Հայ բռնցքամարտիկ Սուրէն Կատվալեան Տաքարի մէջ (Սենեկալ) տեղի ունեցող 2026-ի պատանեկան Ողիմպիական խաղերուն ապահովեց առնուազն պրոնզէ մետալ, քառորդ աւարտականին յաղթանակ տանելէ ետք բռնցքամարտի 65 քկ կշիռի մրցումներուն:
Արդարեւ, Սուրէն Կատվալեան, որ կը մրցի եգիպտացի Ֆահտ Ուազիրի դէմ, բաւական կարեւոր եւ դիւրին յաղթանակ մը տարաւ` հիմնական ժամկէտէն առաջ յաղթելով իր մրցակիցին:
Ան այսօր աւարտականի տոմսին համար պիտի մրցի ճափոնցի Քենսին Սաքունոյի դէմ, որ իր կարգին դուրս ձգած էր Տաճիկիստանի իր մրցակիցը:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Դաւիթ Գրիգորեան, թայ քուանտոյի մրցումներուն (55 քկ) իր առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչէն եւ դուրս մնաց:


