Եւրոպական շարք մը երկիրներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները Հիւսիսային Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ որդեգրեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որ առ երեւոյթ աջակցութիւն կը յայտնէ Հայաստանին, սակայն զայն կարդացողը շուտով կ’անդրադառնայ, թէ իրականութեան մէջ աւելի Ռուսիա-Եւրոպական Միութիւն աշխարհաքաղաքական պայքարին կը վերաբերի, քան` իրապէս Հայաստանին:
Անիկա Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ նախանձախնդրութեան արտայայտութիւն ըլլալէն աւելի Ռուսիոյ նկատմամբ թշնամանքի արտայայտութիւն է: Հայաստանի նկատմամբ անանձնական սիրոյ արտայայտութիւն չէ, այլ` Ռուսիոյ նկատմամբ ատելութեան: Ուստի եւ աւելի Ռուսիոյ մասին է, քան` Հայաստանի:
Արդարեւ, հաղորդագրութեան հեղինակները կ՛ըսեն. «Կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան, գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, կայունութեան, անկախութեան ու դիմակայունութեան», ինչ որ սկիզբը ողջունելի կը թուի, սակայն յաջորդող տողերուն մէջ յստակ կը դառնայ, որ այդ աջակցութիւնը կայ, միայն երբ հարցը կը վերաբերի Ռուսիոյ եւ ոչ թէ` Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ 200 քառ. քմ-ը գրաւած Ազրպէյճանին: Անոնք կ՛ըսեն, թէ Ռուսիոյ` Հայաստանի վրայ քաղաքական ու տնտեսական ճնշումներուն ի պատասխան «քայլեր կը ձեռնարկենք` Հայաստանին կարելիութիւն տալու պաշտպանելու իր գերիշխանութիւնը», սակայն ոչինչ կ՛ընեն, երբ հարցը կը վերաբերի Ազրպէյճանի կողմէ հայկական հողերու բռնագրաւումին` Հայաստանի գերիշխանութեան բացայայտ ու շօշափելի ոտնահարումին:
Հայաստանի գերիշխանութեան նկատմամբ այսպիսի աջակցութիւն մը պարագայական, մասնակի, խոցելի, ուստի եւ ոչ հաւաստի է: Անիկա նաեւ ժամանակաւոր է, որովհետեւ այդ աջակցութեան առիթ տուող պայմաններու չքացումով, այդ շղարշեայ աջակցութիւնն ալ կը չքանայ:
Անոնք կ՛ըսեն, թէ` «պիտի շարունակենք աջակցիլ Հայաստանին տնտեսական գործընկերութիւններու բազմազանացման հարցին մէջ, մասնաւորաբար առեւտուրի եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ` հիմնուելով Եւրոպական Միութեան որոշման վրայ, որով առկախուած են դէպի Եւրոպական Միութիւն արտածուող հայկական ապրանքներու 80 առ հարիւրի նկատմամբ մաքսատուրքերը»:
Այդ աջակցութիւնը շարունակելու յայտարարութիւնը եւս ողջունելի է, սակայն այս պարագային եւս խօսքը ժամանակաւոր ու ոչ երկարատեւ աջակցութեան մասին է, ինչպէս «առկախում» եզրը յստակօրէն ցոյց կու տայ:
Այսօր արդէն ընթացքի մէջ են Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա եռակողմ բանակցութիւններ, եւ կը խօսուի այդ բանակցութիւններուն եւրոպացիներու մասնակցութեան անխուսափելիութեան մասին: Համաձայնութիւն մը, եւ վերջ կը գտնէ հակամարտութիւնը, եւ անոր հետ նաեւ` Հայաստանին տրամադրուող աջակցութեան դրդապատճառը:
Ամբողջ յայտարարութիւնը «ժամանակաւոր»-ի մասին է. բացայայտ կերպով կը նշէ Հայաստանի գերիշխանութեան ու տնտեսութեան աջակցութեան էութիւնն ու ժամանակաւոր բնոյթը: Յայտարարութիւնը ողջունելի կը թուի, սակայն իրականութեան մէջ… ոչ այդքան:



