Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով Ճիշդ Կը Նկատէ «3+3»-ի Յառաջիկայ Հանդիպումը Պաքուի, Իսկ Յաջորդը` Երեւանի Մէջ Կայացնելը

October 17, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիա յարմար կը նկատէ, որ «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը կայանայ Ազրպէյճանի մէջ, լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Ես պիտի յիշատակէի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախաձեռնած ձեւաչափը. ատիկա «3+3» ձեւաչափն է` Ազրպէյճան, Վրաստան, Հայաստան եւ Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան: Մենք քանի մը անգամ հանդիպած ենք, եւ այժմ կը սպասենք, թէ ե՛րբ պիտի համաձայնին Հայաստանն ու Ազրպէյճանը` թէ ո՛վ պիտի հիւրընկալէ այս խումբի արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը», ազրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան համաձայն յայտարարած է Լաւրով` շարունակելով. «Կը կարծեմ` կարելի է յառաջիկայ հանդիպումը կայացնել Ազրպէյճանի մէջ, իսկ յետոյ յաջորդը` Երեւան: Ատիկա ճիշդ պիտի ըլլար»:

Լաւրով յայտնեց, որ այս հարթակը «իրօք համապարփակ է, նուիրուած չէ որեւէ մասնաւոր ծրագիրի, որ նախատեսուած է իրականացնել ընդհանուր շրջանային պարունակէն դուրս, այդ պատճառով ալ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ առաջարկած «3+3» ձեւաչափին մենք գործօն աջակցութիւն կը ցուցաբերենք»:

Յիշեցնենք, որ «3+3»-ը արցախեան 44 օրեայ պատերազմէն ետք Թուրքիոյ նախաձեռնած եւ Ռուսիոյ աջակցութիւնը ստացած շրջանային համագործակցութեան ձեւաչափ մըն է: Անիկա կ՛ենթադրէ հարաւկովկասեան երեք երկիրներու` Վրաստանի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ շրջանի երեք տէրութիւններու` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի մասնակցութիւնը: Վրաստանը յայտարարած է, որ հարթակին չի միանար Ռուսիոյ հետ ունեցած հակասութիւններուն պատճառով:

Այդ ձեւաչափով տեղի ունեցած են երեք հանդիպումներ` Ռուսիոյ, Իրանի եւ վերջինը` 2024-ին, Թուրքիոյ մէջ:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի  Ընկերվարականներու Կուսակցութեան  Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպեցաւ Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղարի Տեղակալին

October 16, 2026
Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս  Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ  Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր  Նախայարձակը` Հայաստանը»
Հայկական

Ալիեւ. «Եւրոպական Խորհրդարանը Մշտապէս Կը Թիրախաւորէր Շարունակուող Յարձակումի Զոհ Դարձած Ազրպէյճանը Եւ Կը Խրախուսէր Նախայարձակը` Հայաստանը»

October 16, 2026
Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի  Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի  Եւրոպական Համարկման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթէլեան Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հայաստանի Եւրոպական Համարկման Գործընթացը

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.