Պարսելոնա ակումբը յունուարի փոխանցումներու պատուհանի ընթացքին լրջօրէն կը մտածէ պաշտպանողական գիծը զօրացնելու մասին, եւ 7 թեկնածուներ կան այդ դիրքին համար:
Ըստ «Տիարիօ Սփորթ»-ի, Հանզի Ֆլիք կազմած է կարճ ցուցակ մը, որ կ՛ընդգրկէ Ա. Սէ. Միլանի մարզիկ Ֆիքայօ Թոմորին, Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկ Վիթոր Ռէյսը, Արսենալի մարզիկ Փիերօ Հինքափին, Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկ Լիսանտրօ Մարթինեսը, Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիկ Լուքաս Պերալտոն, Չելսիի մարզիկ Ճորել Հաթոն եւ Պայերն Միւնիխի մարզիկ Եոնաթան Թահը:
Պարսելոնա այժմ ունի 4 միլիոն եւրօ, եւ այդ իսկ պատճառով մարզիկ մը պէտք է այլ խումբի փոխանցէ, որպէսզի անհրաժեշտ մատչելի վարձակալութեան կամ շահաբեր փոխանցման գինով կարենայ պաշտպանողական մարզիկ մը ձեռք ձգել:
Կը նշուի, որ քաթալաններու խումբը պիտի փորձէ աշխատավարձով մարզիկ մը ձեռք ձգել, պարզապէս զուտ փոխանցման գին չվճարելու եւ անգամ մը եւս դժուարութիւններու առջեւ չգտնուելու համար:


