ կատարելու իրաւունք ունեցող երկիրներուն ցանկը` 53-էն հասցնելով 129-ի, եւ կ՛արտօնէ եւս 52 երկիրներու քաղաքացիներուն` ներդրումներ կատարել որոշ սահմանափակումներով: Նոր օրէնքը նոյնիսկ կալուածներ գնել կ՛արտօնէ Թուրքիոյ մէջ այն քաղաքացիներուն, որոնց կառավարութիւնները կ՛արգիլեն թրքական ներդրումները: Թուրքիոյ անշարժ գոյքի շուկային մէջ օտարերկրեայ ներդրումներուն նկատմամբ սահմանափակումներուն թուլացումը լրացուցիչ 300 միլիառ տոլար եկամուտ պիտի բերէ յաջորդ 10 տարիներուն, կը գրէ «Սապահ»:
Ահա՛ որոշ երկիրներու նկատմամբ սոյն նոր օրէնքով սահմանուած սահմանափակումները. Չինաստանի, Դանիոյ, Արեւելեան Թիմորի, Ֆիճիի եւ Իսրայէլի քաղաքացիները կրնան գնել միայն մէկ բնակարան Թուրքիոյ մէջ: Միւս կողմէ` Յորդանանի բնակիչները կրնան գնել երկու տուն եւ մէկ ընկերութիւն: Ռուսերը եւ ուքրանացիները կրնան գնել անշարժ գոյք` Թուրքիոյ որեւէ շրջանի մէջ, բացառութեամբ Սեւ ծովու ափէն, իսկ վրացիները չեն կրնար անշարժ գոյք գնել ծովափնեայ եւ սահմանամերձ գօտիներուն վրայ: Յունաստանի քաղաքացիներուն չ՛արտօնուիր գոյք գնել Եգէական ծովու եւ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, բացառութեամբ` թրքական ծագում ունեցողներէն: Աֆղանիստանի, Եգիպտոսի, Լաթվիոյ, Մարոքի եւ քանի մը այլ ափրիկեան երկիրներու քաղաքացիներուն չի թոյլատրուիր գնել գիւղատնտեսական հող, խաղողի այգիներ կամ բանջարանոցներ: Ալպանացիները կրնան բնակարան կամ ընկերութիւն գնել, բայց ոչ` հող:
16 այլ երկիրներու քաղաքացիներ, ներառեալ` Իրանի, Պաղեստինի եւ Հնդկաստանի, նախքան Թուրքիոյ մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերելը, պէտք է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութենէն արտօնութիւն ստանան: Իրաքցիները, միւս կողմէ, պէտք է արտօնութիւն ստանան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն: Օտարերկրացի անհատ թէ ընկերութիւն մը չի կրնար գնել շրջանի մը հողերուն 10 տոկոսէն աւելին, կամ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին վրայ` 30 հեկտարէն աւելի: Օրէնքը նաեւ կ՛արգիլէ օտարերկրացիներուն գնել կամ վարձել անշարժ գոյքեր` ռազմական նշանակութիւն ունեցող կամ անվտանգութեան գօտիներուն վրայ:
Թուրքիոյ տարածքին առանց պայմաններու կամ սահմանափակումներու գոյք ձեռք բերելու իրաւունք ունեցող 129 երկիրներու շարքին են` Ազրպէյճանը, Պանկլատէշը, Պիելոռուսիան, Պրունէյը, Ղազախստանը, Քոսովոն, Քուէյթը, Խըրխըզստանը, Լիբանանը, Լիպիան, Օմանը, Փաքիստանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Սուտանը, Տաճիկստանը, Թուրքմենստանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Ուզպեքստանը:
– Ի՞նչ քայլերու պէտք է ձեռնարկէ Հայաստանը` թրքական այս նոր օրէնքին ի պատասխան:
Հայաստանի սահմանադրութեան 31-րդ յօդուածը կը նշէ. «Հողի սեփականութեան իրաւունքից չեն օգտւում օտարերկրեայ քաղաքացիները եւ քաղաքացիութիւն չունեցող անձինք` բացառութեամբ օրէնքով նախատեսուած դէպքերի»: Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) ներկայացուած հաշուետուութեան համաձայն, «Օտարերկրացիներին թոյլատրւում է օգտագործել հողը` հայկական գործընկերոջ հետ վարձակալութեան պայմանագրերի հիման վրայ: Աւելի՛ն. օտարերկրացիներն իրաւունք ունեն գնել հայկական հողի վրայ կառուցուած անշարժ գոյք, եւ շահագործել վերականգնուող եւ չվերականգնուող բնական պաշարները` կառավարութեան կողմից տրուած կոնցեսիոն պայմանագրերի հիման վրայ»: ԱՀԿ-ին ներկայացուած Հայաստանի հաշուետուութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ` «Օրէնսդրութիւնը կառավարութեանը լիազօրութիւն է շնորհում սահմանափակել եւ արգելել օտարերկրեայ ներդրումները` ազգային անվտանգութեան նպատակներով»:
Կարեւոր է իմանալ թիւը օտարերկրացի անհատներուն եւ ընկերութիւններուն, որոնք հող կը վարձեն կամ շէնքեր ու գործառնութիւններ ունին Հայաստանի մէջ, անոնց անունները, քաղաքացիութիւնը, վայրերը, չափերը եւ շուկայական արժէքները: Այս վարձակալութիւններէն քանի՞ հատը կը պատկանի թուրք քաղաքացիներու: Այս հարցերուն բարձրացումը տեղին է, որովհետեւ անցեալին Հայաստանի պաշտօնեաները նշած են, թէ կարիք չկայ սահմանափակումներ կիրարկելու այն օտարերկրացիներուն նկատմամբ, որոնք կը ցանկան ներդրումներ կատարել Հայաստանի անշարժ գոյքերու շուկային մէջ:
Թէեւ հասկնալի է, որ Հայաստան կը խրախուսէ օտարերկրեայ ներդրումները, սակայն յայտնի չէ, թէ արդեօք խոցելի սահմանամերձ շրջանները բացառուա՞ծ են վարձակալուելէ այնպիսի օտարերկրացիներու կողմէ, ինչպիսիք են ազրպէյճանցիները եւ թուրքերը` ազգային անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով: Կան նաեւ հողեր, որոնք կը պարունակեն թանկարժէք մետաղներու եւ հանքային նիւթերու ռազմական որոշ նշանակութիւն ունեցող պաշարներ: Անոնք պէտք չէ վարձակալութեան տրուին օտարերկրացիներու, որոնք թշնամի ազգի քաղաքացիներ են:
Ի պատասխան թրքական նոր օրէնքին, որով կ՛արգիլուի Հայաստանի քաղաքացիներուն անշարժ գոյք գնել Թուրքիոյ մէջ, Հայաստանը պէտք է անյապաղ ընդունի օրէնք մը, որ կ՛արգիլէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն անշարժ գոյք գնել կամ վարձել: Ո՛չ մէկ բացառութիւն պէտք է ընդունուի:
Հայերը պէտք չէ շատ անհանգստանան այն բանին համար, որ չեն կրնար Թուրքիոյ մէջ հող գնել: Յուսանք, որ օր մը անոնք ետ կը ստանան իրենց հողերը` առանց վճարելու ատոնց համար:


