Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դաշնակցութեան Գոյատեւման Կարեւորագոյն Պայմաններէն Մէկը Իր Շարքերուն Մէջ Երիտասարդութեան Առկայութիւնն Է», Արամ Սոմունճեան

November 27, 2026
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻԵԼԼԱ ՃԵՀԻԶԵԱՆ

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արամ Սոմունճեանին հետ, որ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան, լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման եւ հայապահպանման մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ` կուսակցութեան աշխատանքներուն մէջ երիտասարդութեան դերակատարութեան եւ մասնակցութեան մասին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- 18-19-րդ դարերու քաղաքական շարժումներէն ազդուելով` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը կերտուեցաւ ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական հիմքերու վրայ: Կուսակցութեան 136 տարիներու ընթացքին ի՞նչ ժառանգութիւն ձգած է այս գաղափարախօսութիւնը:

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ.- Դաշնակցութեան գաղափարախօսութիւնը տարիներու ընթացքին որոշ փոփոխութիւններու ենթարկուած է, սակայն իր հիմնական սկզբունքները կը մնան չորս առանցքներու շուրջ` ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական: Այս 4 առանցքները ձեւաւորուած եւ ընդունուած են ժամանակի ընթացքին` հասնելով մինչեւ 1900-ականներու սկիզբը, եւ դարձած են Դաշնակցութեան գաղափարական հիմքը` կուսակցութեան կազմաւորման եւ հետագայ զարգացման ընթացքին:

Սկզբնական շրջանին Դաշնակցութիւնը հիմնականօրէն կեդրոնացած էր Արեւմտեան Հայաստանի` Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ ապրող հայերու իրաւունքներու վերականգնման եւ անոնց ինքնիշխանութեան ապահովման ճիգերուն վրայ: Սակայն ժամանակի ընթացքին, երբ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը տարածուեցաւ նաեւ Արեւելեան Հայաստանի մէջ, մանաւանդ` 1900-ականներու սկիզբը, որդեգրուեցան նաեւ ժողովրդավարական եւ ընկերվարական հիմունքները:

Իսկ յեղափոխութիւնը Դաշնակցութեան գոյութեան սկզբնական շրջանին եղած է անոր հիմնաքարերէն մէկը, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ծնած էր ճնշուած եւ ստրկացած հայ ժողովուրդը ազատագրելու նպատակով: Յեղափոխութիւնը դարձած էր այդ գաղափարներն ու նպատակները իրականացնելու հիմնական միջոցը:

Գաղափարախօսութիւնը ընդհանրապէս վերացական բնոյթ ունի եւ պէտք է ծառայէ նպատակներու իրականացման: Սակայն ան ինքնին վերացական կը մնայ, եթէ գործնական դաշտի վրայ դրսեւորում չունենայ: Անոր իրականացման համար անհրաժեշտ է ստեղծել համապատասխան պայմաններ եւ գործելակերպեր:

Այսպիսով, Դաշնակցութիւնը իր յեղափոխական ընթացքով մեծ ժառանգութիւն ձգած է իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին: Մինչեւ այսօր տարբեր ժամանակաշրջաններու այդ յեղափոխական դիմագիծը տարբեր ձեւերով արտայայտուած է. սկզբնական շրջանին` Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան պայքարին մէջ, ապա` արեւելահայութեան եւ հայկական հողերու պաշտպանութեան ու ազատագրութեան ընթացքին: Ան իր արտայայտութիւնը գտած է ինքնապաշտպանութեան աշխատանքներուն, Հայաստանի կերտման եւ «Նեմեսիս»-ի գործողութեան մէջ: Այսպիսով, յեղափոխութիւնը շարունակաբար եղած է Դաշնակցութեան նպատակները իրականացնելու միջոցներէն մէկը: Պէտք է նաեւ յիշել, որ յեղափոխութիւնը ունի երկու դիմագիծ: Առաջինը ներքին` անձնական յեղափոխութիւնն է, որ կը վերաբերի անհատին մտածելակերպի եւ գիտակցութեան փոփոխութեան, իսկ երկրորդը արտաքին եւ ուժական յեղափոխութիւնն է, որ կ՛արտայայտուի գործնական պայքարի միջոցով:

Դաշնակցութեան հիմնադրութեան առաջին տարիներուն կուսակցութիւնը տակաւին մեծածաւալ գործնական աշխատանք չէր տարած գետնի վրայ, սակայն աշխատած էր ժողովուրդին մէջ արթնցնելու յեղափոխական կամքը, ազատագրական գիտակցութիւնը եւ թրքական բռնատիրութեան դէմ պայքարի ոգին:

Ինչ կը վերաբերի ազգային դիմագիծին, ան Դաշնակցութեան ամէնէն տեսանելի եւ հիմնական սկզբունքներէն մէկն է: Տարիներու ընթացքին, երբ հայ ժողովուրդը զրկուած էր իբրեւ ազատ ազգ ապրելու իրաւունքէն, ազգային գաղափարը բնականաբար դարձած էր պայքարի կեդրոնական առանցքը: Այս դիմագիծը շարունակուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման ընթացքին եւ անկէ ետք` սփիւռքի մէջ:

Վերջին 100 տարիներուն սփիւռքի մէջ Դաշնակցութեան հիմնական նպատակներէն մէկը եղած է հայը հայ պահել` պահպանելով անոր ազգային ինքնութիւնը: Այս նպատակին ծառայած են` հայկական գաղութներու ստեղծումը, ազգային կառոյցներու զարգացումը եւ հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանումը: Այսպիսով, ազգային դիմագիծը միշտ ներկայ եղած է Դաշնակցութեան գործունէութեան մէջ:

Ժողովրդավարական սկզբունքը Դաշնակցութեան մէջ ունի երկու հիմնական արտայայտութիւն: Առաջինը ներքին ժողովրդավարութիւնն է, քանի որ Դաշնակցութիւնը իր ներքին մարմինները կը կազմէ ժողովրդավար ձեւով` քուէարկութեան եւ ընտրութեան միջոցով: Երկրորդը ժողովրդավարական սկզբունքներու պաշտպանութիւնն է պետական եւ հասարակական կեանքի մէջ:

Այս առումով, պէտք է նշել, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ժամանակ, երբ տակաւին բազմաթիւ եւրոպական երկիրներու մէջ ժողովրդավարութիւնը ամբողջութեամբ հաստատուած չէր, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական սկզբունքները լայն արտայայտութիւն գտան: Օրինակ` 1918-ին Հայաստանի մէջ կիները ունէին քուէարկելու եւ ընտրուելու իրաւունք, մինչ այդ ժամանակաշրջանին եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ կիները տակաւին զրկուած էին այդ իրաւունքէն:

Դաշնակցութեան համար ժողովրդավարութիւնը կը նշանակէր բոլոր քաղաքացիներու իրաւահաւասարութիւն եւ քաղաքական մասնակցութիւն: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ ներկայացուած էին տարբեր կուսակցութիւններ եւ քաղաքական ուժեր, ինչ որ կը վկայէր քաղաքական բազմակարծութեան եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու կարեւորութեան մասին:

Եւ վերջապէս` ընկերվարութիւնը: Հաւանաբար ան Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան ամէնէն քիչ տեսանելի առանցքներէն մէկն է: Սակայն անոր էութիւնը կը կայանայ ստեղծման մէջ այնպիսի  հասարակակարգի մը, ուր անհատը կ՛ունենայ իր ամբողջական իրաւունքներն ու ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ` յառաջդիմելու, ուսանելու եւ զարգանալու բոլոր կարելիութիւնները: Միաժամանակ իւրաքանչիւր անհատ պէտք է ունենայ ապրելու նուազագոյն պայմաններ եւ արժանապատիւ կեանք վարելու կարելիութիւն:

Այս բոլորին ընդմէջէն կը տեսնենք, որ Դաշնակցութեան չորս գաղափարական առանցքները տարբեր ժամանակաշրջաններու տարբեր ձեւերով արտայայտուած են, սակայն անոնց հիմնական նպատակը մնացած է հայ ժողովուրդի ազգային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ազատութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը:

Հ.- Ի՞նչ դեր ունեցած է ՀՅԴ-ն լիբանանահայ համայնքի կազմաւորման ու ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ:

Ա. Ս.-    Դաշնակցութիւնը լիբանանահայ համայնքի ստեղծումէն առաջ է, որ գոյութիւն ունեցած է Լիբանանի մէջ, այդ ալ` 1904-էն սկսեալ, երբ Սիմոն Զաւարեան այցելելով Լիբանան եւ շրջան մը ապրելով Լիբանանի մէջ` հիմնած է Հայ ուսանողական միութիւնը, որ հետագային կոչուած է ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւն:

Բայց անշուշտ, Ցեղասպանութենէն ետք կազմաւորուած է գաղութը, եւ հոս Դաշնակցութեան առաջին պարտականութիւնը եղած է գաղութի հիմնումը եւ գաղութի անվտանգութիւնը, ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ` բարոյական անվտանգութիւնը ապահովելը, այդ ալ` կառուցելով համայնքային կառոյցներ, ինչպէս` դպրոց, ակումբ, մշակութային եւ սկաուտական միութիւններ, եկեղեցի, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններ եւ օգնութեան միութիւններ:

Ուրեմն, Դաշնակցութիւնը նախ ամէն ճիգ թափած է գաղութի կազմաւորման համար, եւ ապա նաեւ` ազգային ինքնութեան պահպանման, որովհետեւ բոլորին ծանօթ է, որ լիբանանահայ գաղութը ամէնէն հայկական դիմագիծ ունեցող գաղութներէն մէկն է, որուն մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ ճիգ չէ խնայած եւ ամէն ինչ ապահոված է, որպէսզի այս գաղութին դիմագիծը մնայ հայկական:

Նաեւ պէտք է նշել, որ Լիբանանի քաղաքական կառուցուածքը եւ համայնքային դրութիւնը թոյլ կու տան, որ մենք պահենք եւ պահպանենք մեր հայկական դիմագիծը: Այս առումով, Դաշնակցութիւնը մեծ դեր խաղացած է եւ տակաւին կը խաղայ` միշտ պահելու համայնքի իրաւունքները, որոնց մէջ նաեւ կ՛իյնայ հայկական դիմագիծ ունենալու մեր առաջնահերթութիւնը:

Նաեւ լիբանանահայ գաղութին մէջ կան հիմնական երկու կեդրոններ` Պուրճ Համուտն ու Այնճարը, որոնք հայկականութեան խօսուն ցուցանիշ են: Այնճարը, որ սփիւռքի միակ հայկական ամբողջական գիւղն է, տակաւին կը մնայ իբրեւ իտէալական վայր, իսկ Պուրճ Համուտը կը նկատուի սփիւռքի սիրտը եւ մայրաքաղաքը:

Ուրեմն այս համայնքի գոյութիւնը, գոյատեւումը եւ կազմաւորումը կը պարտինք Դաշնակցութեան տարիներու աշխատանքին:

Հ.- Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել երիտասարդութեան ներգրաւուածութիւնը ազգի ապագան կերտելու պատասխանատուութեան մէջ: Ի՞նչ է անոր հիմնական դերակատարութիւնը:

Ա. Ս.- Ընդհանրապէս շատեր կը խօսին երիտասարդութեան դեր տալու եւ անոր աշխատանքներու մէջ ներգրաւելու կարեւորութեան մասին: Սակայն Դաշնակցութեան պարագային այս սկզբունքը նորութիւն չէ, այլ ներկայ եղած է կուսակցութեան հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ եւ կը շարունակէ մնալ անոր գործունէութեան կարեւորագոյն հիմքերէն մէկը:

Դաշնակցութեան հիմնադիրները երիտասարդներ էին, որոնք նաեւ իրենց կեանքը զոհեցին երիտասարդ տարիքի: Ասիկա ինքնին կը փաստէ, որ Դաշնակցութիւնը երիտասարդութեան կողմէ հիմնուած, երիտասարդութեան համար կուսակցութիւն մըն է:

Այսօր եւս երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը իրենց ուրոյն տեղը ունին Դաշնակցութեան մէջ` թէ՛ միութենական, թէ՛ կուսակցական աշխատանքներու ծիրէն ներս: Աւելի՛ն. Դաշնակցութեան կառոյցներուն եւ աշխատելաոճին մէջ տեղի ունեցած բազմաթիւ փոփոխութիւններ, նոր գաղափարներ եւ նախաձեռնութիւններ սկիզբ առած են երիտասարդութեան առաջարկներով:

Այս առումով, որպէս օրինակ, կարելի է յիշել «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանը: Երբ Դաշնակցութիւնը տակաւին ռատիոկայան չունէր, նման կառոյց մը ունենալու առաջարկը եկած է երիտասարդութենէն, եւ այդ նախաձեռնութեան շնորհիւ հիմնուած է «Վանայ Ձայն»-ը:

Միւս կողմէ` Դաշնակցութեան երիտասարդութիւնը միշտ եղած է ազգային եւ համազգային պայքարներու առաջնագիծին վրայ: Անոր օրինակներէն է «Դէպի Երկիր»-ը` Հայաստան վերադառնալու կոչը, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ դաշնակցական երիտասարդներուն մասնակցութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարին` մեկնելով Արցախ եւ իրենց ներդրումը բերելով այդ պայքարին:

Հայաստանի անկախացումէն ետք, Արցախի գոյութեան ամբողջ ընթացքին եւ նոյնիսկ այսօր` Արցախի կորուստէն ետք, Դաշնակցութեան երիտասարդութիւնը շարունակած է իր կարելիութիւններուն չափով աջակցիլ Հայաստանի մեր ընկերներուն եւ կառոյցներուն: Այդ նպատակով կազմակերպուած են ամառնային ճամբարներ եւ բազմատեսակ ծրագիրներ` շարունակելու կապը Հայաստանի հետ եւ իրենց ներդրումը ունենալու հայրենիքի կեանքին մէջ:

Այս բոլոր օրինակները կը փաստեն, որ երիտասարդութիւնը Դաշնակցութեան համար պարզապէս ապագայի սերունդը չէ, այլ ներկայ գործուն ուժն է: Դաշնակցութեան մէջ երիտասարդները ոչ միայն կը մասնակցին   աշխատանքներուն, այլ նաեւ կը ստանձնեն պատասխանատուութիւններ, կ՛առաջարկեն նոր գաղափարներ եւ կը կատարեն կառոյցի գործունէութեան կարեւորագոյն աշխատանքները:

Ի վերջոյ, Դաշնակցութեան գոյատեւման կարեւորագոյն պայմաններէն մէկը իր շարքերուն մէջ երիտասարդներ ունենալն է:

 

 

 

Նախորդը

Վեր Կա՛ց Եւ Զա՛րկ

RelatedPosts

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Զաւարեանական

«Արցախի Ժողովուրդին Իրաւունքներու Վերականգնումը Ոչ Միայն Վերադարձի Հարցն Է, Այլ Նաեւ, Ի Վերջոյ, Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Արա Պուլուզեան

November 9, 2026
Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

November 6, 2026
Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի
Զաւարեանական

Ներկան Երիտասարդին Կը Պատկանի

November 6, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։