Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինը այս տարի եւս ուսուցչաց տօնին որպէս աւանդութիւն կազմակերպեց միօրեայ համագումար մը, «Մարիա Փօլի» համագումարի կեդրոնին մէջ, շաբաթ, 8 ապրիլ 2011-ին: Համագումարը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա առաւօտեան յատուկ աղօթքներով, որոնց ընթացքին երգուեցաւ «Առաւօտ լուսոյ» եւ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ» աղօթքները: Հոգեպարար այս արարողութենէն ետք Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան կատարեց բացման խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչին զոհողութեան եւ նուիրումին` շեշտելով, որ միայն հաւատքով կատարուած գործը կ՛արգասաւորուի: Ան ըսաւ, որ այսօր հոսանքները շատ զօրաւոր են, հետեւաբար մենք մեր հաւատքով ամուր պարիսպ պէտք է ըլլանք այդ հոսանքներուն դէմ: Ան շարունակեց. «Այս հանդիպումները միայն համագումար չեն, այլ նաեւ հոգեւոր մեր կեանքը աւելիով ամրապնդելու առիթներ»: Քահանայ հայրը կոչ ուղղեց բոլոր կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներուն, որ ծառայեն անդադար եւ անպայման վարձատրութիւն պիտի գտնեն Աստուծմէ: Տ. Սարգիսը շնորհաւորեց կիրակնօրեայ վարժարաններուն բոլոր ուսուցիչները իրենց տօնին առիթով` գնահատելով անոնց անձնուիրումը եւ ծառայութեան ոգին:
Բացումին յաջորդեց դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց Կարօ Յովհաննէսեանը` նիւթ ունենալով «Աղօթքին կարեւորութիւնը մարդուն կեանքին մէջ»: Կ. Յովհաննէսեան նախ կենդանի վկայութիւններ տուաւ իր կեանքէն` ցոյց տալու համար ուսուցիչներուն հաւատքի եւ աղօթքի կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ: Ան մեծ գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ ինք մանկութեան կիրակնօրեայ դպրոց յաճախած է ինչ որ դրական հետք ձգած է իր կեանքին վրայ: Դասախօսը աղօթքի մասին մէջբերումներ կատարեց աւետարանէն` շեշտը դնելով յարատեւ աղօթքի կարեւորութեան վրայ, ապա կոչ ուղղեց բոլոր ուսուցիչներուն` ըսելով.
«Սիրելի՛ ուսուցիչներ, ամէն օր պէտք է ժամանակ տրամադրէք աղօթքի եւ չծուլանաք ըսելով ժամանակ չեղաւ, որովհետեւ աղօթքը կարեւոր է մեր հոգեւոր դաստիարակութեան համար»:
Իր խօսքին աւարտին Կ. Յովհաննէսեան գնահատեց աշխատանքը բոլոր կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչներուն ու վարչութեան, որոնք օրէ օր աւելի նոր եւ արդիական միջոցներով կը զարգացնեն կիրակնօրեայ վարժարաններու ծրագիրը:
Դասախօսութենէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ Ս. Գիրքի սերտողութիւն, ապա շարականի ուսուցում, որմէ ետք կատարուեցաւ նոր ծրագրի աշխատանքը, որ պատրաստուած էր Ներսէս եւ Սիւզան Օհանեաններու կողմէն: Աշխատանքը կ՛ընդգրկէ սաղմոսներ եւ աղօթքներ, որոնք համակարգիչով պատրաստուած են յատուկ պատկերներով եւ գոյներով մանկավարժական նոր մեթոտներով, եւ որոնք յետ այսու ցուցադրուելով պիտի ուսուցուին աշակերտներուն: Յիշենք, որ այս տարեշրջանին թեմիս բոլոր կիրակնօրեայ դպրոցներու դասաւանդութիւնները կը կատարուին փրոճեքթըրով եւ համակարգիչով: Այս մէկը աւելի մատչելի եւ հետաքրքրական եղաւ աշակերտներուն:
Կէսօրուան ճաշէն անմիջապէս ետք տեղի ունեցաւ նոր ծրագիրներու եւ յայտագիրներու ներկայացման երկրորդ բաժինը: Յատուկ ծրագրով պատրաստուած 10 շարականներ իրենց եղանակներով որ նուագուած են եւ գարաօգէ եղած դարձեալ փրոճեքթըրով պիտի ուսուցուին միատեսակ կերպով բոլոր կիրակնօրեաներուն մէջ: Սոյն աշխատանքի պատրաստութիւնը կատարեց Զաւէն Ստեփանեան:
Նախքան համագումարի փակումը կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցիչները միասնաբար տօնեցին ուսուցչաց տօնը, եւ այս առիթով ուսուցիչներէն ամէնէն երէցը եւ ամէնէն փոքրը միասնաբար հատեցին կարկանդակը, որմէ ետք յատուկ նուէրներ բաժնուեցան ներկաներուն` պատրաստուած վարիչ մարմնին կողմէ, ապա իւրաքանչիւր ուսուցիչ իր սրտաբուխ խօսքը փոխանցեց վարչութեան: Կիրակնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչները զիրար շնորհաւորելէ ետք գոհունակ սրտերով վերադարձան իրենց տուները: Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ պատասխանատուն Սարգիս քհնյ. Սարգիսեանը բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին կիրակնօրեայ վարժարաններուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած հայրական խնամքին համար:


