Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցայգալոյս. ՀՅ Դաշնակցութիւնը Յեղափոխութիւնն Է

November 27, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Վերջերս, ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 136-ամեակին առիթով, ընկերային ցանցերու տարբեր հարթակներու վրայ կը տեղադրուին տեսանիւթեր,  որոնց ընդմէջէն հայորդիներ, մեծեր թէ փոքրեր, կ՛արտայայտեն իրենց տեսակէտը, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ իրենց համար: Մէկը կ՛ըսէ` արդարութիւն, ուրիշ մը` ազատութիւն, այլ հայորդի մը` պայքար եւ այլն: Իսկ մեր անձնական կարծիքով` մեկնելով նոյնինքն կուսակցութեան անուանումէն եւ անոր յեղափոխական անցեալէն ու աւանդներէն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ:

Թէ՛ ի՛նչ կրնայ նշանակել ներկայիս յեղափոխութիւնը հայ կեանքին մէջ, իւրաքանչիւր անձ տարբեր կերպով կրնայ մեկնաբանել: Մեզի համար յեղափոխութիւնը նախ եւ առաջ միտքի, մշակոյթի, մտածողութեան յեղափոխութիւնն է: Ներկայիս հայ մարդը, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, կարիքը ունի իր մէջ մնայուն կերպով վերահաստատելու հաւաքական ազգային արժէքները, տեսլական, իտէալ ունեցող մարդ դառնալու, մտածելու ու գործելու պարտադրուած կաղապարներէ եւ սահմաններէ անդին: Այս բոլորը իրագործելը միտքի ու մտածողութեան համընդհանուր յեղափոխութիւն մը կ՛ենթադրէ այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր փորձ կը  կատարուի հայութեան պարտադրել այնպիսի դրոյթներ, մտածողութիւն եւ հասկացութիւններ, որոնք իրենց ներդրումը չեն ստանար հայ ազգային մտածողութենէն:

Հայութիւնը, հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ, դէմ յանդիման կը գտնուի տարբեր մարտահրաւէրներու, բայց այդ մարտահրաւէրներուն ընդհանուր բնութագիրը մէկն է` նահանջ` երգով թէ առանց երգի: Յանձնուողականութիւն, թուլամորթութիւն, ազգային եւ հոգեւոր արժէքներէ հեռացում, ապամշակութայնացում, թշնամիներու հետ բարեկամութեան բնական նկատում, սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի ահաւոր տեղատուութիւն եւ ետդարձ ազգային օրակարգի բազմաթիւ կենսական թեմաներու առնչութեամբ: Այս բոլոր մարտահրաւէրները, փորձը ցոյց կու տայ, կարելի չէ դիմագրաւել պարագայական զօրաշարժերով կամ շարժումներով: Կարիքը կայ հայ միտքի ընդհանուր շարժի մը, որ կը վերագծէ մեր ազգին առաջնահերթութիւնները եւ նոր հուներ կը բանայ ազգային մտածողութեան առջեւ:

Ազգային մտածողութիւնը մեծապէս խոցելի դարձաւ 9 նոյեմբեր 2020-ի յանձնուողական յայտարարութենէն ետք: Գաղտնիք չէ երբեք, որ այդ թուականէն մինչեւ հիմա տակաւին չէ առաջադրուած ազգային քիչ թէ շատ լուրջ ծրագիր մը, որ կարենար դուրս բերել հայ ազգը իր ներկայ վիճակէն: Ընդհակառակն` մենք կը տեսնենք, որ հայրենիքի մէջ հետզհետէ յաւելեալ հող կը շահի ապազգային ծրագիրը, մեր թշնամիներուն կողմէ պարտադրուած ծրագիրը, որուն կէտերը, ի՛նչ հեգնանք ու զաւեշտ, կը ներկայացուին իբրեւ ձեռքբերումներ հայ ազգին եւ հայոց հայրենիքին համար:

Հետագայ ժամանակաշրջանը փորձութեան շրջան մըն է հայ ազգին եւ հայոց հայրենիքին համար: Մենք կրնա՞նք ամբոխային վիճակէն դուրս գալ ու դառնալ քաղաքական ազգ, մշակութային ազգ: Ամէն ինչ կախում ունի առաջադրուելիք ազգային համընդհանուր ծրագիրէն եւ անոր շուրջ գոյանալիք համախմբումէն: Ազգային համընդհանուր ծրագիր, որ համախմբէ հայրենիքն ու սփիւռքը եւ լուծումներ պարփակէ աշխարհասփիւռ հայութեան խնդիրներուն: Մեր հաւաքական մտածողութեան մէջ խարսխուած պէտք է ըլլայ այն գաղափարը, որ մեզի համար չկայ իրական եւ ոչ իրական Հայաստան: Շինծու հասկացութիւն մը, որ փորձ մը կը կատարուի պարտադրել հայրենաբնակ հայութեան: Մեզի համար կայ ու կը մնայ միայն յաւերժական Հայոց աշխարհը: Բոլոր հայերուն հայեացքներուն եւ տեսլականներուն կիզակէտը: Հայոց աշխարհը, որ հնագոյն ժամանակներէն եղած է հայ ազգին բնօրրանը, հոն ձեւաւորուած են հայութեան ընդհանուր յատկանիշները, հոն վերջնականապէս կազմաւորուած է նաեւ հայոց լեզուն` իբրեւ առանձին եւ ինքնուրոյն ճիւղ հնդեւրոպական լեզուաընտանիքին մէջ:

Նաեւ կարելի չէ ընդունիլ, որ հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին հայութեան մէջ հետզհետէ աւելի ի յայտ կու գան ապամշակութայնացումի դրսեւորումներ: Մենք ապամշակութային, ապակուլտուրական ազգ չենք եւ չենք կրնար ըլլալ: Չենք կրնար հայութիւնը բնորոշել աժան մշակութային երեւոյթներով: Մենք միշտ ալ հպարտացած ենք, որ ունինք բարձր մակարդակի մշակոյթ, գրականութիւն եւ արուեստներ: Իսկ հիմա՞: Հիմա դժբախտաբար հայրենի իշխանութիւններուն մշակութային նախասիրութիւնները ռաբիս երաժշտութեամբ կը ներկայացուին: Վերը արդէն նշեցինք, որ սփիւռքի տարածքին ալ արեւմտահայերէնը հետզհետէ կը վտանգուի, եւ գոյութիւն ունեցող պաշարները, մարդուժը եւ կարողականութիւնները անբաւարար կը թուին արեւմտահայերէնի թաւալգլոր նահանջը կասեցնելու: Թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ անհրաժեշտ է վերականգնել հայ մարդու հպարտութիւնը հայ մշակոյթին, գրականութեան ու լեզուին նկատմամբ, բարձրացնել հայութեան ստեղծած արժէքներուն վերաբերեալ ընդհանուր իմացութիւնը:

Հետեւաբար արմատական յեղափոխութեան կարիքը կայ հայ մարդու մտքին մէջ հայ ազգային արժէքները նորովի վերահաստատելու համար: Արմատական յեղափոխութեան կարիքը կայ հայ քաղաքական կեանքէն ռաբիսը ջնջելու: Արմատական յեղափոխութեան կարիքը կայ հայ ազգը վերամշակութայնացնելու: Արմատական յեղափոխութեան կարիքը կայ ներազգային երկփեղկումի, ատելութեան եւ յանձնուողականութեան դրսեւորումներուն վերջ տալու:

Արմատական այս յեղափոխութիւնը միայն ու միայն մտքի, մշակոյթի եւ մտածողութեան յեղափոխութիւնն է, որ ամբոխային մտածողութեամբ տարուած հայ մարդը պիտի փոխարինէ նոր հայու տիպարով: Քաղաքական յեղափոխութիւնը պիտի չկարենայ այս փոփոխութիւնը կատարել: Քաղաքական որեւէ յեղափոխութիւն շատ-շատ մասնակի լուծումներ պիտի առաջադրէ գոյութիւն ունեցող հարցերուն: Իսկ «Նոր հայու տիպար»-ի ստեղծման գաղափարը նորութիւն չէ հայ իրականութեան մէջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր 136-ամեայ պատմութեան մէջ բազմիցս առաջադրած է այս գաղափարը: Նոր հայու տիպարը` կայսրութիւններու կողմէ ստրկացուած հայու տիպարին փոխարէն: Նոր հայու տիպարը` ցեղասպանուած եւ խեղճացած հայու տիպարին փոխարէն:

ՀՅ Դաշնակցութեան Ծրագիրին եւ գաղափարախօսութեան մէջ ընդհանուր գիծերու մէջ խօսուած է այս բոլոր հարցերուն մասին: Նոր չէ, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր գործունէութեան առանցքային մաս դարձուցած է մշակոյթի միջոցով ազգի մտաւոր մակարդակին բարձրացումը: Եւ այսուհետեւ ալ բացառուած չէ, որ Դաշնակցութիւնը նոյն նախանձախնդրութեամբ շարունակէ իր առաքելութիւնը: Դաշնակցութիւնը իր 136-ամեայ պատմութեան ընթացքին յեղափոխական մտաւորականներու եւ մշակութային գործիչներու փաղանգներ տուած է հայ ազգին: Եւ իր արդէն դարաւոր աւանդներով կրնայ ստեղծել ատաղձը միտքի, մշակոյթի եւ մտածողութեան յեղափոխութիւնը ստեղծել` նախ սկսելով ազգային համընդհանուր ծրագիրէն:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը Պատմական Փառքէն Անդին

RelatedPosts

ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը Պատմական Փառքէն Անդին
Անդրադարձ

ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը Պատմական Փառքէն Անդին

November 27, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Կերտումի Եւ Նուիրումի 136 Տարիներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կերտումի Եւ Նուիրումի 136 Տարիներ

November 27, 2026
Տեսակէտ.  Հիմնադիր Կուսակցութեան Պատասխանատուութիւնը` Պետութեան Կողքին, Ազգային Շահի Պահապան
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դաշնակցութիւնը Սոսկական Կուսակցութիւն Չէ

November 27, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։