Վերջին անգամ 1993-ին Ափրիկէ հիւրընկալած էր «Ֆորմիւլա 1»-ի կրան փրի մը: Այժմ այդ վիճակը պիտի փոխուի 10 տարուան պայմանագրութեան մը ստորագրութենէն ետք: Հակառակ անոր որ շրջավազքը տակաւին շինուած չէ…
Արդարեւ, Ռուանտա «Էֆ. Այ. Էյ.»-ի հետ պայմանագրութիւն ստորագրեց 2030-ականներու սկիզբը հիւրընկալել կրան փրիի մրցումներ` յաջորդական 10 տարիներու ընթացքին:
Այս նախաձեռնութիւնը մաս պիտի կազմէ «Վիզիթ Ռուանտա» (այցելէ Ռուանտա) զբօսաշրջութեան քաջալերական դաշտավայրին եւ պիտի կոչուի Ափրիկէի կրան փրի: «Ֆորմիւլա 1»-ը վերջին անգամ մրցում ունեցած էր Ափրիկէի մէջ 1993-ին, երբ ֆրանսացի Ալեն Փրոսթ շահած էր Քիալամիի մէջ, Հարաւային Ափրիկէ:
«Յաջորդ տասնամեակին Ռուանտա պիտի աւելնայ մեր օրացոյցին, եւ մեր մարզաձեւը տեղի պիտի ունենայ բոլոր ցամաքամասերուն վրայ` իրար մօտ բերելով «Ֆորմիւլա 1»-ի համակիրները աշխարհի բոլոր շրջաններէն», ըսաւ «Ֆորմիւլա 1»-ի ընդհանուր տնօրէն Սթեֆանօ Տոմենիքալի, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձէր Ափրիկէն աւելցնել մրցումներու օրացոյցին վրայ:
«Ափրիկէն միշտ ալ «Ֆորմիւլա 1»-ի ապագային մաս կը կազմէր եւ մեր այդ ապագայի տեսլականով գտանք մեր ճիշդ գործակիցը, որ երկար ժամանակով պայմանագրւթիւն մը ստորագրեց», աւելցուց ան:
Կրան փրին տեղի ունենայ արեւելեան Ափրիկէի փոքր երկրին` Ռուանտայի Պուկեսիրա շրջանին մէջ, որ կը գտնուի մայրաքաղաք Քիկալիի հարաւը: Միջազգային նոր օդակայանը հոն կառուցուեցաւ: Քաթարի օդանաւային ընկերութիւնը («Քաթար Էրուէյզ») 60 տոկոս գործակիցն է եւ անշուշտ «Ֆորմիւլա 1»-ի գլխաւոր հովանաւորներէն մէկը: Կրան փրիի շրջավազքը պիտ ամբողջանայ 2030-ի սկիզբը եւ պիտի նպաստէ երկրի յառաջդիմութեան` գործի առիթներ ընծայելով, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներու նոր կեդրոն մը դառնալով:
«Ֆորմիւլա 1»-ի միակ մութ գոյնով մորթ ունեցող վարորդը` Լուիս Համիլթըն յայտնեց, որ Ռուանտան իր այցելած երկիրներէն նախասիրածն է, եւ իր երազը իրականացած է: Այժմ 41 տարեկան Համիլթըն դժուար թէ հասնի հոն մրցելու` նկատի ունենալով, որ տակաւին յայտնի չէ, թէ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ մրցումը, եւ անոր յառաջացած տարիքը կասկածելի կը դարձնէ իր մասնակցութիւնը:
Ռուանտա միջազգային գետնի վրայ ճանաչցուեցաւ 1994-ի ցաւալի դէպքերուն պատճառով, երբ Հութու ցեղախումբին մաս կազմող ծայրայեղականներ ջարդած էին թութցիները, Մօտ 800 հազար մարդիկ զոհուեցան 100 օրերու ընթացքին:
Մինչեւ օրս երկրին վիճակը այդքան ալ լաւ չէ, բայց «Ֆորմիւլա 1»-ը պատմականօրէն դժուարութիւն չէ ունեցած մրցումներ կազմակերպելու այսպիսի երկիրներու մէջ, ուր յեղափոխական շարժումներ կան կառավարութիւններու դէմ:


