Հայաստանի Սամպոյի հաւաքականը Թաշքենտի մէջ տեղի ունեցած Սամպոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը աւարտեց երկու մետալներով:
Գէորգ Ազատեան դարձաւ արծաթ մետալակիր, իսկ Եքաթերինա Ժիքալովա պրոնզ մետալակիր ախոյեանութեան վերջին օրուան մրցումներուն:
Մարտական Սամպոյի մինչեւ 79 քկ կշիռի մրցումներուն, Գէորգ Ազատեան 4 յաղթանակներ արձանագրեց յաջորդաբար Ղազախստանի, Մաւրիտանիոյ, Վրաստանի եւ Տաճիկիստանի մրցակիցներուն դէմ: Աւարտականին հայ մարտիկը 3-2 արդիւնքով բաւական դժուար պարտութիւն կրեց ռուս Ասլանբէկ Կոձայեւէն եւ դարձաւ փոխախոյեան:
Աղջկանց մարտական սամպոյի մինչեւ 80 քկ կշիռի մրցումներուն, Եքաթերինա Ժիկալովա յաղթեց Ֆիլիփեան կղզիներու ներկայացուցիչին, բայց կիսաւարտականին պարտուեցաւ Ղազախստանի ներկայացուցիչէն:
Մարզական սամպոյի մինչեւ 71 քկ կշիռի մրցումներուն Արամ Աղաչանեան յաղթեց Սուրիոյ եւ Ազրպէյճանի իր մրցակիցներուն, բայց քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ իր ռուս մրցակիցէն եւ դուրս մնաց:
Մինչեւ 98 քկ կշիռի մրցումներուն Արսէն Հայրապետեան առաջին մրցումէն պարտութիւն կրեց Ազրպէյճանի իր մրցակիցէն եւ դուրս մնաց:
Մարտական սամպոյի 98 քիլոկրամէն աւելի կշիռի մրցումներուն, Մխիթար Թէմուրեան յաղթեց վրացի մարզիկին, ապա պարտութիւն կրեց ֆրանսացի մրցակիցէն եւ դուրս մնաց:


