Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տարագրութիւն, Որբեր, Մելգոնեան Հաստատութիւն». (Խմբագիր` Վարուժան Արքեպիսկոպոս)

July 6, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի հայրապետութեան Արամ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ հրամանաւ Վարուժան արքեպիսկոպոսի` կաթողիկոսական  փոխանորդ Կիպրոսի հայոց թեմին, Երեւանի «Դար» հիմնադրամի հրատարակութիւնը 2011-ին լոյս ընծայեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն «Տարագրութիւն որբեր եւ Մելգոնեան հաստատութիւն» խորագրեալ վաւերագրական գործը, որ կը բաղկանայ 320 էջերէ:

Կիպրոսի Ազգային առաջնորդարանի արխիւներէն քաղուած չորրորդ հատորն է վերոյիշեալ հրատարակութիւնը, որ հիմնականին մէջ կ՛արծարծէ հետեւեալ գլխաւոր երեք նիւթերը.

1.- Տարագրութիւն եւ տարագիրներ, Հայկական Կիլիկիոյ վերջին դէպքերը եւ վերջնական պարպումը:

2.- Գաղթականութիւն, որբեր եւ որբանոցներ:

3.- Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հետ առնչուած հարցեր:

Վարուժան արքեպիսկոպոս  կ՛ըսէ, թէ տարագրութեան եւ տարագիրներու հարցին կապակցութեամբ, Պետրոս արք. Սարաճեան Կիպրոսի հայոց թեմին առաջնորդի պաշտօնը վարած շրջանին տարած է տքնաջան աշխատանք` օգնութեան ձեռք երկարելով Կիլիկիոյ ողբերգական դէպքերու ընթացքին, ահաւոր կորուստներու ենթարկուած ու սարսափի մատնուած բազմահազար հայութեան:

Այս յղացքով, Սարաճեան արքեպիսկոպոս նամակներով եւ պաշտօնական միջոցներով կը դիմէ Եւրոպայի ազդեցիկ քաղաքագէտներուն եւ համբաւաւոր եկեղեցիներուն, որ պաշտպան կանգնին հայութեան եւ Կիլիկիոյ հայապատկան հողերուն:

Հակառակ եւրոպացիներուն ուղղուած վերոյիշեալ հայանպաստ դիմումներուն` Կիլիկիոյ հայերը կը տարագրուին իրենց հարազատ օճախներէն եւ Կիլիկիան դաւադրաբար կ՛անցնի քեմալական թուրք պետութեան ձեռքը:

Վարուժան արքեպիսկոպոս ապա կ՛անդրադառնայ Կիլիկիոյ իրենց հողերէն տարագրուած հայ որբերու տառապանքին, որոնք կ՛ապրին որբանոցներու մռայլ մթնոլորտին մէջ: Կ՛ըսէ, թէ որբանոցային կեանքը նորութիւն մը չէ եղած երբեք մեր ազգային կեանքին մէջ, այլ իբրեւ կրթական եւ ընկերային հաստատութիւն` գոյութիւն ունեցած է նախապէս 19-րդ դարու աւարտէն ի վեր: Այս իրողութեան յատկանշական մէկ երեւոյթը այն է, կ՛ըսէ Վարուժան արքեպիսկոպոս,  որ Ատանայի կոտորածներուն ատեն Կիպրոսի հայ համայնքը հիւրընկալած է ատանացի անմխիթար գաղթականներ եւ Լառնաքայի մէջ կերտած է նաեւ մատուռը Սուրբ Ստեփանոս Նախավկային` ոգեկոչելով յիշատակը Ատանայի բիւրաւոր հայ նահատակներուն:

Սոյն գործին մէջ յատկացուած է լայն բաժին մը այն նամակներուն, որոնք կը վերաբերին գաղթականներուն, որբերուն եւ որբանոցներուն: Անոնք, իրենց հարազատ վկայութեամբ, սկզբնաղբիւրը կը ծառայեն այն մտաւորականներուն, որոնք մօտէն շահագրգռուած են 20-րդ դարու սկիզբը, Կիլիկիայէն պարտադրաբար Լառնաքա փոխադրուած տարագիր հայերու ճակատագրով:

Իսկ հատորին երրորդ բաժինը յատկացուած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հիմնադրութեան հարցին:

Այս կապակցութեամբ, յիշեալ հրատարակութեան մէջ լոյս տեսած է յատուկ թղթակցութիւն ո՛չ միայն Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի, այլ նաեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ անձնաւորութիւններու միջեւ: Ուշագրաւ են յատկապէս այն կարգ մը նամակները, զորս գրած է Պետրոս արք. Սարաճեան հայատառ թրքերէնով եւ զանոնք ուղարկած` Կարապետ աղա Մելգոնեանին: Վարուժան արքեպիսկոպոս կ՛ըսէ, թէ հակառակ բարեկամներու կողմէ իրեն եղած աջակցութեան` չէ կրցած վերծանել սոյն նամակները:

Այսուհանդերձ, հատորին մէջ ներփակուած մեծաթիւ նամակները իրենց վաւերական խորքով կրնան օգտակար ըլլալ պատմագէտներուն, որոնք Մելգոնեան կրթական հաստատութեան շուրջ կը տանին ուսումնասիրական աշխատանք: Այս առնչութեամբ, յիշեալ նամակները ունին նաեւ պատմական արժէք այն իրողութեամբ, որ անոնք կրնան բաւարար լոյս սփռել Մելգոնեան հաստատութեան եօթանասունհինգ տարիներու կրթական անխոնջ գործունէութեան վրայ:

Պէտք է ըսել, որ շնորհիւ Վարուժան արքեպիսկոպոսի արխիւային փնտռտուքներուն, Կիպրոսի Ազգային առաջնորդարանի արխիւներէն քաղուած «Թղթակցութիւններ»-ը վերածուած են չորս շահեկան հատորներու:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Փետրուար, 2012
Պէյրութ

 

Նախորդը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. 80-Ամեակի Հունձք

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ուժանիւթային Ծրագիրները Իրաքի Քրտական Շրջանին Մէջ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.