Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Շրջանային Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

June 26, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

22, 23, 24 յունիսին աւարտեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 75-րդ Շրջանային ժողովի աշխատանքները` Ալֆորվիլի մէջ: Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի տարբեր շրջաններու պատգամաւորները եռօրեայ ժողովին ընթացքին քննարկեցին կազմակերպական, քաղաքական, համայնքային, համազգային խորքային հարցեր, ապա մշակեցին յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան Եւրոպայի մէջ կիրարկուելիք մարտավարութիւնը` հիմնուելով ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի ճշդած ռազմավարութեան վրայ:

Շրջանային ժողովը երկար քննարկեց եւրոպական կուսակցութեանց հետ յարաբերութեան հոլովոյթը, Հայաստանի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական իրավիճակը, Հայաստան – սփիւռք յարաբերութիւններու թղթածրարը, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խնդիրը, Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան գործնական դրսեւորումը` Եւրոպայի եւ յատկապէս Ֆրանսայի տարածքին, որուն լոյսին տակ լայնօրէն անգամ մը եւս քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման ու ժխտողականութեան քրէականացման օրէնքի անհրաժեշտութիւնը եւ անոր ձեռքբերման հրամայականը, ջաւախքահայութեան հիմնախնդիրները, Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հոլովոյթը:

Նկատի առնելով Եւրոպայի տարածքին ու յատկապէս Ֆրանսայի մէջ պետականօրէն տարուող Թուրքիոյ հակահայ յարձակողական քաղաքականութիւնը, նկատի առնելով սփիւռքի ու յատկապէս ֆրանսահայ համայնքի ձեռք բերած քաղաքական թէ այլ տասնամեակներու յաջողութիւնները ամէն գնով նսեմացնելու յստակ ճիգը, նկատի առնելով թրքական համայնք յառաջացնելու եւ այդ ճամբով Ֆրանսայի տարածքին հայկական կողմի «այլընտրանք» ստեղծելու Անգարայի ջանքերը, Շրջանային ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց ամրապնդել հայկական միասնական դիրքերը, համախմբել ամբողջ հայ համայնքի ներուժը` արտաքին այս վտանգին դէմ, հաստատելով, որ միայն միասնականութիւնն է, որ պիտի ապահովէ Անգարայի կողմէ յայտարարուած այս պատերազմին դէմ մեր անվտանգութիւնը:

Շրջանային ժողովը իր աւարտին ընտրեց նոր Կեդրոնական կոմիտէ` հետեւեալ կազմով.

Մուրատ Փափազեան, Հրաչ Վարժապետեան, Մարիեթ Կարապետեան, Մուրատ Արսլանեան, Անդօ Էքօ Նշանեան, Տիգրան Շահմիրեան, Յարութ Մարտիրոսեան, Ռուբէն Փափազեան, Յովսէփ Տէր Գէորգեան:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ԴԻՒԱՆ

24 յունիս, 2012
Ալֆորվիլ

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Բացում` «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի

Յաջորդը

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Քոլեճ. Աւարտական Դասարանի Աշակերտ Բալիկ Լատոյեանի Հաշուետու Համերգ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։