Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վկայութեան Հետքերով. Հայր Վարդան Աշգարեանի Յիշատակին

August 2, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Մխիթարեան միաբանութիւնը կորսնցուց իր հաւատաւոր ու ազգանուէր անդամներէն գերապայծառ Վարդան եպս. Աշգարեանը: Ծնած է 26 նոյեմբեր 1937-ին, Անտիոք, մուսալեռցի ծնողներէն: Կանուխ հասակէն հետեւած է Վիեննական միաբանութեան վարժարանին, ապա եղած է հոգեւորական նոյն միաբանութեան:

Կենսագրական տեղեկութիւնները արձանագրուած են մամուլով: Պիտի անդրադառնամ իմ ծանօթութեան, որ սկսաւ 1970-ական թուականներուն, Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի արեւելեան լեզուներու ամպիոնին մէջ, ուր հայագիտութեան ճիւղին մէջ կը դասաւանդէր հայ գրականութիւն:

Երիտասարդ վարդապետ մըն էր, եռանդուն կը մտնէր դասարան: Կը հետեւէինք իր դասախօսութեան: Կը հիանար մեր նահատակ գրողներուն ժառանգութեան: Դանիէլ Վարուժան կու գար առաջին շարքի վրայ: Կաթողիկէ ուսում ստացած էր ան, եղած էր սանը Մխիթարեաններու վարժարանին: Հերթը կու գար Սիամանթոյին, Գրիգոր Զոհրապին: Կը բացատրէր անոնց տաղանդէն ծնած արժէքին բնոյթը: Հերթը կու գար Հայաստանի գրողներուն, Պարոյր Սեւակն էր կիզակէտը իր սիրոյն: Կը խօսէր ոգեւորուած` խանդավառելով ուսանողները: Կը նկատէինք, թէ ան միայն եկեղեցական չէր, այլեւ բանաստեղծ մը կար իր մէջ: Չէր նմաներ մեր ճանչցած կաթողիկէ կղերականներու, որոնց հայերէնը խոցելի կը մնար ընդհանրապէս, որքան ալ սորված ըլլային հայոց մեծասքանչը:

Տարիներ ետք, երբ հանդիպէինք իրարու, բարեւի փոխարէն` բարձրաձայն կ՛ըսէր. «Իմ լաւ աշակերտուհիս»:

Որքան ծանրախոհ իբրեւ եկեղեցական, նոյնքան` ընկերային տրամադրութիւն յայտնաբերող: Իրեն հետ զրուցելու պահուն բնական թեթեւութիւն մը կը զգայինք: Պարզապէս հայր Վարդանն էր ան:

Ո՛չ գերյարգելի, ո՛չ վարդապետ: Երբ ստացաւ եպիսկոպոսի կոչում, մոռցանք գերապայծառն ալ, արդէն պայծառ էր ան իր ժպիտով եւ անմիջական անկեղծութեամբ:

Բանաստեղծ մը կը շնչէր իր ներաշխարհին մէջ: Վիեննայի երաժշտական մթնոլորտը, Դանուբ գետի հզօրութիւնը, Վանքին խստակրօն առօրեան գրողը ստեղծած էին: Կը պաշտէր գեղեցկութիւնը, բնութիւն ըլլար թէ մարդկային արարած, մանուկ ըլլար թէ կին, որ դէպի մայրութիւն կը խոնարհի: Իր բանաստեղծութիւնները վկայութիւններ եղան պարզապէս: Փառաբանեց ԿԻՆԸ, անոր շնորհները, առանց բարդոյթի: Վերջապէս, երբ ազատամտութիւնը անկեղծութեան մաքրութեամբ շաղուած է, ո՞վ կրնայ հակասական տրամադրութիւն դրսեւորել:

Ազգասէր էր ան, հայրենասէր, գաղափարապաշտ: Իր բանախօսութիւնները մեր ազգային տօնակատարութիւններուն ընթացքին այնքան խանդավառութիւն կը ստեղծէին, որ ծափահարութիւններ կը խլէր: Ան սիրելի էր նաեւ իր համառօտ, կարճատեւ բանախօսութիւններուն համար: Կարճ ու կտրուկ: Անգամ մը, Մեսրոպեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ Ղարաբաղի ճակատամարտի օրերուն, բեմ հրաւիրուեցաւ երկու խօսք ըսելու եւ հանդիսութեան փակումը կատարելու: Քանի մը նախադասութեամբ փառաւորեց Արցախի հերոսները, ապա բարձրացուց ձայնը եւ յայտարարեց այդ օրերուն նոր լսուած երգի մը յանկերգը մէջբերելով.

«Հողը արիւնով են փրկում, իմացէ՜ք…»: Սրահը թնդաց ծափողջոյններով: Վերջապէս, յեղափոխականի խմոր ունէր հայր Վարդան…

***

Տակաւին գերապայծառ չէր հռչակուած, բայց կը մնար Ժաաթաուի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը, գուցէ իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ: Պաշտօնի բերումով հոն կը գտնուէի, երբ զինք տեսայ բաց դուռով սենեակի մը մէջ: Ուսուցիչս էր, բարեւեցի, զիս ներս հրաւիրեց:

– Կը կարդամ գրածներդ… Իմ աշակերտուհիս եղած ես… նոր բաներ կը գրե՞ս:

– Պատմուածքներ ունիմ, մեկենաս չունիմ…

– Ինծի բեր գրութիւններդ, Մխիթարեան մատենաշարը կը տպէ Վիեննայի մեր տպարանին մէջ: Անակնկալ ուրախութիւն մը զգացի` նոյն ատեն զարմանալով այնքան արագ իր որոշման:

– Վաղը բեր ձեռագիրներդ, քանի մը օրէն Վիեննա պիտի երթամ, հետս կը տանիմ,- ըսաւ ամենայն պարզութեամբ:

Յաջորդ օրը ձեռագիրներովս ներկայացայ իրեն, յանձնեցի «տոմարս»: Առիթ չէի ունեցած գիրքին անուն մը տալու: Հարցուցի.

– Հա՛յր Վարդան, անունը չեմ դրած, ի՞նչ անուն տանք: Բացաւ առաջին էջը, ու կարդաց. առաջին պատմուածքին վերնագիրն էր. «Երջանկութիւնը, որ իմս չէր»:

– Հիանալի վերնագիր: Այս կ՛ըլլայ գիրքիդ անունը,- ու այդպէս մկրտեց… Միւս էջերուն չնայեցաւ: Միայն մէկ վերնագիր կարդաց եւ ծրարը վերցուց:

Գործնական մարդ էր: Զգայուն եւ հասկցող: Պարզ ու անմիջական: Տնօրէնութեան պաշտօններ վարած է` միշտ ուրախ եւ դաստիարակողի հոգեբանութեամբ: Պարծենկոտութեան հովը չէր փչեր իր սքեմէն: Այդ էր սիրելին իր ներկայութեան, ո՛ւր որ ալ գտնուէր:

Այսքան զուարթ ու մարդասէր հայր Վարդան դժբախտութիւնը ունեցաւ վարակուելու այդ գէշ ախտէն, խլիրդէն: Ձայնը կորսնցուց, բայց չունեցաւ բարդոյթի արտայայտութիւն: Վստահ ենք` տառապեցաւ, բայց ապաւինեցաւ Սուրբ Կոյսին, որուն նուիրուած բազում քերթուածներ ստեղծագործեց: Հայ մայրերուն մէջ կ՛ուզէր տեսնել Աստուածամօր պատկերը…

Ի՛նչ ըսենք, հայր Վարդան: Ծերութեան ցուպը չբռնած` հիւանդութիւնը թշնամացաւ քեզի: 2012  թուականի Նոր տարուան հետ մեկնեցար Վիեննայի վանքը, ուր օծուած էիր: Հազիւ` 6-7 ամիս բացակայութիւն մը Լիբանանէն: Գուժը ցնցիչ էր: Հայր Վարդան Աշգարեան գերապայծառը ոչ եւս է…

Ափսո՜ս: Մահը որքան դաժան իրականութիւն մըն է…

Հոգիիդ լոյս իջնէ, սիրելի՛ Հայր Վարդան…:

 

31 յուլիս 2012

Նախորդը

«Նոր Էջ Բանալը Նախընտրելի Է, Բայց Երբեմն Գիրք Փոխելը` Անհրաժեշտ»

Յաջորդը

Արծաթեայ Գօտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.