Լիոնել Մեսսին եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոն իրենց ազգային խումբերուն հետ ելոյթները աւարտեցին վերջերս, բայց ըստ երեւոյթին, երկուքին ազգային խումբերն ալ տակաւին պէտք ունէին անոնց ներկայութեան:
Մեսսի 39 տարեկանին վստահաբար նոյն Մեսսին չէ վերջին տարիներուն, բայց պէտք է ըսել, որ ան տակաւին կը փայլէր իր խմբակիցներուն աշխատանքով:
Ռոնալտօ 41 տարեկանին ֆիզիքականով շատ աւելի լաւ է Մեսսիէն, բայց անոր լքելուն պատճառը ո՛չ տարիքն էր, ո՛չ ալ յոգնութիւնը, այլ ազգային խումբի մարզիչին հետ իր անձնական հարցը:
Եթէ իրականութեան նայինք, Փորթուգալ լաւ խումբեր ունեցած էր 1960-ականներուն օրինակ Էօսեպիոյի օրերուն, 1982-ականներուն Շալանայի օրերուն, կամ Փաուլօ Ֆութրէի կամ աւելի ուշ Ռուի Քոշթայի, Փաուլօ Սուսայի կամ Լոիս Ֆիկոյի եւ Տեքոյի օրերուն: Բայց պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն ետք Փորթուգալ լուրջ թեկնածու սկսած էր ըլլալ եւ վերջին 10 տարիներուն սկսած էր յաղթելու հաւատքը ունենալ 2016-ի Եուրոյի տիտղոսէն ետք:
Ռոնալտօ զգալի է, որ բնաւորութեամբ Մեսսիի նման չէ, զօրաւոր անհատականութիւն ունի եւ վերջին տարիներուն իր խմբակիցներուն վրայ ճնշում կը բանեցնէր աւելի լաւ խաղալու, մինչ Մեսսիի խմբակիցները աւելի կը դիւրացնէին անոր գործը` յարմարելով անոր խաղաոճին:
Օրեր եղան, երբ Փորթուգալի ազգային խումբը սպասուած արդիւնքը չէր տար, որովհետեւ Ռոնալտոյի ներկայութեան իր խմբակիցներէն ոմանք գոհ չէին երկրորդական աստղի դեր ստանձնելու: Այժմ Ռոնալտոն չկայ եւ Փորթուգալ իր առաջին մրցումին 1-4 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Դանիայէն` Պրակայի մէջ:
Փորթուգալ առիթներ ստեղծեց, բայց արդիւնաւէտ չէր, եւ ըստ երեւոյթին Ռոնալտոյի բացակայութիւնը իր ազդեցութիւնը ունէր, եւ Փորթուգալ վերադարձած էր իր նախկին օրերուն, ուր թեկնածու չէր ըլլար: Արժանթինի պարագան ամբողջովին այլ բան է, բայց վստահաբար առանց Մեսսիի Արժանթին կրնայ շարունակել:


