Պրազիլի ազգային խումբի պատմական յառաջապահ Ռոմարիօ, որ 1994-ին աշխարհի ախոյեան դարձած էր Պրազիլի հետ, սուր քննադատութեան ենթարկած է «Սելեսաօ»-ի գլխաւոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթին` պահանջելով իտալացի մասնագէտին հրաժարականը: Ռոմարիոյի զայրոյթին պատճառը Պրազիլի ազգային խումբի պարտութիւնն էր վերջերս` Սինկափուրի մէջ, ուր Պրազիլ 3-2 արդիւնքով պարտուած էր Ճափոնէն:
Մրցումի աւարտին Ռոմարիօ ընկերային ցանցերու վրայ քննադատած է Անչելոթթին եւ Պրազիլի ֆետերասիոնի նախագահը:
«Անչելոթթի՛, կը բաւէ այլեւս: Հաւաքէ՛ ամէն ինչ եւ հեռացի՛ր: Ոչ մէկը կասկած ունի քու կարողութիւններուդ: Դուն համաշխարհային ֆութպոլի պատմութեան մեծագոյն մարզիչներէն մէկն ես: Բայց ակմբային մակարդակով: Պրազիլի ազգային խումբին հետ մինչեւ օրս տակաւին յստակ բան մը չտեսանք: Մենք այլեւս չենք դիմանար», նշած է Ռոմարիօ: Խօսքը Պրազիլի ֆետերասիոնի նախագահ Սամիր Խաուտիին ուղղելով ան աւելցուց. «Դուն երիտասարդ ես, պրազիլցի, եւ կը հաւատամ, որ կը ցանկաս մեր ֆութպոլին յաջողութիւնը: Ժամանակն է ապացուցելու, որ համարձակութիւն ունիս որոշում կայացնելու: Կարելի չէ ազգային խումբի մարզաշապիկի հեղինակութեան հետ խաղալ: Մենք արդէն բաւական ամօթալի պահեր ունեցանք եւ չենք կրնար վտանգել ու ձախողիլ յաջորդական մոնտիալներու: Երբ Մոնտիալը վերջանայ, լալը այլեւս իմաստ չունի: Գործելու ժամանակը հիմա է»:
Նշենք, որ Ճափոն 2 կոլ նշանակած էր: Թէեւ Վինիսիուս Ժունիոր 2 կոլ կրցած էր նշանակել եւ հաւասարեցնել արդիւնքը, բայց մրցումի 91-րդ վայրկեանին Ճափոն կոլ մը նշանակած էր, որմէ ետք իրաւարարին որոշումին դէմ բուռն բողոքելու պատճառով վտարուած էին Անչելոթթին ու խմբապետ Ռաֆինիան: Պրազիլցիները կը բողոքէին, թէ իրաւարարը պէտք էր ֆաուլ շնորհէր ի նպաստ Պրազիլի, որմէ ետք գնդակը հասած էր Քովենթրիի միջնապահ Թացուհիրօ Սաքամոթոյի, որ նշանակած էր Ճափոնի յաղթանակի կոլը:
Նշենք, որ Անչելոթթիի գլխաւորութեամբ Պրազիլ 21 մրցումներ կատարած էր եւ կրած իր 5-րդ պարտութիւնը: Մրցումէն ետք Անչելոթթի յայտնած էր, թէ Պրազիլ բաւական լաւ խաղցած է եւ կրցած 2 կոլ ստանալէն ետք վերադառնալ մրցումի մթնոլորտին եւ հաւասարիլ: Նշենք, որ այսօր կէսօրին Պրազիլ պիտի մրցի Սինկափուրի դէմ:


