Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Գործողութեան 29-ամեակի Նշում` Այնճարի Մէջ

July 30, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հոգեհանգստեան արարողութենէն պահ մը

Ուրբաթ, 27 յուլիս 2012-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի հինգ տղոց նահատակութեան 29-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ներկայ էին մեծաթիւ հայորդիներ:

Ձեռնարկին սկիզբը ժողովրդային տան մէջ զետեղուած` Այնճարի նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին դիմաց կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին: ԼԵՄ-ականներ ծաղկեպսակ զետեղեցին յուշարձանին:

ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին անունով ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Եւիկ Աշգարեան, որ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ Լիզպոնի տղոց ծնողներուն իրենց զաւակներուն կատարած պատուաբեր զոհաբերութեան համար:

Ան նաեւ շեշտեց Պետիկ Ինճէեանի անունը` ընդգծելով, որ հայ ժողովուրդի եւ Այնճարի հրաշալի զաւակ Պետիկ Ինճէեան Լիզպոնի տղոց նման գիտցաւ արհամարհել կեանքն ու անոր շինծու հաճոյքներ:

Ե. Աշգարեան եզրակացնելով իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն` ըսելով. «Դուք, ձեր ներկայութեամբ, անգամ մը եւս հաստատեցիք, որ Լիզպոնի նահատակ հերոսները ամէն օր կը վերապրին ձեր մէջ, ձեզի հետ, եւ անոնց յիշատակը կ՛անմահացնէք դուք»:

Յակոբ Այնթապլեան

Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Այնթապլեան, որ նշեց, թէ 1973-էն սկսեալ, երբ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները մեծ թափով սկսան ընթանալ, Սիմոնը, Վաչէն, Արան, Սեդրակը եւ Սարգիսը անձնազոհութեան գերագոյն օրինակով հեգնեցին փառքը, կեանքը, եւ նոյնիսկ մահը` անգամ մը եւս հաստատելով, որ հայ երիտասարդը անդրդուելի է իր արդար պահանջատիրութեան մէջ եւ պատրաստ է մինչեւ իր արեան վերջին կաթիլը թափելու:

Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց Լիզպոնի գործունէութիւնը` հաստատելով, որ այդ հինգ հերոսները իսկապէս ունէին լուրջ կեցուածք իրենց կատարածին նկատմամբ, եւ ատոր մասին կը վկայենք իրենց իսկ արտասանած խօսքերէն:

Այնթապլեան յայտնեց, որ Լիզպոնի դէպքէն կարճ ժամանակ ետք սկսաւ արցախեան ազատամարտը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր ազատամարտիկ յատուկ յարգանքով եւ երախտագիտութեան զգացումով յիշեց Լիզպոնի տղաքը եւ անոնց գործողութիւնը ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ այդ նոր ֆետայիներուն:

ԼԵՄ-ականներ ծաղկեպսակ կը զետեղեն

Յակոբ Այնթապլեան կոչ ուղղեց ձեռնարկին ներկայ գտնուած երիտասարդներուն` ըսելով. «Այդ հինգ քաջ հերոսները ձեզի կը թելադրեն, որ նախ եւ առաջ ճանչնաք ձեր հայրենիքին գրաւուած տարածքները, ճանչնաք պատմութիւնը իր բոլոր մանրամասնութիւններով, իր հերոսական դրուագներով թէ ողբերգական հանգրուաններով»: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, որ Լիզպոնի հինգ աստղերը կը շողան, այնքան ատեն որ մեր երիտասարդները ամուր կը պահեն մեր եկեղեցին, դպրոցը, ակումբը… Այնքան ատեն որ մեր երիտասարդութեան սիրտը Արարատ լերան գագաթն է, հոգին Ղարաբաղ, իսկ միտքը` Մուսա լեռ:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով` շեփորախումբին ընկերակցութեամբ: Ներկաները «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տունէն մեկնեցան ներշնչուած այն ուխտով, զոր արդէն 29 տարիներէ ի վեր կը պահեն իրենց սրտերուն մէջ:

 

Նախորդը

Սեդա Դեղարարեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Գերապայծառ Աշգարեան Վախճանեցաւ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.