Սեպտեմբեր ամիսը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ ազգային կամքի ամիսն է: 1991-ի սեպտեմբեր 2-ին Արցախի ժողովուրդը` քաղաքական եւ իրաւական միջոցներով, յայտարարեց իր ազգային կամքն ու ինքնորոշման ձգտումը: Հանրաքուէի ճամբով եւ սեփական պետականութիւն կառուցելու քայլերով ան հրապարակաւ արձանագրեց իր որոշումը, իսկ օրուան հռչակագիրը այդ որոշումին իրաւական հիմքը դարձաւ` վկայելով, որ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը կարելի չէ խլել իրմէ:
Երեք շաբաթ ետք` սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի ժողովուրդը համաժողովրդական հանրաքուէով գրեթէ միաձայն արտայայտուեցաւ անկախութեան օգտին` վերականգնելով 1918-ի մայիս 28-ով սկիզբ առած անկախ պետականութեան աւանդը: Այս տարի երկու թուականներն ալ կը բոլորեն իրենց 35-ամեակը: Անոնք իրարմէ անջատ իրադարձութիւններ չեն, այլ նոյն ազգային զարթօնքին երկու երեսները` ժողովուրդ մը, որ Արցախէն մինչեւ Երեւան միասնաբար որոշեց ազատ ու տէր ըլլալ իր հողին եւ ապագային:
Այսօր սեպտեմբեր 2-ը կը յիշուի բոլորովին այլ պայմաններու մէջ. Արցախը հայաթափուած է, ժողովուրդը` տեղահանուած, պետական կառոյցները` գրէթէ լուծարուած, մշակութային ժառանգութիւնը` անէացման սպառնալիքի տակ, իսկ հայկական քաղաքական որոշ շրջանակներ այս իրականութիւնը կը փորձեն ներկայացնել իբրեւ թշնամիին իրաւունքն ու արդար քայլը, ուր բռնագաղթն ու ցեղային զտումը կը ծածկուին «խաղաղութեան» անուան տակ, թշնամիին հետ բարեկամանալը քաղաքական իրատեսութիւն չէ, այլ այդ մէկը կը նշանակէ հրաժարիլ արժանապատուութենէ ու իրաւունքէ եւ խոնարհիլ ցեղասպան թշնամիին դիմաց:
Նոյն իրականութեան լոյսին տակ սեպտեմբեր 21-ը եւս պէտք է դադրի միայն տօնական արարողութիւն մը ըլլալէ: Անկախութիւնը տրուած պարգեւ մը չէ, այլ` ամէն օր պաշտպանուելիք ու ամրապնդուելիք պատասխանատուութիւն: Արցախի կորուստը ցոյց տուաւ, որ անկախ պետականութիւնը` առանց ապահովութեան, առանց ազգային միասնականութեան ու առանց յստակ տեսլականի, կրնայ խոցելի դառնալ: Երբ սահմանները կը դառնան սակարկութեան առարկայ, իսկ զիջումները կը ներկայացուին իբրեւ ձեռքբերում, այսպիսով վտանգուած է ոչ միայն Արցախի տեսլականը, այլեւ` Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու ապագան: Արցախն ու Հայաստանը միշտ ալ եղած են նոյն պայքարին մասնիկները, եւ մէկուն կորուստը միւսին համար նախազգուշացում է:
Հայ ժողովուրդը իրաւունք չունի հրաժարելու իր պատմական յիշողութենէն, որովհետեւ ժողովուրդ մը, որ իր զոհերուն արիւնը կը մոռնայ, կը դատապարտուի նոր զիջումներու: Ուստի անհրաժեշտ է ստեղծել համազգային ճակատ` Հայաստանի անկախութեան ու արցախեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: ՀՅԴ ԼԵՄ-ը հայ երիտասարդութեան կոչ կ՛ուղղէ համախմբուելու` իբրեւ կազմակերպուած ու պահանջատէր ուժ, որ Արցախի հարցը կը պահէ օրակարգի վրայ` պաշտպանելով վերադարձի ու ինքնորոշման իրաւունքը, ռազմագերիներու ազատութիւնը եւ մեր մշակութային ժառանգութիւնը: Սեպտեմբեր 2-ի եւ 21-ի 35-ամեակին մեր տեսլականն է կերտել հզօր, արժանապատիւ, անկախ ու միացեալ Հայաստան մը:


