Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

6-ՐԴ ՏԱՐԻՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՄԼԵԱՆ- ԹԱԹԻԿԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՍԻՓԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐ ԵԼՈՅԹԸ

March 5, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պարախումբի ելոյթէն պահ մը

Երէկ` ուրբաթ, 4 մարտի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի «Սիփան» պարախումբը 6-րդ տարին ըլլալով ներկայացուց հայկական տոհմիկ պարերու երեկոյ` պարուսոյց Գարինա Ալեքսանդրեանի հսկողութեամբ:

80 պարողներ յաջորդաբար ներկայացուցին 18 պարեր` «Վաղարշապատ», «Եարիս պոյը», «Հաննիա», «Սարերի հովին մեռնեմ», Սազով տղայ», «Անծանօթ սէր», «Պափոտի», «Խենթ անուշ», «Թամզարա», «Զանգեզուր», «Շիրազի գովքս», «Առաւօտ», «Փոշմանել եմ», «Կը քալէ», «Ճէյրան Բալա», «Զարթօնք», Մենք ենք մեր սարերը», եւ «Հայրենիք»:

Ուշագրաւ է այն երեւոյթը, որ պարախումբի անդամները արհեստավարժ պարողներ չեն, սակայն «Սիփան» պարախումբի նպատակը արհեստավարժ պարողներ պատրաստելը` չէ, այլ` իբրեւ սփիւռքահայ հայկական պարարուեստը սորվիլ եւ պահպանելն է:

Փորձերու ընթացքին անդամները կ՛ունկնդրեն եւ կը ծանօթանան հայկական պարեղանակներու եւ երգերու ու կը սորվին հայկական տարբեր շրջաններու ազգագրական պարերու շարժումները, որոնք կ՛օգտագործուին իրենց սորված պարերուն մէջ:

Արդարեւ, 6-րդ տարին ըլլալով, «Սիփան» պարախումբը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, ներկայացուց յաջող ելոյթ մը` ներկաները փոխադրելով դէպի իրենց հայկական ակունքները:

Ելոյթի աւարտին խօսք առաւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի տնօրէն պատ. Հրայր Չոլաքեան: Ան բարձր գնահատեց պարուսոյց Գարինա Ալեքսանդրեանի տարած անխոնջ ու անձնուէր աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ելոյթի յաջողութեան: Պարախումբի անդամները իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին պատ. Հրայր Չոլաքեանին, որ միշտ քաջալեր հանդիսացած էր «Սիփան» պարախումբին, եւ այս առիթով պարախումբի կողմէն յուշանուէր մը յանձնեցին անոր:

Յայտնենք, որ «Սիփան» պարախումբը այսօր եւս հանրութեան պիտի ներկայանայ 2 ելոյթներով` ցերեկոյթ ժամը 4:30-ին եւ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, նոյն վայրին մէջ:

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ, ՓԵՏՐՈՒԱՐԵԱՆ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.