Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուբէն Վարդանեան Դիմած Է Ազրպէյճանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանին

September 29, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի մէջ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան 16 սեպտեմբեր 2026-ին հրապարակային ուղերձ յղած է Ազրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւային, որ աւելի կանուխ  պատրաստակամութիւն յայտնած էր աջակցելու հայ դատապարտեալներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով:

Վարդանեան, որ Հայաստանի 18 այլ քաղաքացիներու հետ կը գտնուի Ումպաքի քրէակատարողական համալիրին մէջ, իր ուղերձին մէջ թուարկած է շարք մը խախտումներ, որոնք նախ եւ առաջ կը հակասեն ինքնին Ազրպէյճանի օրէնսդրութեան:

Ան յղում կատարած է Պատիժներու կատարման օրէնսգիրքին եւ դատապարտեալներու իրաւունքներուն մասին գրքոյկին, զոր այս տարուան ապրիլին Ազրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը տրամադրած է բանտարկեալներուն: Ան ընդգծած է, որ այդ իրաւունքները պէտք է պահպանուին` անկախ մեղադրանքի յօդուածէն, ազգութենէն, կրօնական պատկանելիութենէն եւ քաղաքացիութենէն:

Վարդանեանի բարձրացուցած հարցերուն կարգին են բանտարկեալներուն մէկ մասին համար շաբաթական դրութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու բացակայութիւնը եւ տեսազանգերու անհասանելիութիւնը, որուն պատճառով անոնցմէ ոմանք գրեթէ երեք տարի է չեն տեսած իրենց զաւակները: Ան յիշած է նաեւ սեփական միջոցներով բժշկական քննութիւններու անկարելիութիւնը, նոտարական ծառայութիւններու մերժման պատճառով հարազատներուն անունով լիազօրագիր ձեւակերպելու անկարելիութիւնը, ֆիզիքական վարժութիւններու սահմանափակումը շաբաթական մէկ անգամ` 20-40 վայրկեան` օրական սահմանուած մէկ ժամի փոխարէն, ինչպէս նաեւ դիմումներուն եւ բողոքներուն գրաւոր պատասխաններու բացակայութիւնը:

Վարդանեան յատուկ կերպով անդրադարձած է այն հանգամանքին, որ Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութեան դադրեցումէն ետք բանտարկեալները զրկուած են ընտանիքներուն հետ կապի կարեւոր ուղիէն, անոնց մեծ մասը ծանրոցներ չի ստանար: Ան նաեւ շեշտած է, որ շատեր նոյնիսկ առիթ չունին բանտային խանութէն սննդամթերք գնելու եւ հեռաձայններ կատարելու, որովհետեւ միջոցներ չունին:

Ան յիշեցուցած է նաեւ նախաձեռնութեան մասին իր կնոջ` Վերոնիքա Զոնապենտի, որ պատրաստ է մեկնիլ Պաքու, հանդիպում ունենալ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին եւ Հայաստանի դատապարտուած քաղաքացիներուն հետ, անոնց փոխանցել մօտ հազար նամակ, ծանրոցներ եւ անհրաժեշտ իրեր: Անոր դիմումները մնացած են անպատասխան, իսկ այլընտրանքային լուծում չէ առաջարկուած:

Վարդանեան առաջարկած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հանդիպում ունենալ բանտարկեալներուն հետ` աւելցնելով. «Կարեւոր չէ, թէ տակաւին որքան ժամանակ կ՛անցընենք Ումպաքիի մէջ: Կը խնդրեմ  հետեւեցէ՛ք ձեր իսկ օրէնքներուն», շեշտած է ան:

Նախորդը

Կիւլեր. «Յոյս Ունինք, Որ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Խաղաղութեան Պիտի Հասնին»

Յաջորդը

Հայաստանը Եւ Իրանը Քննարկեցին Բեռնափոխադրութեան Ոլորտին Մէջ Առկայ Հարցերը

RelatedPosts

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու  Պարագային Հայաստան  Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»
Հայկական

Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Պարագային Հայաստան Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»

November 13, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.