Լիբանանի մոթորսայքլինկի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ կիրակի, 8 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի «Մոթոքրոս»-ի 2012 տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումը` Ֆալուղայի շրջանին մէջ:
Ֆետերասիոնը կը տեղեկացնէ, որ բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն Ա. հանգրուանի այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերել, պէտք է կապ հաստատեն այս մրցաշարքի տնօրէն Ժան Զէյնի հետ` հեռաձայնելով 70-795459 թիւին:


