Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին խմբապետ, 2018-ի աշխարհի ախոյեան, բերդապահ Ուկօ Լորիս պատմական բացառիկ նուաճումի հասած է:
Լոս Անճելըսի բերդապահը դարձաւ ֆրանսական ֆութպոլի պատմութեան առաջին ներկայացուցիչը, որ արհեստավարժ մակարդակով անցած է 1000 մրցումներու սահմանը:
39 տարեկան բերդապահի պատմական այս ցուցանիշը «Էմ. Էլ. Էս.»-ի գծով Լոս Անճելըս – Լոս Անճելըս Կալաքսի տերպիի մրցումին (2-2) արձանագրուեցաւ: Ըստ «Լը Ֆիկարօ» եւ «Ֆութ Մերքաթ» պարբերականներուն, Լորիս արդէն իսկ 1001 պաշտօնական մրցումներու թիւին հասած է, այդ մրցումներուն կարգին նկատի չեն առնուած պահեստային խումբերու եւ պատանեկան ու երիտասարդական հաւաքականներուն հետ ունեցած անոր մրցումները:
Ան սկսած է Նիսի հետ, ապա անցած է Լիոն եւ Թոթենհամ, իսկ 2024-էն ի վեր Լոս Անճելըսի մարզիկ է: Ազգային խումբին հետ ան 2008-ին սկսած է ելոյթ ունենալ եւ 2023-ի յունուարին յայտարարած միջազգային ասպարէզի աւարտը:
Այժմ Լորիսի ետին են Քարիմ Պենզեմա (993 ելոյթ), Անթուան Կրիզման (964 ելոյթ) եւ Օլիվիէ Ժիրու (950 ելոյթ):


