Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաժակ Մը Ջուրի Մէջ Փոթորիկը Կը Շարունակուի

July 23, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ատլանտեանի երկու ափերուն, եւ դեռ այլ երկինքներու տակ, ուր ծնծղաները նուազ են, եւ անոնց աղմուկը հեռուները չի հասնիր, ներազգային կեանքը զբաղեցնող «ցեղասպանութեան» հարցին սա կամ նա դրսեւորումները կը շարունակուին: Աղմուկ եւ թերթերու կեր:

Ի՞նչ կ՛ուզենք, ի՞նչ կու տան, կամ ի՞նչ կը կարծենք, որ պիտի տան:

Օպամային նոր բան պիտի առաջարկեն: Ի՞նչ նոր բան կրնայ ըլլալ, որ ցարդ եղածներէն տարբեր ըլլայ:

Ֆրանսան ճանչցած է հայոց «ցեղասպանութիւնը» եւ զայն օրէնքի ձեւով, նախագահի եւ վարչապետի ստորագրութեամբ հրատարակած էր ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹին մէջ:

Բայց կը պատահի՞, որ գիտական խնդիր լուծող աշակերտի պէս կարդանք այն, ինչ որ ընդունուած է որպէս օրէնք: Մենք մեզի ցաւ չպատճառելու եւ չանհանգստանալու  համար այդ ընթերցումը չենք կատարեր:

Անոնք, որոնք քաղաքական եւ ազգային հաւկուրութենէ չեն տառապիր, ինչո՞ւ այդ ընթերցումը չեն կատարեր. եթէ կատարեն, թերեւս իրենք իրենց օգտակար կ’ըլլան, ապագայի նախաձեռնութիւններու եթէ դիմեն:

Յիշենք այդ ՕՐԷՆՔը.

«Ֆրանսան կը ճանչնայ 1915 Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Անհասցէ, անհայրենիք, առանց ամբաստանեալի անուան ճանաչում մը:

Վերջապէս «բան» մըն էր:

Եւ գոհ էինք:

Օրին ԻՍԿԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄ չունեցանք, չըսինք, որ այդ ճանաչումը նուազուրդով ճանաչում էր, ինչպէս կ’ըսէ ֆրանսացին, au rabais: Եթէ օրին մենք մերժէինք այդ նուազուրդը, յարգելի կ’ըլլայինք, եւ ՕՐԷՆՔԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐու ջրապտոյտին մէջ չէին խեղդեր, ինչ որ ՈՃԻՐի մը ՈՒՐԱՑՄԱՆ դէմ որոշում պիտի ըլլար:

Երբ ուզեցինք ուրիշ ցեղասպանութեան մը նկատմամբ որդեգրուած վերաբերումները նաեւ մեր պարագային մէջ փոխադրել, Ֆրանսայի ազգային ներկայացուցչութիւններու օրէնսդրական քուէարկութիւնները չբաւեցին: Անոնց տեղը գրաւեցին ՕՐԷՆՔԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐը: Թէ նմանօրինակ այլ պարագայի մը ինչո՞ւ այդ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԽԱՓԱՆՈՂ դեր չունին, տիեզերական գաղտնիք է:

Հիմա Ֆրանսայի մէջ վերսկսած է պարը, paso doble: Կլոր-կլոր պիտի դառնանք: Մինչե՞ւ երբ եւ ո՞ւր հասնելու համար: Մարսէյի երեսփոխան տիկինը նոր օրինագիծ կը պատրաստէ` շրջանցելու համար ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐը, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը կը շոյէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, որ իր երկիրը անհանգստացնող որոշումներ պիտի չկայացուին, եւ առեւտուրը թափ պիտի առնէ, իսկ Ֆրանսայի նախագահը կը յայտարարէ, որ իր նախընտրական խոստումը պիտի յարգէ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման դէմ օրէնքը պիտի որդեգրուի:

Ժողովրդական իմաստութիւնը կ’ըսէ, որ լեզուն այրողը թանն ալ փչելով կը խմէ:

Քանի մը անգամ ալ յիշեցում եղաւ, որ նման ճանաչում բաւարարութիւն պիտի տայ Ֆրանսայի ծագումով հայ քաղաքացիներուն: Նման արտայայտութիւն կը փոքրացնէ ազգի մը դէմ գործուած ցեղասպանական ոճիրին տարողութիւնը: Այլ խօսքով, Ցեղասպանութեան ճանաչումը, եւ այդ ոճիրին ուրացման քրէականացումը, միջազգային եւ համամարդկային նշանակութիւն եւ տարողութիւն պէտք է ունենան հայ ազգին համար, եւ ոչ միայն` ծագումով հայ ֆրանսացիներուն: Երբ մենք այս էական նրբութեան վրայ չենք դներ շեշտը, պէտք չէ զարմանալ, որ վաղը, նոյնիսկ նախագահի կամքին դէմ, օրէնքի ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐու պատուար բարձրացնեն:

Իսկ եթէ հայութիւնը, Հայաստանը Հանրապետութիւնը, եւ սփիւռք(ներ)ը, միաժամանակ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի առաջադրանքով հրապարակ գան, նաեւ` մասնակի պարագաներուն, ինչպէս որ են Ֆրանսայի մէջ ընթացած եւ ընթացող նախաձեռնութիւնները, թերեւս անմիջական, մխիթարական, անվաղորդայն եւ տեղ չտանող յաջողութիւններ չենք ունենար, բայց կ’ունենանք միացնող ազգային քաղաքականութիւն, որ ապագայ կը նախատեսէ, եւ մենք կը դադրինք գործածելէ կացութեան հետ հաշտուածի եւ պարտուածի  Անատոլու եւ Պատմական Հայաստան բացատրութիւնները:

Կ’ըսենք` ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

Ո՞վ կամ որո՞նք կ’անհանգստանան նման յստակացումէ ետք, պատճառ կրնա՞յ ըլլալ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռք(ներ)ի քաղաքականութիւնը ազգային եւ համահայկական չըլլայ:

Ֆրանսացին կ’ըսէ. «Il faut mettre les points sur les i…»:

Իսկ մեր ամէնէն զտարիւն մտաւորականը` Շաւարշ Նարդունի, կը յայտարարէր, որ` «կատուին կատու պիտի ըսէր»…

Ա՛յս պէտք է ընել, որպէսզի յոյսերու սպասումները չշարունակուին Ամերիկայի նորոգուող նախագահներով, եւ Ֆրանսայի մէջ ալ հին դիպաշարով նոր եւ յուզիչ թատրոն չխաղցուի…

Թերեւս տաղտկալի խօսքեր, թերեւս անհանգստացնող:

Բայց կոչ` պճեղ մը իրատեսութեան եւ ապագայատեսութեան:

«Թուքով կպցրած» քարերով պատմութիւն չի գրուիր:

 

10 յուլիս 2012

 

Նախորդը

Թուրքիա Հետաքրքրութիւն Կը Ցուցաբերէ Տրապիզոնի Նաւահանգիստէն Օգտուելու Հայկական Պահանջին Նկատմամբ

Յաջորդը

Սկովտիական Ֆութպոլ. Տանտի Փոխարինեց Ռէյնճըրզը` «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.