Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ տարեշրջանը սկսած էր առանց Լըպրոն Ճէյմսի, երէկ արձանագրեց իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը` 132-123 արդիւնքով յաղթելէ ետք Եութա Ճեզին: Լուքա Տոնչիչ 52 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց, եւ եթէ 2 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգէր, թրիփըլ տապըլ կ՛արձանագրէր: Օսթըն Ռիվզ 29 կէտ աւելցուց ի նպաստ Լէյքըրզի, որ աւելի խմբային խաղ սկսած է կիրարկել:
Լըպրոն Ճէյմսի այժմու խումբը Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ իր դաշտին վրայ կրեց տարեշրջանի առաջին պարտութիւնը (3 յաղթանակներէ ետք) եւ 93-106 արդիւնքով պարտուեցաւ Տիթրոյիթ Փիսթընզէն: Քէյտ Քանինկհեմ 26 կէտ, 8 էսիսթ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ 3-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց, մինչ Թայրիս Մեքսի 29 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ֆիլատելֆիայի, իսկ Լըպրոն Ճէյմս 18 կէտ նշանակեց:
Անցեալ տարուան ախոյեան Նիւ Եորք Նիքս իր երրորդ մրցումին կրեց իր 3-րդ պարտութիւնը, այս անգամ Օրլանտօ Մեճիքի դէմ, 102-111 արդիւնքով: Ֆրանց Վակնըր 23 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մեճիքի, մինչ Քարլ – Անթոնի Թաունզ 22 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 117-94 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզին` ձեռք ձգելով իր 3-րդ յաջորդական յաղթանակը, մինչ Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 108-101 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզին, ուր Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, որ 3-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց:


