Ֆութպոլի Արժանթինի ազգային հաւաքականի եւ Տուպայի Ուասլէ ակումբի նախկին գլխաւոր մարզիչ Տիեկօ Մարատոնա բանակցութիւն կը վարէ Չինաստանի ախոյեանութեան մասնակցող ակումբներէն մէկուն հետ, որուն անունը չի հրապարակուիր:
51-ամեայ արժանթինցին Տուպայի մէջ տեսակցած է չինական ակումբի ներկայացուցիչներուն հետ:
Յիշեցնենք, որ Մարատոնա 10 յուլիսին Ուասլիէի մարզիչի պաշտօնէն պաշտօնանկ եղած էր` խումբին անյաջող մրցումներուն պատճառով: Ուրեմն, ի՞նչ կը փնտռեն չինացիները… գլխու փորձա՞նք…


