Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Լաւ Պատճառ Մը Ունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու

June 25, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

12 յունիսին Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթի մէջ գումարուեցաւ «պատմական նիստ մը», որուն ընթացքին «եօթը տարբեր քաղաքական կուսակցութիւններու ճնշող մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու» հարցին, գրած է Երուսաղէմի մէջ Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հարցերով հիմնարկի գործադիր տնօրէն տոքթոր Իսրայէլ Չառնին: Ան զգուշաւոր նախատեսութիւն մը կատարեց այն մասին, որ Քնեսեթը արդէն աւարտեց իր բոլոր օրէնսդրական գործընթացները, որոնք պիտի առաջնորդեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

Թէեւ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունումը ողջունելի է, բայց եւ այնպէս Իսրայէլ այս մէկը շատոնց պէտք էր կատարած ըլլար: Իրականութեան մէջ հրէական պետութիւնը պէտք էր Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւնը ըլլար` Ողջակիզումի (Շոահ) ահաւոր ժառանգութեան պատճառով: Ո՞վ պէտք է կարեկցանք տածէ ցեղասպանութեան զոհերուն նկատմամբ, եթէ ոչ անոնք, որոնք նոյնանման ճակատագիրի ենթարկուած են: Քնեսեթի անդամ Նինօ Ապեսածէ նիստին ընթացքին նկատել տուաւ, որ` «Մենք ալ զոհեր տուած ազգ ենք, ուստի իրաւունք չունինք չմիանալու զոհուած ուրիշ ժողովուրդի մը դատին»: Քնեսեթի ազդեցիկ այլ անդամներէն մէկը` Լիքուտ կուսակցութեան ներկայացուցիչներէն Զէեւ Էլքին յայտնած է. «Մենք աշխարհի մէջ ապրող վերջին ազգերէն ենք, որ տակաւին չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ասիկա մեր բարոյական պարտականութիւնն է, զոր ցարդ չենք կատարած»:

Տոքթոր Չառնի կը գրէ, թէ 12 յունիսի նիստին  Քնեսեթի նախագահ Ռեւին Ռիվլին «հաստատակամ եւ ոգեշնչող կերպով» խօսած է` «խոր համոզումով անդրադառնալով հրեաներուն ու Իսրայէլի կողմէ ուշացած ճանաչման հրամայականին»: Նախագահ Ռեւին յայտարարած է, որ կարիք չկայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կրկին քուէարկութեան դնելու, քանի որ խորհրդարանը նախորդ տարի միաձայնութեամբ թեր քուէարկած էր ճանաչման: Տոքթոր Չառնի բացատրեց, որ ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին` Քնեսեթի որոշումները լիագումար նիստին կ՛արծարծուին, նախքան յանձնաժողովներէն մէկուն կողմէ քննարկուիլը: Հայոց ցեղասպանութեան որոշման յաջորդ հանգրուանը Կրթական յանձնաժողովն է, որմէ ետք անիկա կրկին կ՛ուղարկուի Քնեսեթ` վերջնական քուէարկութեան համար: Միայն այն ատեն կարելի է ըսել, որ Քնեսեթը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

12 յունիսի նիստին անսպասելի զարգացումներէն մէկը բնապահպանութեան նախարար Կիլատ Էրտանի կատարած հաստատումն էր. ան յայտարարեց, որ պաշտօնապէս կը խօսի կառավարութեան անունով: Ան յստակօրէն հաստատեց, որ Իսրայէլ որոշած է ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աւելի՛ն. նախարար Էրտան շեշտեց. «Իսրայէլի պետութիւնը երբեք չէ ուրացած զայն, ընդհակառակն, մենք կ՛ողբանք (Հայոց) ցեղասպանութիւնը»: Այս մէկը անակնկալ հաստատում էր, որովհետեւ բոլորին համար յստակ է, որ թրքական ճնշումի տակ Իսրայէլ մնայուն կերպով մերժած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Այնուամենայնիւ, հակառակ Իսրայէլի պետութեան ժխտողական կեցուածքին, 24 ապրիլ 2000-ին արդարադատութեան նախարար Եուսի Պէյլինն ու կրթութեան նախարար Եուսի Սարիտը ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը, մինչ կառավարութիւնը փութաց պահանջելու, որ անոնք հրաժարին իրենց հաստատումներէն: Պէյլին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է նաեւ 1994-ին, երբ արտաքին գործոց փոխնախարար էր:

Այն իրողութիւնը, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան այնպիսի հանգրուանի մը, երբ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններ վատթարացման ընթացքի մէջ են, անհանգստացնող հարցադրումներ կ՛առաջադրէ Իսրայէլի իսկական նպատակներուն մասին: Բարոյապէս մերժելի պիտի ըլլայ տեսնել, թէ ազգի մը հաւաքական սպանդը կ՛օգտագործուի քաղաքական կոշտ հաշիւներու: Այնուամենայնիւ, պէտք է գիտակցիլ, թէ միջազգային յարաբերութիւնները հազուադէպօրէն խարսխուած կ՛ըլլան բարոյական սկզբունքներու վրայ: Եթէ գոյութիւն չունենային տնտեսական եւ քաղաքական նկատառումները, ամբողջ աշխարհը շատոնց ճանչցած կ՛ըլլար Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Թէեւ քննադատները կրնան գոհ չըլլալ այն իրողութենէն, որ Իսրայէլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կը քննարկէ այնպիսի ժամանակ, երբ Թուրքիոյ հետ գժտութիւններ կան, բայց եւ այնպէս, ըստ ինծի, մեծագոյն սխալը այն է, որ այսքան տարիէ ի վեր Իսրայէլ ճիշդ քայլը չէ առած: Նոյնիսկ հիմա, երբ ջանքեր ի գործ կը դրուին Իսրայէլի կողմէ` անցեալի սխալները սրբագրելու եւ ճշմարտութիւնը ընդունելու, Իսրայէլի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մտահոգ են, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արծարծումը կրնայ աւելի եւս սրել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: Քնեսեթի անդամ Առնեհ Էլտատ մերժեց այդ առարկութիւնները` մատնանշելով ընդդիմախօսներուն անտրամաբանական դիրքորոշումը. «Քանի մը տարի առաջ մարդիկ կ՛ըսէին, որ չենք կրնար այդ մասին խօսիլ` նկատի ունենալով Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւնները: Ներկայիս մարդիկ կ՛ըսեն, որ չենք կրնար այդ մասին խօսիլ` նկատի ունենալով Թուրքիոյ հետ վատ յարաբերութիւնները»: Էլտատ աւելցուց, որ երբ մարդիկ չեն կամենար բարոյական եւ ցեղային հարցեր բարձրացնել, միշտ ալ կը շեշտեն, որ նման հարցերու շուրջ քննարկումներ կատարելու ժամանակը չէ:

Այնուամենայնիւ, կայ կարմիր գիծ մը, զոր ոչ մէկ հայ պէտք է շրջանցէ. Իսրայէլի պաշտօնատարներ կը փորձեն Հայաստանէն եւ հայերէն քաղաքական զիջումներ ձեռք բերել` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման փոխարէն: Նման պահանջներ կտրականապէս պէտք է մերժուին, մանաւանդ որ հայերը ոչինչ կը պարտին Իսրայէլի` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար, որովհետեւ անիկա համայն աշխարհին կողմէ ճանչցուած պատմական իրողութիւն է: Իսրայէլ պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը պարզ այն պատճառով, որ այդ մէկը ճիշդ քայլ մըն է, զոր պէտք է առնէ` արտացոլացնելով աշխարհասփիւռ առաքինի հրեաներուն զգացումները:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

Ազրպէյճանը Ազերիացման Ճանապարհին. Ազգային Փոքրամասնութիւնները Ժամանակակից Ազրպէյճանում

Յաջորդը

Եուրօ-2012. Շվայնսթայկըր. «Այս Անգամ Փենալթիի Հարուածը Պիտի Հասցնեմ Իր Նպատակին»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.