Ըստ երեւոյթին ֆութպոլի հազուադէպ արկածները աւելի յաճախակի դարձած են վերջերս:
Արդարեւ, Թեներիֆէի յառաջապահ Խեսուս Տէ Միկելի մահէն ետք, քանի մը օր առաջ, Արժանթինի երիտասարդ ֆութպոլիստ մը գլուխէն գնդակի հարուած մը ստանալէ ետք եւ երեք օր հիւանդանոց մնալէ ետք մահացաւ:
18 տարեկան Ապել Նունես, որ կը խաղար Ֆ. Ք. Էսէյսա խումբէն, ուշքը կորսնցուցած էր, երբ մրցակից յետսապահ մը գնդակը հեռացնելու նպատակով հարուածած էր զայն, սակայն գնդակը անոր դէմքին զարնուած էր:
Անոր գանկը կոտրած էր եւ ներքին արիւնահոսութիւն պատճառած: Տեփորթիւօ Մունիսի դէմ մրցումը անմիջապէս դադրած էր:
Խումբին բժիշկը դաշտին մէջ նկատած էր, թէ Նունեսի շնչառութիւնը բնական չէր եւ անմիջապէս հիւանդակառք պահանջած: Նունես ֆութսալի մարզիկ ալ էր եւ կը խաղար Ե. դասակարգի ֆութպոլի խումբին հետ:


