Երէկ առաւօտեան ժամերուն, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ (Քալիֆորնիա) Կոլտըն Սթէյթ Վալքիրիզ Չէյս Սենթըրի իր 18 հազար համակիրները ուրախացուց, երբ 64-55 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլանթա Տրիմզը, աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի աւարտական մրցումներու 5-րդ ճակատումին:
Մրցումին աստղն էր Քիահ Սթոքս, որ իր սենթըրի դիրքէն 13 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` շատ լաւ ձեւով պաշտպանելով Աթլանթայի մարզիկներուն դէմ: Վերոնիքա Պըրթըն իր կարգին 13 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` մտնելով «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան էջերը եւ դառնալով միակ կարտ մարզիկը, որ Տիանա Թաուրասիի նման 4 պլոք կը կատարէ աւարտական մրցումի ընթացքին:
Պատմութիւն կրնայ կերտել նաեւ Վալքիրիզ, եթէ կարենայ յաղթել 6-րդ ճակատումին` դառնալով առաջին խումբը, որ իր 2-րդ տարին կը դառնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ախոյեան: 2025-ին հիմնուած ակումբը աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն նոր ակումբն է, որ 1997-ին սկսած է գործել:


