Ազգերու լիկայի Եւրոպայի Բ. խմբակի մրցումներուն գծով նոր մարզիչ Եուրկեն Քլոփի հետ Գերմանիոյ տարեշրջանը այդքան ալ լաւ չսկսաւ, եւ այժմ խումբը կը պայքարի Ա. կարգի խումբերուն շարքին մնալու համար:
4 մրցումներու ընթացքին 5 կէտ շահած Գերմանիա, որ վերջին տարիներուն իր նախկին փառքի օրերը չ՛ապրիր, պէտք ունի իր մնացեալ երկու մրցումներուն ալ յաղթանակներ արձանագրելու` պահելու համար իր յոյսերը` քառորդ աւարտականին հասնելու:
Խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւող Նետերլանտներ եւ Յունաստան 8-ական կէտեր ունին եւ Գերմանիոյ յաջորդ մրցակիցներն են:
Պելկրատի մէջ Գերմանիոյ այսօրուան մրցումը դռնփակ տեղի պիտի ունենայ` նկատի ունենալով, որ սերպ համակիրները ցեղապաշտական կանչերու պատճառով կախակայուած են:
Կը կարծուէր, որ Քլոփի նշանակումով Գերմանիոյ արդիւնքները անմիջապէս պիտի բարելաւուէին, բայց իրականութեան մէջ Գերմանիոյ հիմնական հարցերը ոչ միայն մարզիչի հետ կապուած էին, այլեւ կարեւոր էին նաեւ մարզիկներու ընտրութիւնը եւ անոնց նուիրումը:
Այդ պատճառով ալ Քլոփ իր առաջին մրցումներուն 44 մարզիկներ ընտրած էր, որպէսզի վերջնականապէս ինք եւս գիտնայ, թէ այլեւս որո՛ւ պէտք է վստահիլ եւ ո՛ր մարզիկը այսուհետեւ նկատի չառնել:
Այժմ Քլոփ իր վերջին երկու մրցումներուն համար ընտրած է 26 մարզիկներ եւ իրապէս իր ընտրած հիմնական մարզիկներով է, որ պիտի խաղայ` զտելէ ետք լաւագոյնները:
Վերջին անգամ 2014-ին էր, որ Գերմանիա կարեւոր մրցաշարք մը շահած էր, եւ վերջին 12 տարիներուն ո՛չ մոնտիալներուն, ո՛չ ալ Եուրոյի մրցաշարքերուն սպասած արդիւնքները կրցած էր ձեռք ձգել: Եոաքիմ Լովին փոխարինած էին Հանզի Ֆլիք եւ Եուլիան Նակելզման, բայց, ինչպէս նշեցինք, արդիւնքը եղած էր ոչ այդքան ալ յաջող: Եթէ այսօր Սերպիոյ մէջ, իսկ երկուշաբթի օր Պերլինի (Գերմանիա) մէջ 6 կէտ ձեռք չձգէ խումբը, աւելի եւս պիտի դժուարանայ անոր վիճակը:
Սերպիա տակաւին կէտ չունի եւ ըստ երեւոյթին այս ընթացքով պիտի վերադառնայ Բ. կարգին խումբերուն:
Նետերլանտներ սպանացի Չաւի Հեռնանտեսի հետ շատ լաւ ելոյթ կ՛ունենայ, եւ այսօր Յունաստանի դէմ յաղթանակ մը անոր պիտի ապահովէ քառորդ աւարտականի տոմս մը, Գերմանիոյ դէմ մրցումէն առաջ:
Բ. կարգի մրցումներուն Սլովենիա պիտի հիւրընկալէ Զուիցերիան Ա. խմբակին գծով, եւ դրական արդիւնք մը ի նպաստ Զուիցերիոյ արդէն իսկ անոր պիտի ապահովէ Ա. կարգ բարձրանալու կարելիութիւն, նոյնիսկ վերջին մրցումը չկատարած:
Վաղը Ա. կարգի 4-րդ խմբակի մրցումներուն գծով Փորթուգալ պիտի հիւրընկալէ Դանիան: Փորթուգալ 6 կէտերու առաւելութիւն ունի Դանիոյ վրայ եւ արդէն իսկ ապահոված է քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Նոյնիսկ առանց Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի, Փորթուգալ բաւական տաղանդաւոր մարզիկներ ունի եւ կը նկատուի աշխարհի լաւագոյն խումբերէն (այժմ` 5-րդ դիրքի վրայ):
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ազգերու լիկայի Ա. կարգի 5-րդ եւ 6-րդ շաբթուան յայտագիրը.
| ԱՅՍՕՐ | ԺԱՄ |
| Սերպիա – Գերմանիա | 21:45-ին |
| Նետերլանտներ – Յունաստան | 21:45-ին |
| ՎԱՂԸ | |
| Նորվեկիա – Կալես | 19:00-ին |
| Փորթուգալ – Դանիա | 21:45-ին |
| ԿԻՐԱԿԻ ՕՐ | |
| Ֆրանսա – Թուրքիա | 21:45-ին |
| Սպանիա – Անգլիա | 21:45-ին |
| Խրուաթիա – Չեխիա | 21:45-ին |
| Պելճիքա – Իտալիա | 21:45-ին |
| ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ | |
| Գերմանիա – Նետերլանտներ | 21:45-ին |
| Յունաստան – Սերպիա | 21:45-ին |
| ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ | |
| Կալես – Փորթուգալ | 21:45-ին |
| Դանիա – Նորվեկիա | 21:45-ին |


