Չինաստանի Նինպօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի առաջին մետալը ձեռք ձգեց Եւրոպայի ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Ալեքսանտրա Գրիգորեան` դառնալով Էփոլէ-ժըթէի վարժութեան պրոնզէ մետալակիր: 57 քկ կշիռի աղջկանց մրցումներուն ան արաշէի մրցումներուն 85 քկ կրցաւ բարձրացնել, իսկ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 120 քկ կրցաւ արձանագրել:
Երկամարտի արդիւնքով Ալեքսանտրա Գրիգորեան 4-րդ դիրքը գրաւեց 205 քկ կշիռի արդիւնքով: Տղոց առաջին մասնակիցն էր Եւրոպայի փոխախոյեան Գառնիկ Չոլաքեան: Ան երկամարտի 285 քկ արդիւնքով (130+155) գրաւեց 11-րդ դիրքը:
Պէտք է ըսել, որ աշխարհի ախոյեանութիւնը առաջին զտումի մրցաշարքն է, որուն արդիւնքներուն հիման վրայ մարզիկներ կրնան մասնակցիլ 2028-ի Ողիմպիական խաղերուն:


